Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Կազմակերպութեամբ Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին. Մհեր Ջուլհաճեանի Անուան Աշակերտական Շարադրական Մրցանքը

 

Տարուան մը ակամայ ընդմիջումէ ետք, շաբաթ, 29 մայիս 2021-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն»  սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական մրցանքը` կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին եւ մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններէն 40 աշակերտ-աշակերտուհիներու:

Նկատի ունենալով «Քորոնա»-ի համաճարակին պայմանները` մրցանքը տեղի ունեցաւ երկու փուլով, ժամը 10:00-12:00` միջնակարգի, իսկ ժամը 12:00-2:00` երկրորդականի աշակերտներուն համար:

Մրցանքի երկու փուլերուն, բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին Ուսումնական խորհուրդի անդամներ Նորա Բարսեղեան` միջնակարգի, իսկ Նարէ Գալեմքերեան երկրորդականի բաժինի աշակերտներուն: Անոնք նկատել տուին, որ հակառակ երկրին մէջ տիրող դժուար ժամանակներուն եւ ծանր պայմաններուն` մարդ պէտք չէ դադրի գրելէ, ստեղծագործելէ, իր երեւակայութեան թափ տալէ, որովհետեւ գիրն ու գրականութիւնը կը զօրացնեն մարդ արարածը եւ առիթը կու տան իր զգացումներն ու ներաշխարհը արտայայտելու: Անոնք շեշտեցին կարդալու, գրելու, հայոց լեզուն մաքուր պահելու, սիրելու եւ անոր կառչելու անհրաժեշտութիւնը:

Նորա Բարսեղեան եւ Նարէ Գալեմքերեան նաեւ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուցին նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի կենսագրական գիծերը` յատկապէս շեշտելով, որ Մհեր 1992-ին կը մեկնի Արցախ, որուն ազատագրութեան ճամբուն վրայ կը նահատակուի այլ հերոսներու հետ: Անոնք դիտել տուին, որ այսօր, աւելի քան երբեք, աշակերտները լաւապէս կը հասկնան նահատակութեան վեհութիւնը, որովհետեւ նախորդ տարի իրենք եւս` հետեւելով արցախեան 44-օրեայ պատերազմին, ականատես եւ ականջալուր եղան նահատակութեան սրբազան դրուագներու:

Յայտնենք, որ Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական այս տարուան մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ հետեւեալ վարժարանները. Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Պուրճ Համուտի վարժարան, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան, Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան վարժարան, Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճ, Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան եւ Ազգ. Միացեալ վարժարան:

Մրցանքին տեւողութիւնը երկու ժամ էր: Իւրաքանչիւր բաժինի համար` միջնակարգ եւ երկրորդական, սահմանուած էր երկու նիւթ, որոնցմէ աշակերտը պիտի ընտրէր մէկը:

Մրցանքին արդիւնքները յառաջիկային պիտի յայտարարուին մամուլով, եւ մրցանակակիր աշակերտները պիտի ստանան Ջուլհաճեան ընտանիքին կողմէ տրամադրուած նիւթական պարգեւներ: