Կիրակի, 16 հոկտեմբեր 2016-ին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ` Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտին առիթով: Պատարագեց Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Պատարագին ներկայ գտնուեցան Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինը, տեսուչներն ու ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ ծառայած ննջեցեալներու ընտանիքները:
Արարողութեան նախագահեց եւ քարոզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Արտաւազդ աբղյ. Շարոյեան: Հայր սուրբին քարոզին բնաբանն էր Յովհաննէսի աւետարանէն հետեւեալ համարը. «Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը: Միայն ինձմով կարելի է Հօրս երթալ»: Ան յայտնեց որ Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին երբ կ՛ուսուցանէր, զինք լսողներուն վստահեցուց, թէ այն անձը, որ Քրիստոսը չունի իր կեանքի ընթացքին, իր ծրագիրները կրնան յաջողութեամբ չպսակուիլ: Քրիստոս կ՛ուզէր մարդուն ապահովութիւն եւ երջանկութիւն պարգեւել` ցոյց տալով իրեն այն ուղին, որ կ՛առաջնորդէ դէպի յաւիտենականութիւն: Արտաւազդ աբեղան անդրադարձաւ այն կէտերուն, որոնք կրնան ապրեցնել Քրիստոսը մեր կեանքին մէջ.-
Ա.- Քրիստոս ինք է Ճամբան: Ան ցաւ յայտնեց, որ մեր կեանքի ընթացքին շատ քիչ անգամ կը մտածենք մեր հոգիները փրկելու մասին եւ քիչ ժամանակ կ՛անցընենք Աստուծոյ հետ: Մենք հրաւիրուած ենք ապրելու այնպիսի կեանք մը, ուր Քրիստոս ինք այդտեղ կը թագաւորէ:
Բ.- Միայն Քրիստոսով կարելի է փրկուիլ: Նկատի ունենալով, որ քրիստոնէութիւնը հաւատքի վրայ հաստատուած կրօն մըն է, հաւատքը պայմանական կը սեպուի: Աստուածաշունչին մէջ կը հանդիպինք դրուագներու, ուր Քրիստոս զինք դիմողներուն կը հարցնէ, թէ` «կը հաւատա՞ս»` առաւել շեշտելով հաւատքին պայմանականութիւնը:
Արտաւազդ աբղյ. Շարոյեան անդրադառնալով կիրակնօրեայ դպրոցներու վերամուտին` կոչ ուղղեց ծնողներուն, որ իրենց զաւակները վստահին կիրակնօրեայ դպրոցներուն, որպէսզի անոնք մեծնան քրիստոնէական շունչով:
Ս. պատարագի աւարտին բոլոր ուսուցիչները Ս. Հաղորդութիւն ստացան, ապա տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ կիրակնօրեայ վարժարաններուն մէջ ծառայած ննջեցեալներու հոգիներուն համար:
Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ աշխատանքային պահ եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Նախ կատարուեցաւ աղօթասացութիւն: Ապա Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինի անդամ Ժանին Մարգարեան կատարեց Ս. Գիրքի սերտողութիւն Պօղոս առաքեալի նամակէն, ուղղուած` Եփեսացիներուն (6:5 -9): Ան յայտնեց, որ այս նամակին նպատակն էր` ա. Իւրաքանչիւր գործի մէջ Քրիստոսը տեսնել եւ հիմնուելով անոր վրայ որեւէ աշխատանք կատարել: բ. Մեր յարաբերութիւնը Քրիստոսի հետ կը հետապնդէ երկինքի արքայութեան արժանանալը: Ան եզրափակեց այն միտքով, թէ մեր կեանքի նպատակը Քրիստոսը տեսնել է եւ մեր յարաբերութիւնը Քրիստոսի հետ առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ:
Ճաշի դադարէն ետք Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան ներկայացուց դասախօսութիւն մը, որուն նիւթն էր «Կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչին յատկութիւնները»: Ան երեք յատկութիւններ թուեց ուսուցիչին մասին` հոգեւոր, ընկերային, ուսում:
Հոգեւորին մէջ կը կայանայ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը, Աստուածաշունչի ընթերցման կարեւորութիւնը, աղօթքը եւ հոգեւոր ձեռնարկներու մասնակցութիւնը:
Ընկերային յատկութիւններն են` ուսուցիչ – աշակերտ փոխյարաբերութիւնը, հաւաքական կեանքի մասնակցութիւնը եւ պարտաւորութեան եւ մասնակցութեան գիտակցութիւնը:
Իսկ ուսման յատկութիւններն են` յարատեւ սերտողութիւնը եւ ինքնազարգացումը:
Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտի ուսուցչական այս հաւաքը փակուեցաւ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանի պահպանիչ աղօթքով: