Լիբանանի հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, Ծաղկազարդի, Աւագ շաբթուան եւ Ս. Զատկուան սրբազան արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան հետեւեալ ժամանակացոյցին համաձայն
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ, Կիրակի 28, Մարտ 2021
-Սուրբ եւ անմահ Պատարագ, առաւօտեան ժամը 9:30-ին
-Դռնբացէքի արարողութիւն, երեկոյեան ժամը 4:00-ին
ԱՒԱԳ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 30 Մարտ 2021
-Յիշատակ Տասն Կուսանաց – ժամերգութիւն, երեկոյեան ժամը 4:00-ին
ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 1 ԱՊՐԻԼ 2021
-Կարգ Ապաշխարողաց – Ս․ Պատարագ, առաւօտեան ժամը 9:30-ին
-Կարգ Ոտնլուայի, երեկոյեան ժամը 4:00-ին
-Կարգ Խաւարման, երեկոյեան ժամը 7:00-ին
ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ, 2 ԱՊՐԻԼ 2021
-Կարգ Թաղման, երեկոյեան ժամը 4:00-ին
ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ, 3, ԱՊՐԻԼ 2021
-Ճրագալոյցի Ս․ Պատարագ, երեկոյեան ժամը 4:00-ին
ՏՕՆ Ս․ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ, ԿԻՐԱԿԻ, 4 ԱՊՐԻԼ 2021
-Ս․ եւ անմահ Պատարագ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին
ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑԻ, ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 5 ԱՊՐԻԼ 2021
-Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ առաւօտեան ժամը 8:00-ին, կը մատուցուի Ս․ Պատարագ եւ կը կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն վասն համօրէն ննչեցելոց ազգիս հայոց: Այնուհետեւ, ժամը 10:30-ին, Ազգային Գերեզմանատուներուն մէջ եւս կը մատուցուի Ս․ պատարագ եւ կը կատարուի Հոգեհանգստեան պաշտօն:
ԾԱՆՕԹ.
Թագաժահրի վտանգաւոր պայմաններուն պարտադրանքով, Ծաղկազարդի եւ Թաղման Կարգի թափօրները տեղի պիտի չունենան։ Մեր Եկեղեցւոյ հաւատացեալ զաւակներէն կը խնդրենք տօնական բոլոր առիթներով զգուշ ըլլալ, անտեղի խճողումներ չստեղծել ու ամէն առիթներով յարգել առողջապահական կանոնները։
Կրօնական ժողով Լիբանանի Հայոց Թեմին