Խաչվերացի տօնին առիթով, կիրակի, 11 սեպտեմբերին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի:
Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Քրիստոս կը խրատէր իր աշակերտները` անոնց յիշեցնելով, որ կեանքի պայմաններուն մէջ վերիվայրումներ կան, եւ անպայմանօրէն այդքան հեշտութեամբ մենք չենք կրնար հետեւիլ մեր իղձերուն, մեր իտէալներուն, մեր հաւատքի ձգտումներուն:
Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը յատնեց, որ մեր առօրեային ընթացքին շարունակաբար ենթակայ ենք մեղքի, գայթակղութեանց եւ առհասարակ բարիի եւ չարի պայքարին մէջ քիչեր կը յաջողին հաւատքով դուրս գալ կեանքէն եկող դժուարութիւններէն ու խնդիրներէն եւ մնալ հաւատարիմ իրենց հաւատքին մէջ եւ շարունակել իրենց առօրեան ապրիլ` համաձայն Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած ցուցմունքներուն եւ ուղղութեանց:
Անդրադառնալով նուիրական Խաչվերացի տօնին` Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ անիկա 7-րդ դարուն պատահած պատմական դէպքի մը յիշատակումն է, որուն եկեղեցին կ՛ընծայէ մեծ կարեւորութիւն, որովհետեւ խաչը քրիստոնէութեան խորհրդանիշն է եւ այս մէկը եղաւ Քրիստոսի զոհաբերութեան գերագոյն արարքով, այլապէս խաչը աւազակներուն համար վերապահուած կախաղան էր: Հետեւաբար խաչը եղաւ քրիստոնէութեան խորհրդանիշ եւ փրկութեան միջոց բոլոր անոնց համար, որոնք կը հաւատան տիրոջ զոհաբերութեան արարքին: Սրբազան Հայրը պատմական ակնարկ մը նետեց 612 թուականին պատահած դէպքին, որ առնչուած էր Քրիստոսի խաչափայտին:
Իր խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը պատգամեց. «Խաչվերացը տօնն է անոնց, որոնք այս կեանքէն անդին առանց կասկածի կրնան տեսնել ուրիշ կեանքի մը ներկայութիւնը եւ անոր հասնելու ձգտումով կրնան զոհել այս աշխարհի բարիքները` հասնելու համար գերագոյն բարիքին», աւելցնելով, որ Խաչվերացը, նաեւ տօնն է անոնց, որոնք կեանքին կրնան նայիլ Քրիստոսի աչքերով եւ ընկերութեան մէջ իրենց վերաբերող պարտականութիւնները կը նշմարեն, անոնց համար կը զոհաբերեն, որպէսզի երկինքէն ստանան այն պարգեւները, զորս Աստուած ուխտով կը խոստանայ տալ մեզի: Ան նկատել տուաւ, որ կեանքի մէջ խաչ կրնան բարձրացնել բոլոր անոնք, որոնք կը գիտակցին, թէ Աստուծոյ կոչումով կ՛ապրին իրենց երկրաւոր կեանքի շնորհքը եւ ըսաւ, որ քրիստոնեայ մարդը պէտք է գիտակցի, թէ աշխարհին մէջ ինք միասին պէտք է քալէ Աստուծոյ հետ, ոչ առանձին, որպէսզի երկրաւոր կեանքի պայմաններուն մէջ չգայթակղի, որովհետեւ դժուար է ներկայ կեանքի մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման առանց գիտակից հաւատքի հետեւիլ մեր տիրոջ կեանքի օրինակին: «Խաչվերացի տօնին առիթով մեր եկեղեցին կու գայ մեզ խրատել եւ խրախուսել` թելադրելով, որ հաւատանք, թէ Քրիստոս եղած է այստեղ` աշխարհէն ներս, մեզի հետ եւ հաւատանք, որ ան կը շարունակէ քաջութեամբ նայիլ եւ քալել մեզի հետ` կիսելով մեր տագնապներն ու դժուարութիւնները, որպէսզի փոթորկալի պայմաններուն մէջ մեր նաւը չխրուի, այլ մենք հասնինք ապահով ափունք», եզրափակեց Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: