Չորեքշաբթի, 5 սեպտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ազգային Միացեալ վարժարան այցելեց Լիբանանի հայոց նորընտիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս` մօտէն ծանօթանալու վարժարանի կառոյցին եւ գործունէութեան: Այցելութեան սկզբնաւորութեան Առաջնորդ Սրբազանը շրջագայեցաւ եւ բաժանմունքներուն մասին տեղեկութիւններ ստացաւ վարժարանի կրթական պատասխանատու Գրիգոր Էքմեքճեանէն եւ վարչական պատասխանատու Նելլի Վէքիլեանէն:
Ապա տեսչարանին մէջ Սրբազան Հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը` Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեան, Ազգային Միացեալ վարժարանին մօտ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ տոքթ. Էլի Թաշճեան եւ Ազգային առաջնորդարանի տնօրէն Րաֆֆի Տեմիրճեան վարժարանի տնօրէն խորհուրդին հետ ունեցան աշխատանքային հանդիպում մը: Սրբազան Հայրը ստացաւ համապատասխան տեղեկութիւններ եւ խոստացաւ պարբերական դրութեամբ հետեւիլ վարժարանի աշխատանքներուն` նպաստելով անոր զարգացման ճիգերուն: Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ 2018-2019 կրթական տարեշրջանը Ազգային Միացեալ վարժարանին համար ըլլայ ինքնահաստատման եւ բեղուն գործունէութեան փուլ մը, որուն յաջողութեան մէջ կրթական պատասխանատուներուն եւ ուսուցիչներուն կողքին մեծ դեր ունին ծնողները:
Հինգշաբթի, 6 սեպտեմբերին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարան, ուր հանդիպումը կայացաւ տնօրէն խորհուրդի անդամներ Անի Բագրատունիի, Սրբուհի Ճենանեանի եւ Սեդա Պոյաճեանի հետ: Աշխատանքային հաւաքին խորհուրդի անդամները ներկայացուցին վերամուտի նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը:
Սրբազանը յայտնեց, որ հայ դպրոցը լիբանանահայութեան գոյապահպանման մէջ ունի իր խիստ կենսական դերը, որուն աշխատանքը կ՛արժեւորուի եւ կ՛արդիւնաւորուի հաւաքական, ազգային ու անշահախնդիր մօտեցումներով: Այցելութեան աւարտին Սրբազանը նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ վարժարաններու ուսուցիչներուն հետ: Հաւաքին Առաջնորդ Սրբազանը հաստատեց, որ հայ ուսուցիչը պաշտօնեայ չէ, այլ` առաքեալ, որ սերունդներու պատրաստութեան մէջ ունի սրբազան պարտականութիւն: