Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի ընթացիկ շրջանի Գ. նիստը տեղի ունեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 15 նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան անդամներուն, Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն:
Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան բացուած յայտարարեց ժողովը: Սրբազան Հօր բացման աղօթքէն ետք տեղի ունեցաւ Ազգային Երեսփոխանական ժողովի նախորդ նիստի ատենագրութեան քննարկումը եւ վաւերացումը:
Այնուհետեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ Ազգային միացեալ վարժարանի ցարդ կատարուած աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն մասին: Ան նկատել տուաւ, որ վարժարանը իր վերամուտը սկսաւ 765 աշակերտներով, ինչ որ գերազանցեց նոյնիսկ այս աշխատանքին մօտէն հետեւող պատասխանատուներու նախատեսութիւնները` աւելցնելով, որ դպրոցը այսօր մտած է իր բնականոն հունին մէջ թէ՛ կրթական, թէ՛ վարչական եւ թէ՛ դպրոցական կեանքի բաժիններով: Հաւաթեան յայտնեց, որ յառաջացած է դպրոցի խնամակալութիւնը եւ շուտով կը յառաջանան յարակից` տիկնանց օժանդակ, ծնողական յանձնախումբերը, շրջանաւարտից միութիւնը եւ այլ միաւորներ: Ան բացատրութիւններ տուաւ նաեւ վարժարանի գործելաձեւին եւ այլ մանրամասնութիւններու մասին:
Հաւաթեան նաեւ յայտնեց, որ Ազգային երեսփոխանական ժողովի յառաջիկայ նիստին պիտի ներկայացուի համապարփակ տեղեկագիր շինարարական աշխատանքներուն, դպրոցի ընդհանուր գործունէութեան, ինչպէս նաեւ պիւտճէական նախատեսութիւններու մասին:
Ժողովականներուն կողմէ ուղղուեցան լուսաբանական հարցումներ, որոնց պատասխանեց Յ. Հաւաթեան:
Այս ծիրին մէջ ան անդրադարձաւ նաեւ Ազգային բոլոր վարժարաններու այսօրուան գործունէութեան, ինչպէս նաեւ ժողովի տրամադրութեան տակ դրաւ Ազգային վարչութեան պատկերացում-առաջարկը` վերատեսութեան ենթարկելու Ազգային առաջնորդարանի կրթական կեանքի ղեկավարման ընդհանուր գործելաոճը, մեկնելով ժամանակակից պայմաններէն եւ անհրաժեշտութիւններէն: Ան աւելցուց, որ այս մասին Երեսփոխանական ժողովի անդամները նախօրօք պիտի ստանան վարչութեան գրաւոր պատկերացումը` առ ի քննարկում եւ կարծիքներու բիւրեղացում:
Անդրադառնալով Ազգային վարժարաններու ուսուցչական կազմերու յետնեալ վճարումներուն` ան յայտնեց, որ աշխատանքը արդէն գրեթէ հասած է իր աւարտին:
Այնուհետեւ Ազգային վարժարաններու շէնքերու եւ ազգապատկան կալուածներու յանձանձման գծով Ազգային երեսփոխանները առաջարկներ ներկայացուցին` շեշտելով անհրաժեշտութիւնը անմիջականօրէն շահարկելու զանոնք:
Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ 5-8 դեկտեմբերին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք Ազգային ընդհանուր ժողովի Լիբանանի թեմի պատգամաւորներու ընտրութիւն: Միաձայնութեամբ ընտրուեցան հետեւեալ ազգայինները`
Բենիամին Պչաքճեան
Յակոբ Բագրատունի
Աւետիս Կիտանեան
Յակոբ Հաւաթեան
Գառնիկ Մկրտիչեան
Ստեփան Տէր Պետրոսեան
Սեդա Խտըշեան
Յովիկ Կէօզիւպէօյիւքեան
Յակոբ Լուսարարեան
Էլի Թաշճեան
Վահան Գասարճեան
Շահան Գանտահարեան
Վիգէն Աւագեան
Նորա Բարսեղեան
Եսայի Հաւաթեան
Իսկ փոխպատգամաւոր ընտրուեցան`
Վաչէ Նաճարեան
Սեպուհ Այնթապլեան
Վահրամ Էմմիեան
Ժողովին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Ան նկատել տուաւ, որ իբրեւ թեմ եւ իբրեւ լիբանանահայեր կը գտնուինք մեծ մարտահրաւէրներու դիմաց, որոնցմէ մեծագոյնը Ազգային միացեալ վարժարանի ծրագիրն էր, որ գրեթէ իր լրումին հասաւ յարատեւ աշխատանքով եւ ճիգով: Սրբազան Հայրը յոյս յայտնեց, որ մեր դիմաց գտնուող մնացեալ մարտահրաւէրներուն դիմաց մեր կարելիութիւնները ի մի խմբելով կը յաջողինք արձանագրել նոր յառաջդիմութիւն` աւելցնելով, որ մեր ժողովուրդը մեզմէ կ՛ակնկալէ նոր ծրագիրներ եւ նոր աշխատանքներ, որպէսզի իր կեանքը կանոնաւորէ եւ ամրացնէ:
Աւարտելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք Ազգային առաջնորդարանի շրջագիծին մէջ կ՛օժանդակեն Ազգային վարչութեան եւ մնացեալ մարմիններուն աշխատանքներուն, եւ աղօթքով փակեց նիստը: