Ծաղկազարդի տօնին առիթով, կիրակի, 24 մարտ 2024-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:
Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Ծաղկազարդի տօնին առիթով հաւաքուած ենք այս եկեղեցւոյ մէջ` նշելու համար Քրիստոսի դէպի Երուսաղէմ կատարած յաղթական թափօրի յիշատակը: Ան ամփոփ կէտերով ներկայացուց Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքը` հանդիսաւոր կերպով հարց տալով, թէ ինչպիսի թափօր մըն էր, որ կ՛առաջնորդէր Յիսուսը դէպի Երուսաղէմ, եւ բացատրեց, որ Երիքովի ճամբուն վրայ Յիսուս բացաւ երկու կոյրերու աչքերը, որոնք կ՛աղերսէին, որ բժշկէ զիրենք, եւ անոնք եւս միացան թափօրին: Սրբազանը հաստատեց, որ այդ երկու կոյրերը, նախքան իրենց բուժուիլը ճանչցան Քրիստոսը եւ «Տէր» կոչեցին Զինք:
Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան հարց տուաւ, թէ մենք ի՞նչ ակնկալութեամբ, ի՞նչ սպասումով, ի՞նչ տեսնելու համար եւ ինչպիսի՞ ապրումներ ունենալու ի խնդիր պիտի կազմենք թափօրը` աւելցնելով, որ արդեօք կրնա՞նք մենք ալ այդ երկու կոյրերուն նման «Տէր» հռչակել Քրիստոսը եւ յանձնուիլ անոր ողորմածութեան ու շնորհքին կամ պարզապէս հետեւորդներ ենք աւանդութիւններու եւ սովորութիւններու` ոչ մէկ փոփոխութիւն յառաջացնելով մեր կեանքին մէջ, կամ ոչ մէկ ձեւով ազդուելով այն իրողութենէն, որ Աստուած մեզի հետ է, մեր կողքէն կ՛անցնի, որպէսզի մեր կեանքը յեղաշրջելով` մեզ ալ տանի աստուածային շնորհներու:
Շարունակելով իր պատգամը, Առաջնորդ Սրբազանը կոչ ուղղեց ժողովուրդին` խնդրելու Աստուծմէ, որ բանայ իրենց աչքերը, որպէսզի երկրաւոր խափուսիկ տեսարաններէն անդին` կարենան նշմարել աստուածայինը եւ տեսնել, թէ ինչպիսի՛ խառնիճաղանճ վիճակի վերածուած է իրենց կեանքը, եւ նշմարեն, թէ որքա՛ն բարոյապէս, հոգեպէս ընկրկած եւ հեռացած են մեր նուիրական աւանդներէն, նաեւ իրենց զաւակները պատահականութեան ձգուած են եւ Աստուծոյ տան ճամբան չեն գիտեր: «Այս բոլորը մենք պէտք է ընենք Աստուծոյ օժանդակութեամբ եւ օգնութեամբ, սակայն` ճշմարտութիւնը տեսնելու սրբազան ակնկալութեամբ», շեշտեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ այդ բոլորը մեզի վիճակուած պարտականութիւններ են, սակայն մենք մեր անկեալ իրականութիւնը տեսնելով, սրտբաց կերպով Աստուծոյ պէտք է դիմենք` խնդրելով, որ Իր ճշմարտութիւնը կարենալ տեսնելու համար սրբէ մեր աչքը փակող վարագոյրը եւ յոյսով ողողէ մեր ներաշխարհը, այլապէս Ծաղկազարդը եւ եկեղեցական բոլոր տօները ոչինչ կը փոխեն մեր իրականութեան մէջ:
Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ յառաջիկայ շաբաթ մեր դիմաց կը բացուին նուիրական առիթներ, եւ եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ, որպէսզի աղօթասաց կեանքով մեր Փրկչին կեանքի վերջին հանգրուանները միասնաբար վերապրինք, որպէսզի այդպիսով նաեւ յարութեան հրաշալիքը դիմաւորենք մեր կեանքէն ներս:
«Նուիրական այս առիթով պէտք է անդրադառնանք, որ մեր Տէրը անցեալի պատկեր ու յիշատակ չէ, այլ նոյնինքն մեր կեանքն է, մեր քրիստոնէական հաւատքն է եւ երկրաւոր այն պարտականութիւնները, որոնց մէջ զԱստուած մեզի հետ ունենալով` պէտք է ընթանանք խրոխտ հաւատքով, որպէսզի սանդուղն ի վեր բարձրանալով` հասնինք աստուածային անմահ պարգեւներուն», ըսաւ Սրբազանը:
Շարունակելով իր խօսքը` Գերշ. Տ. Շահէ Արք. շեշտեց, որ մեր եկեղեցին կարիքը ունի մեր զաւակներուն, մեր մատղաշ սերունդին, որպէսզի հոգեւոր մեր կեանքը յարատեւէ, նաեւ մեր ազգը կարիքը ունի մեր զաւակներուն, որպէսզի անոնց մասնակցութեամբ վեր բարձրանայ, ինքզինք կազդուրէ` հասնելով իր երազներուն եւ իտէալներուն: Ան դիտել տուաւ, որ երկար ժամանակէ ի վեր մեզմէ շատեր բացակայ են մեր համայնական եւ եկեղեցական կեանքէն, օտարացած եւ ուծացած են, նաեւ` մոռցած, որ իրարմով, իրար աջակից ու զօրակից ըլլալով կրնայ յարատեւել մեր եկեղեցական եւ մեր հոգեւոր կեանքը: «Ծաղկազարդը մեզ սթափութեան հրաւիրող առիթ է: Պէտք է մեր աչքերն ալ բացուին, որպէսզի ճշմարտութիւնը, իրական պատկերը արթննայ մեր ներաշխարհին մէջ եւ մենք զգանք, որ մեր անձերէն նաեւ ուրիշին, մեր եկեղեցւոյ, մեր դպրոցին, մեր ակումբին, մեր կառոյցին համար ընելիքներ ունինք, պարտականութիւններ ունինք, որոնց մէջ պէտք չէ թերանանք», հաստատեց Սրբազան Հայրը` աղօթելով, որ Աստուածային շնորհքը լեցնէ բոլորը, եւ նուիրական Աւագ շաբթուան ընթացքին մեր աղօթասաց կեանքի պայմաններուն մէջ մեր Տէրը մեզի մօտենայ, բանայ մեր հոգիին աչքերը, պայծառօրէն ցոյց տայ մեզի Իր ճշմարտութիւնը` մեզ վերադարձնելով մեր պարտականութիւններուն, որպէսզի արդար աշխատանքով նոր ապրում հաստատենք մեր իրականութեան մէջ:
Պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Սրբազան Հօր, կազմուեցաւ մանուկներու թափօրը, որ շրջեցաւ եկեղեցւոյ շրջակայքը: