Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Նարեկ Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Ճեմարան

Հինգշաբթի, 11 ապրիլ 2019-ի առաւօտեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս այցելեց Ճեմարան, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան անդամներու կողմէ:

Առաջնորդ Սրբազանը նախ ծանօթացաւ «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրի անձնակազմին եւ աշխատելաձեւին, ապա շրջագայեցաւ կառոյցին զանազան բաժինները: Այնուհետեւ դպրոցի մայր շէնքին մէջ տնօրէնութեան հետ հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան Ճեմարանի եւ կրթական մարզին վերաբերող զանազան նիւթեր:

Այցելութեան յաջորդ փուլը հանդիպում մըն էր աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ: Գիտական դասարանի աշակերտներէն Լեւոն Գալայճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, ընթացք առաւ մտերմիկ զրոյց մը, որուն աւարտին Սրբազանը աշակերտներուն ուղղեց իր պատգամը: Ապա ան այցելեց դպրոցի գրադարանը, ուր անհամբեր կը սպասէին ծնողական խորհուրդի անդամներն ու անձնակազմը. ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան կարդաց ողջոյնի խօսքը, որմէ ետք Նարեկ Արքեպիսկոպոս իր պատգամը ուղղեց եւ բարձր գնահատեց կրթական մարզին մէջ բոլոր աշխատողները` ըսելով, որ դպրոցը միայն կառոյց չէ, առանց ուսուցիչներուն եւ անձնակազմին ան չի կրնար գոյատեւել: Ապա աւելցուց, որ հոգեւորականներն ու ուսուցիչները առաքեալներ են, որոնք նոր սերունդին նկատմամբ ունին կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն ջամբելու մեծ յանձնառութիւնը: