Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, հինգշաբթի, 6 ապրիլ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ խաւարման կարգ:
Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը հաստատեց, որ հսկումի սոյն պահը լաւագոյն առիթն է Պօղոս առաքեալի բերանով հռչակելու, թէ Քրիստոս նոյնն է միշտ` երէկ, այսօր եւ յաւիտեան: Ան դիտել տուաւ, թէ հակառակ այն իրողութեան որ կեանքի մէջ տեսակաւոր կացութիւններ կան բոլորիս համար, պարտինք անդրադառնալ, թէ բոլոր պարագաներուն` մութ կամ լոյս վիճակներու մէջ, տխուր կամ ուրախ կացութիւններու առիթով միշտ մեզի հետ ունինք զԱստուած, որ մեզի համար մարդացաւ, չարչարուեցաւ ու խաչուեցաւ, նաեւ յարութիւն առաւ, որպէսզի մեզ տանի իր անմահական կեանքին: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ երբ մտածենք մեր Տիրոջ վերջին պահերուն մասին, միայն անցեալը չմտաբերենք, այլ մեր ուշադրութիւնը առաւելաբար կեդրոնացնենք մեր այսօրուան կեանքին վրայ, որուն մէջ Աստուած ներկայ է եւ պէտք է ըլլայ մեր կողքին, որպէսզի մենք սայթաքելով չխորտակուինք: Ան յայտնեց, որ մեր Տէրը` Քրիստոս, ճաշակած ըլլալով երկրաւոր կեանքի բոլոր պայմանները, իր հարազատներուն ինքզինք պարզելով` կ՛ըսէ. «Աշխարհէն ներս դժուարութիւններ եւ նեղութիւններ պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին»: Առաջնորդը դիտել տուաւ, որ այս բառերը ուժգնութեամբ պէտք է արձագանգեն մեր սիրտերէն ներս, որպէսզի մեր ապրած տեսակաւոր տագնապներուն եւ դժուարութիւններուն դիմաց մենք եւս քաջալերուինք, որովհետեւ Աստուած մեզի հետ է: Մեզի հետ էր երէկ, մեզի հետ է այսօր եւ մեզի հետ է յաւիտեան: «Քաջալերուինք, որպէսզի երկնային ճշմարտութիւնները ճառագայթեն մեր անձերուն մէջէն: Քաջալերուինք, որպէսզի Աստուծոյ պատգամը փոխանցենք տագնապահար մեր աշխարհին: Քաջալերուինք, նաեւ քաջալերենք մեր շրջապատը` յիշեցնելով, որ թէեւ մեր ապրած աշխարհէն ներս կայուն բան չկայ, այլ սակայն մեր Տէրն ու Փրկիչը հաստատ է իր խոստումին մէջ, մեզի հետ է մեզ տանելու համար իր անմահական փառքին ու պարգեւներուն», հաստատեց Սրբազան Հայրը` յորդորելով ներկաները աշխարհի հարցերով եւ հոգերով ծանրաբեռնուած իրենց հոգիներուն մէջ հաստատօրէն ճշդելու Քրիստոսի տեղը եւ Իրմով լուսաւորուելու, նաեւ քաջալերուելու, որպէսզի իրենք ալ յաղթական դուրս գան իրենց կեանքի պայքարին մէջ` ընդդմիշտ կարենալ փառաւորելու համար Քրիստոսի անմահ անձը: