Կիրակի, 25 մարտ 2018-ին, հայ եկեղեցին հանդիսաւորապէս նշեց Մեծ պահքի վերջին կիրակիին զուգադիպող Ծաղկազարդի տօնը:
Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան:
Յաւարտ Ս. պատարագի յաւուր պատշաճի քարոզեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Ան իր քարոզը սկսաւ մէջբերելով Մատթէոսի աւետարանէն հետեւեալ համարը. «Օրհնեալ է ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով, օրհնութիւն բարձրեալին»: Ան այսօրուան առիթը նկատեց ընդառաջ երթալու Տիրոջ դիմաւորութեան եբրայեցիներու մանուկներու օրինակով: Քրիստոս իր երկրաւոր կեանքին վերջին փուլին որոշեց Երուսաղէմ երթալ: Ճանապարհին ժողովուրդը իր հագուստները ու ձիթենիի ճիւղերը գետին տարածելով կը ծաղկազարդէր Քրիստոսի ճամբան, որպէսզի մուտքը ըլլայ յաղթական: Աւագ շաբթուան աւարտին պիտի դիմաւորենք յարուցեալ Քրիստոսը: Առաջնորդ Սրբազանը հարցադրում կատարեց, թէ ի՞նչ հաւատքով պիտի դիմաւորենք Քրիստոսը, որ մեռելութենէն կեանքի գալով մեզի ցոյց կու տայ այն ճամբան, որ կը տանի դէպի Աստուած եւ յաւիտենականութիւն: Ապա ըսաւ, թէ մեր հաւատքը հրեայ ժողովուրդի հաւատքէն աւելի տոկուն էր եւ կրնայ դիմանալ փորձութիւններու: Մենք ի՞նչ հաւատքով մեր զաւակները եկեղեցի բերած ենք, երբ ամէն կիրակի զրկած ենք զանոնք, հեռու կը պահենք եւ կը ժխտենք Աստուծոյ գոյութիւնը եւ հոգատար չենք անոնց դաստիարակութեան գործին նկատմամբ: Մեր Աստուածը կը թագաւորէ մեր հոգիներուն. Ան պէտք է ըլլայ այն բարձրակէտը, որուն դիմաց ամէն բան պէտք է խոնարհի, եւ Ան գործօն ներկայութիւն պէտք է ըլլայ մեր առօրեային մէջ:
Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ այս աշխարհը եւ կեանքը Աստուծոյ պարգեւներն են մեզի տրուած, որպէսզի զանոնք Աստուծոյ նպատակին համար ճշգրտօրէն գործադրենք: Կեանքը իր բազում երեսներով մեզ կը դնէ այնպիսի կացութիւններու դիմաց, ուր քրիստոնէական մեր հաւատքը կ՛արժեզրկէ եւ մենք կ՛ենթարկուինք աշխարհի կարգին ու սարքին: Պատրա՞ստ ենք աշխարհի մեր պայմաններուն մէջ զԱստուած հռչակելու, Անոր կամքը գործադրելով եւ հետեւելով սրբազան այն սկզբունքներուն, որ Միածինը սեփական իր ուսուցումներուն ճամբով փոխանցեց մեզի: Մեր հաւատքը պէտք է ըլլայ աւելի գիտակից, քան եբրայեցի ժողովուրդին հաւատքն ու գիտակցութիւնը: Այդ աւանդը, որ մեզի տրուած է Տիրոջ կողմէ, պէտք է զայն պահել եւ փոխանցել մեր զաւակներուն: Ջանանք գիտակցօրէն վերականգնել Աստուծոյ կամքն ու նկարագիրը, որպէսզի բարձրեալը ընդունելու արժանի ըլլանք եւ իր զօրութիւնը վայելենք:
Ս. պատարագի աւարտին սկիզբ առաւ մանուկներու թափօրը` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, առաջնորդութեամբ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասին:
Թափօրէն ետք եկեղեցւոյ դասին մէջ համախմբուած մանուկները օրհնեց Առաջնորդ Սրբազանը:
Դռնբացէք
Նոյն օրը երեկոյեան բոլոր հայ եկեղեցիները կատարեցին Դռնբացէքի խորհրդաւոր արարողութիւնը: Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ Դռնբացէքի արարողութիւնը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Իր քարոզը սկսաւ շարականագիրին հետեւեալ բառերով. «Ով Տէր, ողորմութեան դռները բաց, աղաչական ձայնով կը խնդրենք քեզմէ»: Ան նշեց, որ այս արարողութիւնը մեր եկեղեցւոյ իւրայատկութիւնն է եւ հաստատուած է, որպէսզի աղօթական այս մթնոլորտին մէջ առիթը ունենանք մեր հոգիին սէրը ուղղելու դէպի Աստուած, որպէսզի Աստուած իր ողորմութեան դռները բանայ: Մենք պէտք է մեր սրտին դռները բանանք, որպէսզի Աստուած թափանցէ մշուշապատ մեր հոգիները, մաքրագործէ եւ կերպարանափոխէ մեզ:
Յառաջիկայ շաբաթ տնօրինական վերջին դէպքերու շաբաթ է եւ մեզ կը հրաւիրէ հետեւելու Աստուածորդւոյն քայլերուն եւ օրինակին, որպէսզի հասնինք այն շնորհին, որուն կը հրաւիրէ Քրիստոս իր յարութեամբ: Հաւատքով պէտք է հետեւիլ` քաջ գիտակցելով, որ Աստուած Իր ողորմութեամբ կրնայ վերականգնել: