Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբին, ուրբաթ, 19 մայիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում` Լիբանանի թեմի եկեղեցիներու թաղականութեանց, տիկնանց յանձնախումբերուն, քարտուղարութեանց եւ աղքատախնամներու պատասխանատուներուն հետ: Սոյն հանդիպումին նպատակն էր նախ եւ առաջ իրարու հետ ծանօթացում, ապա ընկերային հարցերու քննարկում եւ կացութեան բարելաւում, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարան-թաղականութիւն, Ազգային առաջնորդարան-տիկնանց յանձնախումբ, Ազգային առաջնորդարան-աղքատախնամ կապերու յաւելեալ ամրապնդում:
Ձեռնարկը սկսաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանի Տէրունական եւ «Զգործս» աղօթքներով, ապա ընկերային յանձնախումբի ատենապետ Քրիստին Սարգիսեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ սոյն հաւաքը կը նպատակադրէ յաւելեալ գործակցութիւն, մանաւանդ ընկերային հարցերու լուծումներուն շուրջ, որպէսզի առաւելագոյն չափով սատարենք ժողովուրդի կարիքներուն: Ան բացատրեց, որ հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկուին այն միջոցներն ու կարելիութիւնները, որոնք պիտի սատարեն իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ աղքատախնամի բաժինին գործակցութեան` Ազգային առաջնորդարանի ընկերային գրասենեակին հետ: Ան հաստատեց, որ ծառայութիւնը ամէնէն վսեմ առաքելութիւնն է, սակայն երբ այդ ծառայութիւնը որոշ նպատակ մը չի հետապնդեր եւ ինքնանպատակ կ՛ըլլայ` կը շեղի իր առաքելութենէն: Քրիստին Սարգիսեան հաստատեց, որ եկեղեցւոյ հիմնական նպատակը ժողովուրդը դէպի եկեղեցի առաջնորդել է` աւելցնելով, որ մենք մեր օժանդակութեան միջոցներով ժամանակի ընթացքին պիտի կարենանք մեր ժողովուրդը ներգրաւել դէպի եկեղեցի:
Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան խօսք առնելով ըսաւ, որ սեպտեմբերին միաւորուող վարժարանները պիտի փակուին եւ փոխադրուին Ազգային միացեալ վարժարան, իսկ եկեղեցիները, որոնց կից կը գտնուէին այդ վարժարանները, բնականաբար պիտի գտնուին նոր կացութեան մը դիմաց: Ան ըսաւ, որ այս հանդիպումին պիտի դրուի առաջին հիմնական առաջադրանքը թաղականութեանց ու տիկնանց յանձնախումբերուն դիմաց` նշելով, որ իւրաքանչիւր դպրոց օրին կը վայելէր իր շրջանի թաղականութեան հովանաւորութիւնը, հետեւաբար, որպէսզի իւրաքանչիւր եկեղեցի շնչէ նորահաս սերունդով, եկեղեցիներու թաղականութիւնները պիտի սատարեն Ազգային միացեալ վարժարանին` հովանաւորելով սաներ, որոնց թիւը պիտի ճշդուի հետագային իրենց հետ համախորհուրդ: Այդ սաները տնօրէնութեան դասաւորումով պիտի դառնան դպիրները այն եկեղեցւոյ, որուն հովանաւորութիւնը կը վայելեն: Հաւաթեան նկատել տուաւ, որ կրօնաւորներ յաճախ կը դասաւանդեն մեր վարժարաններուն մէջ, սակայն առաջին անգամ ըլլալով սրբազան հայրը պիտի դասաւանդէ Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ` բարձրագոյն կարգի աշակերտներուն, աւելցնելով, որ մեր կղերականները մեր աշակերտներուն մօտ պիտի շօշափեն կոչումը եւ այդ ճամբով զիրենք պիտի ուղղեն նաեւ եկեղեցական ծառայութեան: Հաւաթեան աւելցուց, որ իւրաքանչիւր ծնողք պիտի գիտնայ, թէ իր զաւակը ո՛ր եկեղեցւոյ սան է եւ ամէն կիրակի պիտի ուղղէ զինք այդ եկեղեցին` աւելցնելով, որ փոխադրամիջոցը պիտի ապահովէ վարժարանը:
Ան հաստատեց, որ այս ձեւով զարկ պիտի տրուի մեր եկեղեցիներուն յարկին տակ գործող կիրակնօրեայ վարժարաններուն, եւ այսպիսով մեր եկեղեցիներուն շուրջ պիտի ստեղծենք նորահաս սերունդի միջավայր` աւելցնելով, որ այս առաջադրանքի գործադրութիւնը ձեւով մը պիտի լրացնէ այն բացը, որ պիտի ստեղծուի դպրոցներու միաւորումով: Հաւաթեան նաեւ ընդգծեց, որ թաղականութիւնները, որդեգրելու համար այս քաղաքականութիւնը, պիտի յատկացնեն յատուկ սնտուկ մը այդ նպատակին համար, եւ իւրաքանչիւր շրջանի ազգայիններն ու զօրակիցները գումարներ տրամադրելով եկեղեցւոյ` թաղականութիւնը պիտի հովանաւորէ սաներ:
Ապա տեղի ունեցաւ ծանօթացում իւրաքանչիւր շրջանի թաղականութեան ու աղքատախնամի անդամներուն եւ անոնց տարած աշխատանքներուն, որմէ ետք Քրիստին Սարգիսեան նկատել տուաւ, որ հետագային ընկերային յանձնախումբը առանձնաբար հանդիպում պիտի ունենայ իւրաքանչիւր թաղականութեան հետ, պիտի քննէ իւրաքանչիւրին ընկերային պարագաները, որպէսզի կարենայ օգտակար հանդիսանալ անոնց:
Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան նկատել տուաւ, որ բոլորս կոչուած ենք ծառայելու եւ եթէ կատարելապէս ընենք մեր աշխատանքը, ամէն բան աւելի հեզասահ կ՛ընթանայ` աւելցնելով, որ մեր ծառայութիւնները բաւարար չեն եւ պէտք է յաւելեալ աշխատանք տանինք: Ան հարց տուաւ, թէ իւրաքանչիւր թաղականութիւն արդեօք լաւապէս կը ճանչնա՞յ իր ծուխի ընտանիքները` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւրը աշխատանք ունի տանելիք իր ծուխին մէջ, որպէսզի լաւապէս ճանչնայ կարիքաւորը եւ օգտակար դառնայ անոր: Քահանայ հայրը հաստատեց, որ այս հանդիպումը կայացաւ, որպէսզի ընկերային յանձնախումբը եւ թաղականութիւնները` համադրելով իրենց աշխատանքը, աւելի ընդարձակ եւ լայն ձեւով սկսին աշխատիլ շրջաններուն մէջ:
Հանդիպումի աւարտին որոշուեցաւ, որ առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբը եւ ընկերային գրասենեակի պատասխանատուն յառաջիկային այցելեն թաղականութիւններուն եւ առանձին հանդիպումներով յստակացնեն իւրաքանչիւր շրջանի առաջնահերթութիւնները` աւելի արդիւնաւէտ ու նպատակաուղղուած գործունէութիւն ծաւալելու համար: