Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Լիբանանի Հայոց Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վերամուտ. «Եկեղեցին Պէտք Է Հաւատքի Ձգտում Ունեցող Ժողովուրդ Մը Ունենայ», Հաստատեց Շահէ Արք.

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտի առիթով, կիրակի, 9 հոկտեմբերին Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու մէջ ծառայած բոլոր սպասաւորներուն համար:

Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադառնալով Թարգմանչաց տօնին, որ կը զուգադիպէր նոյն օրը, յայտնեց, որ Թարգմանչաց տօնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս հոգեւոր ու մշակութային այն շարժումն էր, որ տեղի ունեցաւ 5-րդ դարուն, Սահակ-Մեսրոպ մեծանուն սուրբերուն ու իրենց աշակերտներուն կողմէ, որոնք աստուածագործ մշակոյթով հոգեւոր ու լուսեղէն շարժում ստեղծեցին մեր ազգի գոյութեան ընթացքին մէջ, աւելցնելով, որ այդ շարժումին գլխաւոր նպատակը ազգային դաստիարակութեան ճամբով քրիստոնէութիւնը մեր ժողովուրդին մօտեցնելու սրբազան տենչն էր:

Սրբազանը բացատրեց, որ եկեղեցական հասկացողութեամբ, դաստիարակել` կը նշանակէ ժողովուրդի հոգին ուղղել դէպի Աստուած, եւ մենք այդպէս պէտք է ըմբռնենք Թարգմանչաց տօնը եւ այս առիթով նաեւ անդրադառնանք, որ Հայ եկեղեցին պարտականութիւնը ունի քրիստոնէական հաւատալիքներով դաստիարակելու մեր ժողովուրդը, եւ իր կոչումն է պաշտպանել այն բոլոր արժէքները, որոնք կը վերաբերին նոյնինքն մեր ազգային հոգիին ու նկարագրին:

Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ հաւատացեալը միայն պիտի չտպաւորուի մեր եկեղեցւոյ շէնքով, զարդարանքներով, քաղցրահունչ շարականներով, պաշտամունքի արտաքին տարրերով, այլ` այդ բոլորով, պէտք է կարենայ հոգեպէս կազդուրուիլ ու իր հաւատքին մէջ աճիլ ու այդ հաւատքը իր շրջապատին մէջ աճեցնել: «Եկեղեցին պէտք է հաւատքի ձգտում ունեցող ժողովուրդ մը ունենայ: Թարգմանչաց տօնը մեզի կը յիշեցնէ, որ հոգեւորականին նման, քրիստոնեայ անհատն ալ պէտք է լայն քրիստոնէական դաստիարակութիւն ունենայ, անոր մօտ ալ պէտք է զարգանայ կրօնական ու բարոյական վիճակ, որպէսզի համայնքին կեանքը ամրանայ հոգեւոր ու բարոյական սկզբունքներով: Այլապէս, եթէ ժողովուրդին մօտ չկայ հաւատք ու քրիստոնէական աշխարհահայեացք, ոչ մէկ արժէք ունի 5-րդ դարուն կերտուած ազգային մշակութային մեր ոսկեդարը, եւ անիմաստ ու անարժէք է նաեւ հաւատքի գեղեցկագոյն արտայայտութիւն համարուող մեր ամբողջ ժամասացութիւնը»,  շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը:

Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ հաւաքուած ենք պաշտօնապէս բացումը կատարելու Լիբանանի հայոց թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններուն, որոնք համաճարակի պայմաններուն մէջ անցնող տարիներուն առաւելաբար գործեցին առցանց պայմաններով: Ան նկատել տուաւ, որ մեր եկեղեցիներու կողքին, Կիրակնօրեայ վարժարանը հաստատուած է, որպէսզի մեր դերատի սերունդին կրօնական ընբռնողութիւնը մշակուի եւ, այդպիսով, համայնական մեր իրականութեան մէջ ստեղծուին հոգեւոր կեանք, քրիստոնէական կենցաղ եւ բարոյական ամրութիւն:

«Աղօթենք, որ Կիրակնօրեայ մեր վարժարաններուն աշխատանքը ըլլայ հեզասահ եւ արդիւնաւոր: Ներկայ անկեալ վիճակը կը թելադրէ, որ  յաւելեալ ուշադրութեան ու հոգածութեան արժանացնենք մասնաւորաբար մեր նորագոյն սերունդին հոգեւոր վիճակը, որպէսզի հաւաքական ճիգով մեր կեանքէն դուրս վանուին բոլոր անկանոնութիւնները, որոնք բոյն դրած են մեր ընտանիքներէն ներս ու մեր առօրեան վերածած` ցաւալի խառնարանի», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան ըսաւ, որ մեր եկեղեցիներուն մէջ պէտք է նոր ոգեւորութիւն ստեղծենք, որպէսզի իր երբեմնի փառքին մէջ վերականգնի հայոց եկեղեցին, հարց տալով, թէ ո՞վ եւ ի՞նչ ձեւով պէտք է կատարէ կարեւորագոյն այդ աշխատանքը, եթէ ոչ մեր ժողովուրդը, ապա ո՞վ կրնայ Հայ եկեղեցին իր նախկին փառքին տանիլ եւ զայն դարձեալ վերածել  «տուն Աստուծոյ ու տուն աղօթից»:

«Ցարդ մեր հոգեւոր ու եկեղեցական կեանքին վերաբերող խնդիրները, մեր պաշտամունքը, ծէսը, մեր սովորութիւններն ու աւանդութիւնները, մեր արարողութիւններն ու երաժշտութիւնը ըստ կարելւոյն պահպանուեցան, որովհետեւ նախկին սերունդներուն կողմէ այդ բոլորը օրինակելի պայմաններով մեզի փոխանցուեցան: Սակայն պէտք է խոստովանինք, որ ոչ միայն մեր ժառանգած աւանդին վրայ ոչինչ կրցած ենք աւելցնել, այլ մեր ստացածէն բաւական բան արդէն իսկ զոհած ենք, որովհետեւ ժամանակակից պայմաններու համար չենք կրցած հոգեւոր մշակոյթով կրթել մեր զաւակները եւ հաւատքի տէր ժողովուրդ մը դաստիարակել», շեշտեց Սրբազան Հայրը` յիշեցնելով ժողովուրդին, որ երկինքէն փայլատակող հրաշքով չի ստեղծուիր ամէն բան, եւ մեր զաւակներուն մօտ հաւատքի զարթօնք տեղի կրնայ ունենալ մեր հաւատացեալ ծնողներու սրտերէն կաթիլ առ կաթիլ հոսող բարեպաշտութենէն, մեր ընկերութեան մէջ պաշտպանուած կրօնական բարեպաշտութիւններէն, մեր շրջապատին մէջ ապրող հաւատաւոր անձերու կեանքի օրինակէն:

«Հայ եկեղեցւոյ արժանաւոր զաւակը ըլլալու վկայութիւնը նախ մենք տանք մեր զաւակներուն եւ, այդպիսով, զիրենք հրաւիրենք Աստուծոյ հաւատարիմ հետեւորդը ըլլալու կենցաղին եւ յիշենք, որ հոն, ուր հարցերը բարեպաշտ հոգիով կ՛ընկալուին, հոն ոչ միայն աղէտները կը զսպուին, այլեւ հրաշքներ կը գործուին», եզրափակեց Սրբազան Հայրը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու մէջ ծառայած բոլոր սպասաւորներուն համար:

Ուսուցչաց համագումար

Յայտնենք, որ Կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտին առիթով շաբաթ, 8 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ ուսուցչաց համագումար: Լիբանանի թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու հոգեւոր տեսուչ Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին` անդրադառնալով իրենց աշխատանքի առաքելութեան, ծառայութեան եւ նուիրումի հոգիին: Ժանին Մարգարեան կատարեց Սուրբ Գիրքի սերտողութիւն, Գէորգ սրկ. Գատէհճեան` շարականի ուսուցում: Պատրաստուեցաւ յառաջիկայ տարուան ծրագիրը: Համագումարի ընթացքին տեղի ունեցան երկու դասախօսութիւններ. առաջինը` «Ինչպէ՞ս կարելի է ունենալ մէկ նպատակ» նիւթն էր, որ ներկայացուեցաւ Մակի Արսլանեանի կողմէ, իսկ երկրորդ դասախօսութիւնը` «Հայ լեզուի կարեւորութիւնը եւ անսխալ գործածելու անհրաժեշտութիւնը» նիւթը ներկայացուց Վիգէն Աւագեան: