Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, գործակցութեամբ «Վանայ ձայն»-ին, չորեքշաբթի, 23 փետրուար 2022-ի կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Վարդանանց տօնին եւ Արցախեան պահանջատիրութեան 34-ամեակին առիթով, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական արտասանական մրցանք` մասնակցութեամբ լիբանանահայ 11 վարժարաններէ 19 աշակերտ-աշակերտուհիներու: Մասնակցող վարժարաններն էին` Վահան Թէքէեան վարժարան, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան, Ազգային միացեալ վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Յառաջ-Գ.-Կիւլպէնկեան վարժարան եւ Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարան:
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ուսումնական խորհուրդի գործավար Րաֆֆի Տէմիրճեան: Ան յայտնեց, որ Վարդանանց Ճակատամարտն ու Արցախեան պահանջատիրութիւնը երէկ, այսօր եւ վաղը ունին հիմնական պատգամ` չյուսահատիլ, չյանձնուիլ եւ շարունակել պայքարը հայրենիքի ազատագրման, հաւատքի պահպանութեան եւ իրաւունքներու վերականգնման համար: Պատգամ մը, որ բոլոր ժամանակներուն եւ բոլոր դժուարութիւններուն դիմաց ժամանակավրէպ չի կրնար ըլլալ: Պատգամ մը, որ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի պարտութենէն ետք առաւել եւս այժմէական է:
«Այո՛, տագնապալի օրերու մէջ ենք: Հայրենիքը իր գոյութիւնը պահպանելու խնդիր ունի: Արցախի մեծ մասը կորսնցուցած ենք: Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ զանգերը չեն ղօղանջեր: Հայութեան միակամութիւնը վտանգուած է: Սակայն Վարդան Մամիկոնեաններ, Արամ Մանուկեաններ, Մհեր Ջուլհաճեաններ եւ Ալպերթ Յովհաննիսեաններ ունեցող հայութիւնը հայրենիքին բանալիները իրաւունք չունի յանձնելու թշնամիներուն», շեշտեց Տէմիրճեան` աւելցնելով, որ երիտասարդութիւնն ու աշակերտութիւնը մեծ աշխատանք ունին կատարելիք, եւ ինչ ալ ըլլան պայմանները, պէտք չէ հրաժարիլ Արարատին հասնելու եւ տէր կանգնելու մեր երազէն: Ան հաստատեց, որ իմացեալ մահուան գիրկը նետուող ազգը չի մահանար, այլ` կը վերապրի եւ կը յաղթահարէ արգելքները: «Պէտք է զօրանանք, գիտութեամբ զինուինք, հզօր բանակ կազմենք, ներսի եւ դուրսի սահմանները ամրացնենք եւ հոգեպէս չտկարանանք», աւելցուց Տէմիրճեան:
Այնուհետեւ, մրցանքի առաջին հանգրուանով ելոյթ ունեցան միջնակարգի աշակերտները, ապա` երկրորդականի: Մասնակիցները արտասանեցին Վարդանանց կամ Արցախեան պայքարին նուիրուած ստեղծագործութիւններ:
Դատական կազմի անդամներն էին Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեան, բեմադրիչ Վաչէ Ատրունի եւ կրթական մշակ Մարինա Համամճեան:
Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեան: Ան նշեց, թէ Վարդանի եւ Վարդանի նմաններուն մասին լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներու գեղեցիկ ապրումներով եւ առոգանութեամբ կատարումներուն ճամբով փոխադրուեցանք Աւարայրի ճակատամարտ, եւ այս առնչութեամբ մրցումին նոր սերունդին մասնակցութիւնը կու գայ ամրապնդելու, որ Վարդանանց ճակատամարտը բարոյական յաղթանակէն անդին նոյնինքն ազգի ֆիզիքական գոյութեան պահպանման յաղթանակն է, որովհետեւ ունինք արի, նուիրեալ եւ հայու նկարագիր ունեցող աշակերտներ:
Հայր սուրբը հաստատեց, որ մեզի համար հպարտութիւն է կանգնիլ նոր սերունդին դիմաց եւ հայ աշակերտներուն վրայ դնել մեր ազգային ամբողջական վստահութիւնը: Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեան ըսաւ, որ Վարդանանք իրենց արիւնը թափեցին Աւարայրի դաշտին վրայ, մինչ աշակերտները այսօր ունին առաքելութիւնը հսկելու, պահելու եւ տարածելու հայու ինքնութիւնը` սորվելով հայոց լեզուն, ճանչնալով պատմութիւնը եւ զինուելով գիտութեամբ:
Հայր սուրբը ըսաւ, որ միշտ ալ մեր պատմութեան մէջ ունեցած ենք վասակներ, որոնք դժբախտաբար մեր իրականութեան մէջ ներկայութիւն եղած են եւ կ՛ըլլան, բայց կարեւորը ազգային պահանջատիրութիւնը շարունակելն է, նահատակներու ուղին պահպանելն է: Շնորհաւորելով մրցանակակիրները` Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեան հաստատեց. «Մենք յաղթական ենք, այնքան ատեն որ ունինք հայ հերոսներ, ուսուցիչներ եւ փայլուն աշակերտներ, որոնք տէրն են մեր իրաւունքներուն, կը պահպանեն հայու նկարագիրը եւ կը պահեն վարդաններու ժառանգութիւնը»:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` ձեռամբ Ազգային վարչութեան ու Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն եւ դատական կազմին:
Միջնակարգի բաժինէն առաջին հանդիսացաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտուհի Մէյրի Էքմէքճեան, երկրորդ` Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի աշակերտուհի Մարի Ժոզէ Ժրէյժ, երրորդ` Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աշակերտուհի Գարլա Ռուպէլեան: Երկրորդականի բաժինէն առաջին հանդիսացաւ Հայ աւետարանական քոլեճի աշակերտ Հրակ Մամիկոնեան, երկրորդ` Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտուհի Իզապէլ Խաչատրեան, երրորդ` Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի աշակերտուհի Կայէլ Ապու Սէֆեան: Իւրաքանչիւր բաժինի առաջին հանդիսացողը ստացաւ 1.200.000 լ. ո. նիւթական պարգեւ, երկրորդը` 800.000 լ. ո., իսկ երրորդը` 400.000 լ.ո.:
Յայտնենք, որ մրցանքը ուղղակիօրէն սփռուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի եւ «Վանայ ձայն»-ի Դիմատետրի էջերով եւ ուղիղ եթերով: