Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ Լիբանանի գեղեցկութեան թագուհի Սանտի Թապեթի ներկայութեամբ երեքշաբթի, 10 յունուար 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ Պուրճ Համուտի հայկական վարժարաններէն աշակերտներ խանդավառ մթնոլորտի մէջ ստացան Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով նուէրներ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբի ատենապետ Քրիստին Սարգիսեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը սիրոյ, նուիրումի եւ ներողամտութեան խորհրդանիշ է: Ան հաստատեց. «Ծննդեան տօնը չի սահմանափակուիր մէկ օրով, այլ տարուան ընթացքին անոր խորհուրդը կ՛արտացոլայ տարբեր բնոյթի նախաձեռնութիւններու եւ ծրագիրներու ընդմէջէն: Այսօր Լիբանանի գեղեցկութեան թագուհիին կը մարմնաւորէ այդ գեղեցիկ օրերէն մէկը»:
Ք. Սարգիսեան ընկերային յանձնախումբի եւ բոլոր փոքրիկներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց գեղեցկութեան թագուհին, որ իր այցելութեամբ ուրախութիւն եւ ժպիտ գծեց բոլորին դէմքերուն վրայ. ապա ան մաղթեց, որ գեղեցկութեան թագուհին շարունակէ իր բարեգործական աշխատանքները: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Լիբանանը նուիրումի, սիրոյ եւ հիւրընկալութեան խորհրդանիշ է, իսկ գեղեցկութեան թագուհի Սանտի Թապեթ լաւագոյնս մարմնաւորեց այս բոլորը իր այցելութեամբ ու բարի գործերով»:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի 2016 տարեշրջանի գեղեցկութեան թագուհի Սանտի Թապեթ: Ան իր գոհունակութիւնը եւ անսահման ուրախութիւնը յայտնեց առաջին անգամ ըլլալով վայելելու Պուրճ Համուտի հայ աշակերտներուն հրճուանքը Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով: Սանտի Թապեթ շնորհակալութիւն յատնեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակած են գեղեցիկ նախաձեռնութեան յաջողութեան: Ան մաղթեց, որ Նոր տարին եւ Ս. Ծննդեան տօնը բարին բերեն բոլորին, ու ժպիտը անպակաս մնայ բոլորի դէմքէն: Ապա իր խօսքը ուղղելով աշակերտութեան ըսաւ. «Դուք մեր ապագան էք: Մենք լաւագոյն պատկերը ձեր մէջ պիտի տեսնենք: Վստահ ենք, որ դուք մեր սիրելի Լիբանանի անունը միշտ բարձր պիտի պահէք: Ուրախ մնացէ՛ք ու միշտ ժպտացէ՛ք»:
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Շամլեան-Թաթիկեան, Ս. Խանամիրեան եւ Աքսոր Գասարճեան դպրոցներու աշակերտները, որոնք ներկայացուցին Ծնունդի երգեր եւ արտասանութիւններ:
Խօսք առաւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ ուրախութեամբ ողջունեց Լիբանանի գեղեցկութեան թագուհիին առաջին այցելութիւնը Պուրճ Համուտ: Նախարար Կիտանեան ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս գեղեցկութեան թագուհի Սանտի Թապեթին տարուան առաջին օրերուն առաջարկած էր հայ աշակերտները ուրախացնել Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով: Ան բարձր գնահատեց Սանտի Թապեթի բարեսիրական ծրագիրները, անոր անկեղծութիւնն ու համեստութիւնը եւ մանաւանդ ճիգը` ուրախութեամբ լեցնելու բոլորին սրտերը: Իր խօսքի աւարտին Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ճիգ չխնայեցին հայ աշակերտներուն հրճուանք պարգեւող գեղեցիկ օրուան կազմակերպման համար:
Յաջորդաբար Սրբուհի Ագնէս, Սուրէն Խանամիրեան, Մեսրոպեան, Աբգարեան, Թորոսեան, Շամլեան-Թաթիկեան, Թէքէեան, Աքսոր Գասարճեան, Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարաններէն, ինչպէս նաեւ «Գարակէօզեան» հաստատութենէն աշակերտներ խանդավառութեամբ մօտեցան եւ ստացան իրենց նուէրները: