Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովին, ուրբաթ, 24 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց տօնին նուիրուած հրապարակային հանդիսութիւն, որուն ներկայ էին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երսեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեան, Հայաստանի դեսպանատան կցորդ Վլատիմիր Պօղոսեանի, Ազգային երեսփոխաններ, Ազգային վարչութեան, Կրօնական ժողովի, Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող յանձնախումբերու եւ խորհուրդներու, նաեւ գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Ֆանարի մատրան հովիւ Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան: Ան ըսաւ, որ Վարդանանց ճակատամարտէն 1566 տարի ետք անգամ մը եւս միասնաբար համախմբուած ենք արժեւորելու հայ ժողովուրդի պատմութեան յատկանշական այս տօնը, տոգորուելու Վարդաններու խորհուրդով եւ վերանորոգելու ուխտը` միեւնոյն ոգիով եւ կամքով շարունակելու մեր գոյութեան եւ զարգացման ճամբան: Ան հաստատեց, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը Վարդաններէն փոխանցուած կտակ մը ունի` ջահը փոխանցել նորահաս սերունդին առանց նահանջի, տկարացումի եւ տատամսումի, աւելցնելով, որ այդ ջահը պէտք է մնայ անմար եւ դէմ կանգնի հայ ժողովուրդի գալիք բոլոր մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն: «Ջահ մը, որուն շողերով պէտք է լուսաւորուի հայ միտքն ու հոգին, որուն բոցերով պէտք է հեռացուի իւրաքանչիւր թշնամական փորձ, որ կը վտանգէ մեր հայրենիքի սահմաններն ու ապահովութիւնը, որ կ՛ամրապնդէ ազգ-եկեղեցի ամուր կապը, որուն լաւագոյն ապացոյցն է Վարդանանց ճակատամարտը, որուն ընթացքին հայ հոգեւորականներ մարտիկներու կողքին կանգնած միասնաբար մղեցին պատերազմը», շեշտեց քահանայ հայրը եւ եզրափակելով իր խօսքը հրաւիրեց ներկաները բարձր պահելու Վարդաններու ջահն ու շարունակելու անոնց ծառայութեան երթը:
Այնուհետեւ Գէորգ Գատեհճեան ասունքեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Վարդանական» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք Զաքար Քէշիշեան շուիի, իսկ Կամիլա Քէշիշեան դաշնակի վրայ ներկայացուցին կոմիտասեան երգաշարք մը եւ Մանուէլ Բեգլարեանի մշակումով «Լեռնականներու պար»-ը: Օրուան բանախօսն էր Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի տնօրէն Յովիկ Պերթիզլեան: Ան ըսաւ, որ 4509 տարիէ ի վեր, այսինքն Հայկ նահապետի օրերէն մեր պատմութիւնը ապրած է ահաւոր փոթորիկներ եւ դիմաւորած է վարդահեղեղ արշալոյսներ, խաւար դարեր ու հրաշալի վերածնունդներ: «Այս բոլորին մէջ Վարդանանցը կը մնայ այն փառապանծ օրը, որմէ ետք հայ ժողովուրդին արտօնուած չէ որեւէ ընկրկում», հաստատեց բանախօսը` աւելցնելով, որ Վարդանանցէն ետք կռիւը շարունակեցին շատեր, ինչպէս Խանասորի արշաւախումբին մասնակիցները, Սարդարապատի կերտիչները, Արցախը ազատագրած մեր մարտիկները, Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութեանց սահմանները պաշտպանող հայոց փառապանծ բանակի մարտիկները: Շարունակելով իր խօսքը` Պերթիզլեան ըսաւ, որ Վարդան իր նախահօր հարազատ շառաւիղն է, իսկ մենք` Վարդանի հարազատ շառաւիղները` հաստատելով, որ դարեր ետք Հայաստանի հողին վրայ հայը կը շարունակէ սրբազան նոյն «խենթութեամբ» խոյանալ թշնամի բազմապատիկ ուժերու դէմ, որպէսզի շարունակէ իր մեծ եւ յաւիտենական երթը դէպի ապագայ: Բանախօսը նկատել տուաւ, որ մռայլ դարերը անցան, սակայն ոչ ոք կրցաւ հայու հոգիին մէջէն արմատախիլ ընել ազատութեան ոգին, հայ մշակոյթը եւ Լուսաւորիչի կանթեղով պայծառացած քրիստոնէական հաւատքը` աւելցնելով, որ ասոնք մեր յաւիտենական արժէքներն են: «Վարդանանք սովորական բանակի մը զինուորները չէին: Անոնք գաղափարակիր հաւատաւորներ էին, որոնց հրաբոյր արիւնը յաւիտենապէս պէտք է հոսի իւրաքանչիւր հայու երակներուն մէջ այսօ՛ր, վա՛ղը եւ մի՛շտ: Միայն այս իրողութիւնն է, որ նպատակասլաց կը դարձնէ եւ կ՛իմաստաւորէ մեր կեանքը», հաստատեց Յ. Պերթիզլեան: Շարունակելով իր խօսքը` բանախօսը յայտնեց, որ 451 թուականը իր տեսակին մէջ հայապահպանութիւն էր եւ հայապահպանութեան այդ նոյն խնդիրները, որոնք գոյութիւն ունէին 451-ին, առկայ են նաեւ այսօր, որովհետեւ այսօր հիմնականին մէջ հայ հոգին վտանգուած է, յատկապէս սփիւռքի մէջ` աւելցնելով սակայն, որ այն իրողութիւնը, որ հայ ժողովուրդը հակառակ 1566 տարի անցած ըլլալուն իր մէջ վառ կը պահէ Վարդանանց յիշատակը, մեզ կը մղէ հաւատալու, որ հայ հոգին պիտի մնայ անպարտելի: Բանախօսը ըսաւ, որ Վարդանանց ազատամարտը` յարատեւ կռիւը, Աւարայրի մէջ չսկսաւ եւ բնականաբար Աւարայրով չաւարտեցաւ: Ճակատագիրի եւ պատմութեան տնօրինումով բովանդակ հայոց պատմութիւնը եղաւ իւրօրինակ Վարդանանք մը, որ հայ ժողովուրդը պատրաստ դարձուց գալիք արհաւիրքներուն:
«Հայ մարդուն ամբողջական ազատագրութիւնը միայն կրնայ ճամբայ հարթել հայոց հայրենիքի ազատութեան, հայ մշակոյթի անկախութեան եւ հայ ժողովուրդի միութեան ու յաւերժացման: Ազգային խոր գիտակցութեան, հաւաքական կամքի, պատասխանատուութեան ու ցեղային արժանապատուութեան խոր զգացումներն են, որոնք անպարտելի կը դարձնեն ժողովուրդները», շեշտեց Յ. Պերթիզլեան` հաստատելով, որ Վարդանանց դիւցազնամարտը գերազանցօրէն այդ գիտակցութեան արտայայտութիւնն է: Մնայուն արտայայտութիւնը, որ իր կնիքը պիտի դնէր նաեւ հայոց պատմութեան հետագայ դարերուն վրայ, պիտի դառնար անկրկնելի երեւոյթ, ոգեկան անհատնում ուժ ու ներշնչումի անսպառ աղբիւր: Այս է պատճառը, որ մեր բոլոր դիւցազնական սպարապետներուն մէջ միայն Վարդանը դադրած է սոսկական անհատ կամ հերոս մը ըլլալէ եւ դարձած է խորհրդանիշ: Խորհրդանիշը հայութեան մարտունակ ու ազատատենչ ոգիին: «Մենք բարոյական ոչ մէկ իրաւունք ունինք տկարանալու, ծուլանալու, այլասերելու, ձուլուելու, միայն ծագումով հայ ըլլալու, հայերէն չխօսող, բայց լաւ հայ ըլլալու: Եթէ կ՛ուզէք իսկապէս ազատագրել Արեւմտահայաստանը, եթէ կ՛ուզէք յառաջիկայ Վարդանանց տօնակատարութիւնները նշել Մամիկոնեաններու գրաւեալ հայրենիք Տարօնի եւ Վանի մէջ, ապա ամէն օր արթնցէք նոր Աւարայր մը մղելու վճռակամութեամբ, ձեր ամէն մէկ վայրկեանը թող ըլլայ Վարդանի սուրին մէկ հարուածը` ուղղուած թշնամիին: Այն ատեն միայն կը դառնաք անպարտելի, իսկ ձեր վախճանական նպատակը` իրագործելի» եզրափակեց Յովիկ Պերթիզլեան:
Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինով Յովիկ Կարախանեան ջութակի վրայ նուագեց Հայկոյի «Խաչագողի յիշատակարանը» եւ Արա Գէորգեանի «Աշտարակ»-ը, իսկ Կարօ Քէլէշեան մեկնաբանեց «Աւարայրի դաշտ» եւ «Մենք քաջ Վարդանի տոհմէն ենք» երգերը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Յակոբ Արապօղլեանի:
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Ան նկատել տուաւ, որ Վարդանանց պատերազմը հայոց պատմութեան փառաւոր էջերէն մէկը հանդիսացած է, որովհետեւ պատմութեան այդ արարը մեզի կեանք պատգամած է դարեր շարունակ: Ան յորդորեց ներկաները իրենց կեանքին մէջ ըլլալու գիտակից եւ պարկեշտ իրենց վստահուած կտակներուն, որպէսզի Վարդանանց հոգին շարունակէ արծարծ մնալ իրենց կեանքին մէջ: Ան կոչ ուղղեց նոր գիտակցութեամբ նայելու մեր պատմութեան, մեր նախնիներուն օրինակը ներկայացնելու նոր սերունդին, սրբութեամբ վարուելու մեր կեանքին եւ մեր սրբութիւններուն հետ, որպէսզի ամրօրէն շարունակենք հայութեան մեր երթը: «Վարդանանք մեր ժողովուրդին սուրբերն են: Կ՛ապրին անոնք, որովհետեւ անոնց մահը գիտակից մահ էր: Իբրեւ ժառանգորդները Վարդանանց կտակին, մենք ալ փորձենք գիտակից մահով կնքել մեր կեանքի վախճանը, այլ խօսքով` գիտակցօրէն ապրելով մեր առօրեան», շեշտեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ մեր կառոյցներուն մէջ պէտք է փորձենք արդիւնաւորել մեր կարողութիւններն ու շնորհները, որպէսզի ապրի մեր ժողովուրդը, մեր խիզախութեան եւ քաջութեան մէջ վատութիւն չխառնուի, այլ` հայութեան գոյապայքարը յաղթականօրէն իր ընթացքը շարունակէ ի սէր մայր Հայաստանին, որուն համար դարեր շարունակ մեր ժողովուրդը պայքարեցաւ, յուսաց եւ հաւատաց, որպէսզի յաղթանակի փառքով պսակէ իր երկրաւոր գոյութիւնը: Եզրափակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց ձեռնարկին մասնակիցները, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին ներկայութիւնը: