Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Լիբանանի Թեմի Ազգային Վարչութեան Այցելութիւնը Վեհափառ Հայրապետին

19 փետրուար 2018-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի թեմի Ազգային վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ թեմակալ առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին: Թեմին Ազգային վարչութիւնը մայրավանք եկած էր Լիբանանի հայ դպրոցներուն յառաջիկային դիմագրաւելիք նիւթական դժուարութիւններու նկատմամբ խորհրդակցելու վեհափառ հայրապետին հետ ու անոր թելադրութիւնները լսելու:

Յայտնենք, որ Լիբանանի կառավարութեան որոշումով ուսուցիչներու ամսականի զգալի յաւելումը բնականաբար իր լուրջ անդրադարձը պիտի ունենայ բոլոր դպրոցներու պիւտճէին եւ յատկապէս կրթաթոշակներուն վրայ:

Վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Ազգային  վարչութեան ցուցաբերած խոր նախանձախնդրութեան ու լուրջ մտահոգութեան գծով` շեշտելով ամէն գնով հայ դպրոցը կանգուն պահելու հրամայականը: Արամ Ա. կաթողիկոս ընդգծեց հաւաքական պատասխանատուութեամբ ու ճիգով համայնքային նման դժուարութիւն մը յաղթահարելու կարեւորութիւնը: Ան ըսաւ, թէ Ազգային առաջնորդարանը, մեր կառոյցները, ծնողները, ունեւոր ազգայինները կարեւոր դեր ունին հայ դպրոցին առաքելութիւնը անվթար պահելու իմաստով, որովհետեւ հայ դպրոցին ճամբով է, որ մեր ազգային արժէքներն ու սրբութիւնները կը պահենք ամուր, մեր ինքնութիւնը կը պահենք զօրեղ եւ մեր համայնքային հայկականութիւնը` առողջ:

Հանդիպումը նաեւ առիթ մը հանդիսացաւ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարելու Լիբանանի գաղութը յուզող հարցերու եւ երեւոյթներու: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը վեր առաւ Լիբանանի հայութեան առանցքային տեղն ու դերը սփիւռքի հայութեան կեանքին մէջ: