Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի 22 հոկտեմբերին նշուեցաւ Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի մատրան անուանակոչութեան տօնը, որուն ընթացքին մատուցուեցաւ ս. պատարագ, եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Ղուկաս աւետարանիչ կը պատմէ, թէ անապատին մէջ քառասուն օր առանձնանալէ եւ սատանային կողմէ փորձուելէ ետք Քրիստոս վերադարձաւ Նազարէթ քաղաքը եւ շաբաթ օրով իր մանկութեան յաճախած աղօթարանը գնաց, ուր իրեն ներկայացուցին Եսայի մարգարէին գիրքը, որպէսզի այնտեղէն կարդայ օրուան պատգամը: Սրբազանը մէջբերում մը կատարեց Ղուկասի աւետարանէն ընթերցուած հատուածէն, ուր Յիսուս կ՛ըսէր, թէ Տիրոջ Հոգին իր վրան է, որովհետեւ զինք օծեց եւ ղրկեց` աղքատներուն փրկութեան աւետիս տալու, սրտաբեկները մխիթարելու, գերիներուն ազատութիւն բերելու, կոյրերուն աչքերը բանալու, հարստահարուածները ազատելու եւ յայտարարելու, որ ահա հասած է ժամանակը, երբ Տէրը պիտի փրկէ իր ժողովուրդը, աւելցնելով, «Այս մարգարէութիւնը, որ դուք լսեցիք, ահա այսօր իրականացաւ»:
Սրբազանը բացատրեց, որ «Այսօր» բառը մեզի կը յուշէ, թէ աւետարանական պատումները միայն անցեալին չեն վերաբերիր, այլ մաս կը կազմեն այսօրուան մեր կեանքին, աւելցնելով, որ անոնք մեր եկեղեցւոյ կողմէ մեզի կը փոխանցուին, որպէսզի այսօր եւ վաղը մենք ալ անոնց միջոցով մասնակից դառնանք Աւետարանի կեանքին: Հետեւաբար Եսայի մարգարէի խօսքերուն ընդմէջէն Քրիստոս աղօթարանին մէջ իր կեանքին ծրագիրը կը պարզէ եւ, այդպիսով, մեզ ալ կը հրաւիրէ հետեւելու իր քայլերուն` այդպիսով արժեւորելու համար մարդկային մեր կոչումը:
Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազանը ըսաւ, որ աւետարանական այս դրուագը առաւելաբար մեր ուշադրութիւնը պէտք է ուղղէ աշխարհին մէջ մեր ունեցած պարտականութիւններուն եւ մեզի յիշեցնէ, թէ աշխարհին մէջ, յանուն աւելի մարդկային, աւելի արդար, աւելի խաղաղ, աւելի ապահով, աւելի երջանիկ կեանքի, մենք ընելիք ունինք: Արդարեւ, քրիստոնեան պէտք է նշմարէ իր շուրջ գտնուող կարիքները ու այդ կարիքներուն դիմաց զգայ իր պարտականութիւններուն բաժինը եւ ջանայ հոգեկան ճիգով քաղցրութիւն ու ջերմութիւն բերել իր շրջապատին ու մասնակից դառնալ Աստուծոյ ծրագիրներուն:
«Արդարեւ, գէթ մեր եկեղեցիներուն մէջ ու աղօթքի պահուն, պէտք է զգանք, որ քրիստոնէութիւնը կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող ցաւը, տառապանքը, զրկանքն ու անիրաւութիւնը ջնջելու եւ գեղեցիկը, սուրբը, կատարեալն ու ճշմարիտը հաստատելու կեցուածք ու կենսաձեւ է», հաստատեց Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան` նկատել տալով, որ քրիստոնեային ճամբան կը հետեւի Քրիստոսի կեանքի օրինակին եւ Աստուծոյ յանձնուած հոգիները իրենց ունեցած շնորհքները ճառագայթելով կ՛ապրին ու իրենց նուիրումով կը բարձրացնեն նաեւ իրենց շրջապատը:
Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բացատրեց, որ Քրիստոսի հետեւորդը պէտք է նշմարէ կեանքի ապականութեան չարիքը եւ անոր վերացումին ու սրբագրութեան համար տրամադրէ իր ունեցած տաղանդը, ուժն ու կարողութիւնները, որպէսզի Աստուծոյ օգնութեամբ կեանքէն վերանայ տառապանքը, եւ Տիրոջ փրկութեան խոստումը հասնի իր լրումին: Ան ըսաւ, որ քրիստոնեային փառքը աշխարհին մէջ Աստուծոյ ծառայելու, ճշմարտութեան համար ինքզինք ընծայելու պատիւն է: Հետեւաբար կեանքին մէջ պէտք է գիտնանք մեր դերը եւ յանուն աւելի մարդկային, աւելի արդար, աւելի խաղաղ, աւելի ապահով, աւելի երջանիկ կեանքի մը, հոգեկան ճիգով, սիրոյ գործերով եւ զոհողութեան արարքներով մասնակից դառնանք Քրիստոսի կեանքին:
«Անկասկած Աստուածաշունչի խօսքերը Աստուծոյ կամքը կը պատգամեն մեզի, եւ այդ կամքը ի վերջոյ պէտք է նաեւ մեր գործերուն ընդմէջէն յստակօրէն յայտնուի ու մեր ընկերութեան կեանքը առաջնորդէ հոգեւոր բարձունքի», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ եզրափակելով իր խօսքը` ըսաւ, որ անկասկած Աստուծոյ օրը պիտի գայ, եւ Աստուծոյ փառքը պիտի ժառանգեն անոնք, որոնք սրբութեամբ կ՛ապրին եւ իրենց կեցուածքով շքեղութիւն կը բերեն կեանքին ու շրջապատին, յորդորելով ներկաները աշխարհի մահաբեր ուժերուն դէմ քրիստոնէական կեցուածք ցոյց տալու եւ այդպիսով յաղթելու աշխարհին:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: