Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի Նոր Շրջանի Առաջին Նիստ

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի առաջին նիստը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 3 օգոստոս 2018-ին` երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան անդամներուն, Կրօնական ժողովի անդամներուն, Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր բացման աղօթքէն ետք ժողովը ընտրեց իր դիւանը, որուն մաս կը կազմեն Գառնիկ Մկրտիչեան, Կարօ Սալխանեան, Վիքի Գարագաշեան եւ Արազ Գոճայեան:

Ապա Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան ընթերցեց Ազգային երեսփոխաններու ընտրութեան առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նամակը, որուն մէջ նշուած է. «Լիբանանի հայոց թեմը սփիւռքի հայութեան կարեւորագոյն թեմերէն մէկն է, իր բազմակողմանի աշխատանքներով: Մեր հայրական թելադրութիւնն է ձեզի, առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայել ծուխերու վերակազմակերպման` իբրեւ հիմքը թեմական կեանքին, կրթական մարզին, որ պէտք է միշտ մնայ առանցքային կարեւորութիւն ներկայացնող բնագաւառ, մեր երիտասարդութեան, որուն պէտք է լայն կարելիութիւն ու քաջալերանք տրուի` մեր կառոյցներու եւ ընդհանրապէս մեր գաղութի կեանքին մէջ իր յանձնառու մասնակցութիւնը բերելու»:

Այնուհետեւ Ազգային երեսփոխանները քննութեան առարկայ դարձուցին թեմը յուզող բազմաբնոյթ հարցերը եւ ներկայացուցին շարք մը առաջարկներ:

Ապա Առաջնորդ Սրբազանը իր գրաւոր խօսքը ժողովականներուն փոխանցելով ըսաւ. «Շուրջ հինգ տարիներ առաջ, Լիբանանի հայոց թեմին մէջ ստանձնեցի պատուարժան Ազգային երեսփոխանական ժողովիդ ընտրութեամբ ինծի վստահուած թեմակալ առաջնորդի պաշտօնը, զոր փորձեցի վարել պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ: Այժմ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի գահակալ` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին թոյլտուութեամբ, աշխատանքի առիթը ուրիշին փոխանցելու պատրաստակամութեամբ, կու գամ պաշտօնապէս հրաժարականս ներկայացնելու պատուարժան Ազգային երեսփոխանական ժողովիդ` խնդրելով, որ դրականօրէն ընկալէք որոշումս եւ առիթ ընծայէք, որ շուտով, նոր առաջնորդի մը ընտրութեամբ, նոր ոգեւորութիւն ու աւելի խանդավառ աշխատանքային փուլ մը բացուի Լիբանանի հայոց թեմի կեանքին մէջ»:

Ժողովը դրուատիքով անդրադարձաւ Սրբազան Հօր հնգամեայ առաջնորդական պաշտօնավարութեան եւ անսալով Վեհափառ Հայրապետին յանձնարարութեան, առաջարկեց, որ մինչեւ նոր առաջնորդի ընտրութիւն, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շարունակէ Ազգային վարչութեան ու Կրօնական ժողովին հետ բնական ձեւով վարել թեմական աշխատանքները: Ժողովականները մաղթեցին, որ Սրբազան Հայրը իր յառաջիկայ պատասխանատուութիւններուն մէջ եւս արձանագրէ նորանոր յաջողութիւններ:

Յայտնենք, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի գումարուի Լիբանանի հայոց թեմի խառն ժողովը, որ, համաձայն թեմի կանոնագրութեան նախատեսութիւններուն, նոր առաջնորդի ընտրութեան համար պիտի ճշդէ թուական եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետէն խնդրէ ընտրելի թեկնածուներու անուանացանկ:

Ժողովը փակուեցաւ Սրբազան Հօր պահպանիչով: