Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 3 դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ կատարուեցաւ «Մհեր Ջուլհաճեան» միջդպրոցական շարադրական մրցանքին մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան անդամներու, վարժարաններու տնօրէններու, ուսուցիչներու, աշակերտներու, ծնողներու եւ արցախեան ազատագրական պայքարին նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի ընտանեկան պարագաներուն:
Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ, որմէ ետք օրուան հանդիսավար` Ուսումնական խորհուրդի անդամ Նարէ Գալէմքէրեան ներկայացուց յայտագիրը:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Ուսումնական խորհուրդի անդամ Նորա Բարսեղեան: Ան ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ կարելիութիւնը ստեղծուած է երկար բացակայութենէ ետք կրկին համախմբուիլ` մայրենի լեզուով գրուած շարադրութեան մրցանքի մրցանակակիրները պատուելու համար: Բարսեղեան նկատել տուաւ, որ 2019-ի աւարտին Լիբանանի մէջ արձանագրուած զարգացումները, «Քորոնա»-ի համաճարակը, լիբանանեան տնտեսական-ընկերային ծանր կացութիւնը պատճառ դարձան, որ բնականոն կեանքի պայմանները փոխուին, մեր կրթական աւանդական կեանքը այլ ուղղութեամբ ընթանայ, եւ մեր աշակերտները դատապարտուին իրենց հարազատ դպրոցէն հեռու մնալու եւ դասերուն հետեւելու առցանց, սակայն, հակառակ այս կացութեան, Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդը հետամուտ եղաւ, որ անպայման կայանայ «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքը` նախ աւանդութիւն դարձած այս նախաձեռնութեան շարունակականութիւնը երաշխաւորելու, ապա մեր աշակերտներուն մղիչ ուժ եւ խթան տալու` իրենց հարազատ մայրենիով իրենց միտքերն ու զգացումները թուղթին յանձնելու համար:
Շարունակելով իր խօսքը` Ն. Բարսեղեան յայտնեց, որ 29 մայիս 2021-ին տեղի ունեցած շարադրական մրցանքը այս տարի գլխաւոր թեմա ունեցաւ արցախեան վերջին պատերազմը եւ կրթական առցանց կեանքին առնչուած աշակերտական մտորումներ, որոնք բաւական հետաքրքրական էին, ողջունելի, աշակերտներու ներաշխարհին հարազատ դրսեւորումը հանդիսացող, սակայն նկատի ունենալով մրցումին պայմանները` դատական կազմը պէտք էր ընտրութիւն կատարէր, եւ հոն կային որոշ դժուարութիւններ, այդ պատճառով կարգ մը դիրքերու համար ունեցանք զոյգ մրցանակակիրներ, բայց եւ այնպէս, շնորհաւորելի են բոլոր մասնակից աշակերտները, որոնց մեր գնահատանքը կը յայտնենք` քաջալերելով, որ շարունակեն գրել, ստեղծագործել եւ գրականութեան ստեղծման ձգտիլ:
Ապա Ն. Բարսեղեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի կենսագրական գիծերը: «Հայրենիքին համար իր անձը զոհած, հայութեան համար իր անձնականը մոռցած եւ կեանքը զոհաբերած Մհեր Ջուլհաճեան, որուն անունը կը կրէ միջդպրոցական այս շարադրական մրցումը, իր կեանքով ու նահատակութեամբ պատգամ կը յղէ մեզի, յատկապէս ձեզի, սիրելի՛ աշակերտներ, շարունակելու Հայ դատի պայքարը, նուիրական ծառայութիւն մատուցելու ազգին ու հայրենիքին, որքան ալ դժուար ըլլան պայմանները` սիրել մայրենի լեզուն, մշակոյթը, հայկական արժէքները, որովհետեւ մենք մեր ինքնութեան, մեր արմատներուն կառչելով է, որ կրնանք աճիլ, զօրանալ եւ նորանոր նուաճումներ արձանագրել: Մնանք հաւատարիմ Մհերի եւ մեր բոլոր նահատակներու կտակին, որովհետեւ անոնց մահը կոչ է մեզի` ապրելու, գոյատեւելու եւ պայքարելու աւելի լաւ ապագայի համար», եզրափակեց Նորա Բարսեղեան:
Օրուան պատգամը յղեց Զաքար Քէշիշեան: Պատգամին սկիզբը ան դպրոցական օրերէն անձնական յուշեր ներկայացուց շարադրական մրցանքներու իր մասնակցութեան մասին, ապա ան խրախուսեց նմանօրինակ շարադրական մրցանքներու կազմակերպումը մեր կրթական կեանքին եւ աշակերտութեան համար: Սփիւռքի մէջ մենք կ՛ապրինք մեր հոգեմտաւոր ստեղծագործութեան գումարը հանդիսացող մշակոյթով եւ անոր շնորհիւ մենք կրնանք դասուիլ արժէքաւոր ազգերու շարքին, նշեց ան: Քէշիշեան յայտնեց, որ մշակոյթով մենք կը զատորոշուինք եւ մեր ինքնութիւնը կը պահենք, որովհետեւ մշակոյթն է, որ մեր մէջ կ՛արթնցնէ մեր ազգային գիտակցութիւնը, միտքը եւ հոգին: Ան նկատել տուաւ, որ սփիւռքի մէջ, որպէս մեր գոյութեան յենարաններ, ունինք երգչախումբեր, պարախումբեր, սակայն անոնց մէջ ամէնէն վտանգուածը հայ գիրն ու գրականութիւնն են, շարադրութիւնն է:
Խօսելով նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի մասին` պատգամախօսը յայտնեց, թէ ինք մօտէն ճանչցած է զայն: «Երբ արցախեան շարժումը սկսաւ, զինք գտանք Հայաստան` մինչեւ իր նահատակութիւնը, իր գերագոյն զոհողութեամբ, ան իր ընկերներուն հետ կեանքը նուիրաբերեց արցախեան այն մարտին, որուն նպատակն էր մեր իսկ տան մէջ մենք մեզ տանտէր ճանչցնել տալ: Ի՞նչ պիտի զգար եւ ի՞նչ պիտի մտածէր ան, եթէ այսօր ապրէր: Ան պիտի պատգամէր մեզի չվհատիլ, զէնքերը վար չդնել: Պիտի մղէր պայքարը շարունակելու», ընդգծեց Զ. Քէշիշեան:
Այնուհետեւ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան եւ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեան կատարեցին մրցանակաբաշխութիւնը` առաջնութեան, երկրորդութեան եւ երրորդութեան արժանի աշակերտներուն յանձնելով բարձր գնահատանքի յատուկ վկայագիրներ եւ նիւթական պարգեւներ` տրամադրուած նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի ընտանեկան պարագաներուն կողմէ:
Մրցանակակիրներու պատկերը պարզեց հետեւեալը.
Միջնակարգ Բաժին
Առաջին` Արենի Այնթապլեան (Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան):
Երկրորդ` Աշոտ Գարագաշեան (Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան) եւ Սեւակ Զարմէնեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան):
Երրորդ` Արինա Աբրահամեան (Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան) եւ Քրիստ Դարբինեան (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ):
Երկրորդական Բաժին
Առաջին` Աւետիս Խշուաճեան (Ազգային Միացեալ վարժարան) եւ Գալին Քիլէճեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան):
Երկրորդ` Ալեակ Մկրեան (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ) եւ Յակոբ Թերզեան (Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան):
Երրորդ` Սերժիօ Միսիսեան (Հայ աւետ. կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան) եւ Սիլվի Թաթոյեան (Ազգային Միացեալ վարժարան):
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Ան իր խօսքը ուղղեց բոլոր մրցանակակիրներուն, որոնք իրենց շնորհքներով հաստատեցին, որ հայ մշակոյթը նոր սերունդի առօրեային մէջ տակաւին կ՛ապրի ոչ միայն խօսքով, այլ` գործնապէս: Ան աւելցուց, որ ներկայիս հայ լեզու սորվիլը, ազգային մշակութային արժէքներ պահելը դժուարացած է, սակայն այդ չի նշանակեր, որ հայ լեզուն եւ հայ մշակոյթը արժէք չեն մեզի համար: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ սփիւռքեան մեր պայմաններուն մէջ մենք զօրեղ ենք եւ անպարտելի միայն մեր մշակոյթով, որ դարաւոր փոթորիկներու մէջէն անցած է, եւ այսօր եւս մեր ժողովուրդը պիտի շարունակէ ապրիլ համաձայն այն արժէքներուն եւ երազներուն, որոնք կը պատկանին իրենց:
Շարունակելով` Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ դժուար ժամանակներու մէջ կ՛ապրինք, եւ համաշխարհայնացումի այս պայմաններուն մէջ կը զոհուին շատ մը արժէքներ, եւ մեր պարագային գլխաւոր վտանգուածը մեր մշակոյթն է, մեր լեզուն է, որուն համար պէտք է պայքարինք ոչ միայն զայն ապրեցնելու համար, այլ` անով ապրելու համար, նաեւ` ապրեցնելու գալիք սերունդները: «Մհեր Ջուլհաճեան իր ունեցած կարողութիւններուն լաւագոյնը ընծայեց հայրենիքի հողի պաշտպանութեան համար: Այս պաստառին վրայ իր նկարը դիտելով` մենք պէտք է զգանք, որ մենք ալ մեր կարգին մեր ունեցած կարողութիւններով, մեր շնորհքներով եւ ձիրքերով պէտք է ձգտինք պաշտպանել այն, ինչ որ արժէք է եւ նուիրականութիւն` մեր կեանքէն ներս: Բնական է, որ նուիրականութիւններու գագաթը հայրենի հողն է, բայց նաեւ մեր մշակոյթն է, մեր լեզուն է եւ այն բոլոր հոգեւոր արժէքները, որոնք մեր ժողովուրդի ամրութիւնը կը հանդիսանան: Գեղեցկագոյն օրինակը Մհեր Ջուլհաճեան ինք մեզի կու տայ իր նահատակութեամբ, մեզի յիշեցնելով, որ կեանքէն ներս բաներ կան, որոնք պէտք է պաշտպանուին ամէն գնով», հաստատեց Սրբազան Հայրը եւ եզրափակելով իր խօսքը` յորդորեց աշակերտները Մհեր Ջուլհաճեանի օրինակը իրենց յիշողութեան, նաեւ իրենց սրտերուն մէջ տեղադրելով` այսուհետեւ շարունակեն իրենք ալ իրենց կարգին իրենց գրիչով, միտքով, հոգիով, զգացումներով, սիրտով պաշտպանելու այն, ինչ որ իբրեւ արժէք կը հրամցուի իրենց` կրթական պատասխանատուներուն, ծնողներուն կամ հաւաքականութեան կողմէ, որպէսզի զօրանան եւ զօրացնեն վաղուան մեր կեանքը:
Գեղարուեստական բաժինով Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի աշակերտուհի Միքայէլա Պոյաճեան (ջութակ) մեկնաբանեց Էտուարտ Պաղտասարեանի «Նոքթիւրն»-ը, Ազգ. Միացեալ վարժարանէն Յովիկ Պետրոսեան կարդաց Պօղոս Սնապեանի «Ես այդ շունն եմ» գործէն հատուած մը, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտուհիներ Նանօր Առնելեան (դաշնամուր) եւ Նայիրի Առնելեան (սրինգ) ներկայացուցին Կոմիտասէն կտոր մը, Ազգ. Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանէն Արինա Աբրահամեան (հարմոնիքա) եւ Աշոտ Գարագաշեան երգեցին «Հէյ ջան Երեւան»-ը, Հայ աւետ. կեդրոնական բարձր. վարժարանէն Կայէլ Ապուսէֆեան ասմունքեց Վահրամ Մավեանի «Գնա՛ ընկեր» քերթուածը, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեանէն խումբ մը աշակերտներ մեկնաբանեցին «Մարտում» երգը: Այս առիթով ցուցադրուեցաւ նաեւ շարադրական մրցանքին մասին պատրաստուած կարճ տեսանիւթ մը: