Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վերամուտի Սուրբ Պատարագ Եւ Հոգեհանգիստ

Օրհնութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին, Կիրակնօրեայ դպրոցներու վերամուտին առիթով, կիրակի, 13 հոկտեմբեր 2019-ին Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ, որ մատուցեց Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ-պատասխանատու Սարգիս Ա. քհնՅ. Սարգիսեան:

Սուրբ պատարագին ներկայ էին Լիբանանի թեմի Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինի անդամները, տեսչական եւ ուսուցչական կազմերը, ինչպէս նաեւ` տիկնանց յանձնախումբի անդամները:

Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ Արքեպիսկոպոս տուաւ իր հայրական պատգամը`  «Հո՛ն, ուր երկու կամ երեք հոգի կը հաւաքուին իմ անունովս, ես հոն անոնց միջեւ եմ» բնաբանով:  Սրբազան Հայրը փառք տուաւ Աստուծոյ այս օրուան համար, եւ ապա գնահատեց Կիրակնօրեայ դպրոցներու օրհնեալ աշխատանքը` անդրադառնալով երեք կէտերու.

ա.- Քրիստոս մեզի կը յիշեցնէ, որ քանի մը անձեր քով-քովի գալով` կը բազմանան որակով եւ ո՛չ թէ թիւով:

բ.- Քրիստոս յստակօրէն կ՛ընդգծէ, որ քանի մը հոգիներու հաւաքը սովորական հաւաք չէ: Երբ մենք կը հաւաքուինք նոյնինքն Քրիստոսի անունով, Քրիստոս մեզ իրեն կը բերէ, կը հաւաքէ եւ կը համախմբէ: Երբ կը հաւաքուինք Քրիստոսի անունով, Քրիստոս կը զօրացնէ մեզ, եւ Քրիստոսով զօրանալով` մենք հաղորդակցութեան մէջ կը մտնենք մեր սուրբերուն, նահատակներուն եւ հերոսներուն հետ:

գ. Քրիստոս մեզ կ՛առաջնորդէ իր ներկայութեամբ, երբ կ՛ըսէ` «Ես ձեր միջեւ եմ»: Քրիստոսի ներկայութիւնը, մեր մէջ մանաւանդ եւ` մեր նոր սերունդի զաւակներուն մէջ, որոնք Կիրակնօրեայ դպրոցներու մէջ կը ստանան ազգային, հոգեւոր եւ բարոյական ամբողջական դաստիարակութիւն, կը վստահեցնեն մեզ` որպէս ֆիզիքական եւ հոգեւոր ծնողք, թէ Կիրակնօրեայ դպրոցէն անցնող հայորդին որպէս ամբողջական հայ քրիստոնեայ պիտի ապրի կեանքը եւ պիտի ստանձնէ իրմէ ակնկալուած բոլոր պատասխանատուութիւնները` մեր հաւաքական կեանքին մէջ:

Ապա Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ եկեղեցւոյ մէջ  ծառայող աշխարհական թէ հոգեւորական պատասխանատուներու մեծամասնութիւնը Կիրակնօրեայ դպրոցին մաս կազմած է, որ անհատներու նկարագրին մէջ անջնջելի եւ դրական յատկանիշներ ամրապնդած է:

Եզրակացնելով իր խօսքը` Նարեկ Արքեպիսկոպոս ըսաւ. «Եկեղեցին Աստուծոյ եւ ազգին տունն է, եւ մեր տան մէջ գտնուիլը բնական երեւոյթ մըն է, եւ այդ երեւոյթը կեանքի պէտք է վերածենք, որպէսզի Քրիստոս ժողովուրդին ամբողջութիւնը տեսնէ` որպէս մէկ հայ քրիստոնէական մարմին եւ մեզի  ըսէ. «Երանի այն ժողովուրդին, որ իբրեւ մէկ ընտանիք` իմ անունովս կը հաւաքուի. ես ձեզի հետ եմ եւ պիտի առաջնորդեմ երկրաւոր կեանքէն երկնաւոր կեանք` այսօր, միշտ եւ յաւիտեան»:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգիստ` Կիրակնօրեայ դպրոցներու մէջ ծառայած եւ ի Տէր հանգչած բոլոր ննջեցեալներու հոգիներուն համար:

Ապա եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր եւ «Կարօ Գոնեալեան» սրահին մէջ` սիրոյ սեղան, որուն ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: