Բազմավաստակ կրթական մշակ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Գեղանի Էթիէմէզեանի մահուան քառասունքին առիթով կիրակի, 20 նոյեմբեր 2022-ին Նորաշէնի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ ս. պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, ներկայութեամբ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի անդամներու, Ազգային վարժարաններու տնօրէններու ու ուսուցիչներու եւ Գեղանի Էթիէմէզեանի ընտանեկան պարագաներուն:
Հոգեհանգիստէն ետք, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչական հանդիպում:
Օրուան հանդիսավար Մարալ Մխսեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք յայտնեց, որ 40 օրեր առաջ Հայաստանի մէջ իր մահկանացուն կնքեց վաստակաւոր կրթական մշակ, տնօրէն, մշակոյթի գործիչ, ուսուցչուհի Գեղանի Էթիէմէզեան, որ իբրեւ ուսուցչուհի եւ ապա տնօրէն` շուրջ 50 տարի ծառայած է Ազգային վարժարաններուն մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ Գեղանի Էթիէմէզեանին վաստակը արժեւորելու համար Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդը կազմակերպած է այս ոգեկոչական հանդիպումը:
Հանդիպումին սկիզբը ցուցադրուեցաւ այս առիթով Ուսումնական խորհուրդին եւ Առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժանմունքին կողմէ պատրաստուած տեսանիւթ մը, որուն մէջ ներկայացուած էին Գեղանի Էթիէմէզեանի մասին վկայութիւններ: Ապա ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլէճի աշակերտներէն Րաֆֆի Չիլինկիրեան, Նաթալի Աբոքեան եւ Սէրլի Նեմշէհիրլեան, որոնք տուտուկով մեկնաբանեցին «Տէր, ողորմեա՛»-ն:
Ոգեկոչական խօսք արտասանեց Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեան: Ան նկատել տուաւ, որ «Երեւոյթ էր օրիորդ Գեղանին` լիբանանահայ ազգային վարժարաններուն 50 տարիներու իր անխոնջ ծառայութեամբ: Իսկ երեւոյթները միշտ չէ, որ կը կրկնուին: Օրիորդ Գեղանին իր գիտակից կեանքը ապրեցաւ հայ դպրոցին մէջ եւ հայ դպրոցին համար: Եղաւ ուսուցիչ, Լիբանանահայ ուսուցչական միութեան վարչութեան անդամ, տնօրէն, հայ լեզուի դասագիրքի հեղինակ եւ համահայկական կրթական համագումարներու զեկուցաբեր: Գործակցեցաւ տարբեր սերունդներու հետ, կուտակեց հարուստ փորձառութիւն, կերտեց մեծ վաստակ` անջնջելի հետք ու դրոշմ ձգելով իր աշակերտներուն եւ գործակիցներուն մօտ»:
Վիգէն Աւագեան հաստատեց, որ օրիորդ Գեղանի 55 տարի ծառայեց հայ դպրութեան, հայ մտքի եւ հոգիի մշակման արուեստին, այդ տարիներէն 50-ը յատկացնելով Ազգային Նուպարեան եւ Աբգարեան վարժարաններուն, 10 տարի իբրեւ ուսուցիչ, իսկ 40 տարի` իբրեւ տնօրէն: Այնուհետեւ, հինգ տարի ան իր մասնակցութիւնը բերաւ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան դասընթացքներու` Երեւան, արեւմտահայերէնի խտացեալ դասընթացքներու` Անթիլիաս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքի դասախօսական կազմին` Պիքֆայա:
Շարունակելով իր խօսքը` Ուսումնական խորհուրդի ատենապետը ըսաւ, որ Գեղանի Էթիէմէզեանը եղաւ հոգատար մայր եւ քոյր բոլորին, մանաւանդ որ անոր կրթական ծառայութեան դաշտը առաւելաբար ընդգրկեց Նորաշէնի եւ Նոր Ատանայի ժողովրդային համեստ խաւերը, եւ իր անձնական վկայութեամբ հաստատեց, որ իրենց պաշտօնակցութեան երկար տարիներուն, տնօրէններու պարբերական ժողովներուն օրիորդ Գեղանի յաճախ կը խոստովանէր, թէ ժամանակին մեծագոյն մասը կ՛անցընէ աշակերտներու առօրեայ դժուարութիւններուն լուծումներ գտնելու ճիգով, հոգեմտաւոր կրթութեան կողքին, յաճախ նաեւ կրթութենէ՛ առաջ, զբաղելով իւրաքանչիւր աշակերտի ընկերային կենսական պահանջները ապահովելու աշխատանքով: Սակայն այդ անհատնում ճիգին ու ժամանակին համար օրիորդ Գեղանի երբեք չէր դժգոհեր, սակայն որովհետեւ քաջ կը գիտակցէր, որ մարդը մարդ է այնքանով, որ կը գործէ ուրիշին համար:
«Օրիորդ Գեղանի ուրիշին համար գործող մարդու տեսակէն էր, եւ այդ պատճառով ալ տնօրէնութեան պաշտօնը իրեն համար երբեք փառք ու պատիւ չեղաւ, դիրք ու հանգամանք չդարձաւ: Ընդհակառակն, տնօրէնութիւնը եղաւ ու մնաց անսպառ ծառայութեան, տեւական մաշումի ասպարէզ, որուն շատ բան տուաւ ան, հոգեկան գոհունակութենէ անդին` շատ քիչ բան ստանալով անկէ», շեշտեց Վիգէն Աւագեան` աւելցնելով, որ զարմանալի պէտք չէ թուի այս պարագան, որովհետեւ օրիորդ Գեղանի կու գար հայկական աւանդական ու միութենական ծանօթ ընտանիքէ մը, որ լուռ ու խոնարհ ծառայութիւնը ընտրած էր իբրեւ կեանքի սկզբունք: Հալէպէն մինչեւ Պէյրութ անուրանալի եղած է Էթիեմեզեան ընտանիքի անդամներուն` Օհանին, Վազգէնին, Երուանդին, Գեղանիին, Վեհանին եւ Արփիին ներդրումը մեր ազգային կեանքին:
Վիգէն Աւագեան յայտնեց, որ օրիորդ Գեղանի ապրեցաւ բազմաթիւ յուսախաբութիւններ եւ դառնութիւններ, բայց մնաց հաւատքի, համոզումի եւ անշահախնդիր աշխատանքի մարդ: «Հայութեան հանդէպ իր հաւատքն էր, որ պատանի տարիքին զինք առաջնորդեց ՀՄԸՄ-ի շարքեր, ուր Հալէպի արծուիկական շարքերէն ան հասաւ մինչեւ Անթիլիասի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդ եւ Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդ:
«Հայ մշակոյթին հանդէպ բուռն հաւատքն էր, որ չափահասութեան իր քայլերը առաջնորդեց Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային ընկերակցութիւն, որուն երկարամեայ իր նուիրումը յատկանշուեցաւ աւանդական արժէքներու ջերմ պաշտպանութեամբ եւ միութենական սկզբունքներու անզիջելի կապուածութեամբ: Օրիորդ Գեղանի մաս կազմեց Գրիգոր Շահինեանի գլխաւորած Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան այն կազմին, որ հաւատքը, տեսիլքն ու կամքը ունեցաւ լիբանանահայութիւնը օժտելու «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնով: Աւելի ուշ ան մաս կազմեց Համազգայինի համագաղութային կառոյցի անդրանիկ Կեդրոնական վարչութեան, ապա` երկու շրջան եւս գործելով այդ կազմին մէջ:
«Եւ դեռ, մեր ժողովուրդի անկատար իղձերուն հանդէպ հաւատքն էր, որ օրիորդ Գեղանին մղեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարական ծառայութեան` դառնալով կուսակցութեան անկեղծ զինուորը եւ անմնացորդ նուիրեալը», ըսաւ ան:
Վիգէն Աւագեան դիտել տուաւ, որ օրիորդ Գեղանի իր կատարած բոլորանուէր ծառայութիւններուն համար արժանացաւ գնահատական երեք շքանշանի` սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենի լեզուի դեսպան»-ի շքանշանին` 2014-ին, ՀՄԸՄ-ի «Ծառայութեան» շքանշանին` 2015-ին եւ Համազգայինի «Արժանեաց` շքանշանին` 2019-ին: Իր գնահատականներուն մեծագոյնը, սակայն, ան ստացաւ իր շունչին տակ հասակ առած հազարաւոր աշակերտ-աշակերտուհիներէ` արժանանալով անոնց անսակարկ յարգանքին, սիրոյն եւ ակնածանքին:
«Օրիորդ Գեղանին ֆիզիքապէս չկայ այլեւս, սակայն անոր յիշատակը, վաստակաշատ կրթական մշակի, ազգային-մշակութային նուիրեալ գործիչի իր օրինակը անջնջելի կը մնայ հաւաքական մեր կեանքին մէջ: Սերունդները պիտի յիշեն իրենց արժանաւոր դաստիարակը, տնօրէնը եւ հաւատաւոր հայը, որ կեանքին վերջալոյսին ցաւն ու տառապանքը ունեցաւ ընտանիքին անդամներէն իւրաքանչիւրին հետ քիչ-քիչ մեռնելու, մինչեւ որ անարգ մահը զինք եւս զգետնեց վերջնականապէս», ըսաւ Վիգէն Աւագեան եւ եզրափակելով իր խօսքը` դիտել տուաւ, որ իր ապրած կեանքի յուշերն ու փորձառութիւնները, որոնք մահէն տարի մը առաջ ամփոփուած եւ «Ստուերներ» անունով հատորի մը մէջ լոյս տեսած էին Հայաստանի մէջ. այսօր, մահուան քառասունքին առիթով, հատորը կը վերահրատարակուի Լիբանանի մէջ եւ կը բաժնուի ներկաներուն:
Այնուհետեւ, Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտ Կարէն Գազանճեան մեկնաբանեց «Մարտիկի երգը»:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան իր արտասանած սրտի խօսքին մէջ ըսաւ, որ Գեղանի Էթիէմէզեան եղաւ սփիւռքահայ տիպար ընտանիքի մը ներկայացուցիչը, որ ամբողջ կեանքը անսակարկ ծառայեց եւ ծառայեց ոչ միայն գիտակցելով մեր կրթութեան եւ մշակոյթի արժէքներուն մեր կեանքին մէջ, այլ` այդ բոլորը ապրելով, որովհետեւ իր կրթական գործէն դուրս ամբողջութեամբ ներծծուած էր մշակոյթով եւ անընդհատ կը սնանէր մեր արուեստի դպրութեան մեծագոյն գործիչներէն, որպէսզի ինք իր կարգին ուսուցանէ եւ ներշնչէ նորահաս սերունդները: Քէշիշեան յայտնեց նաեւ, որ Գ. Էթիէմէզեանի հիմնական առաքելութիւնը եղաւ նաեւ, ՀՄԸՄ-ական եւ տնօրէնուհի ըլլալու կողքին, ըլլալ համազգայնական` երկար տարիներ մաս կազմելով Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, զանազան յանձնախումբերու, նաեւ երեք շրջան ըլլալու Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գործօն անդամներէն մէկը:
Ոգեկոչական հանդիպումին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Ան ըսաւ, որ բոլորս աշխարհէն անցորդներ ենք. մեզմէ ոմանք կ՛անցնին առանց իրենց ետին վաստակ կամ հետք ու արդիւնք ձգելու, իսկ ուրիշներ կ՛անցնին, եւ ահաւասիկ զիրենք կը յիշենք երախտիքով, քաջ գիտնալով, որ իրենց ձգած վաստակը իրենցմէ ետք երկար կ՛ապրի:
Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, որ Գեղանի Էթիէմէզեան եղած է հետաքրքրական ընտանիքի անդամ մը: Ընտանիք մը, որուն մէջ մշակոյթը, կրթական կեանքը, գաղափարական աշխարհը` բոլորը ընդելուզուած էին, եւ բոլորը միասին կը նայէին դէպի ազգային ծառայութեան ասպարէզ: Այդ ձեւով ճանչցանք Էթիէմէզեան ընտանիքը, եւ այդ յիշատակով նաեւ անոնք կ՛ապրին մեր մէջ: «Վարձքը կատար կ՛ըսենք օրդ. Գեղանիին` քաջ գիտնալով, որ իր հաւատքին եւ սպասումներուն համաձայն, իրմէ մասնիկ առ մասնիկ հոսած արժէքները պիտի շարունակուին արդիւնաւորել մեր կեանքը», շեշտեց Սրբազան Հայրը` աղօթելով, որ մեզմէ բաժնուող տիտաններուն տեղ Աստուած նոր մշակներ զօրակոչի ենթարկէ, որպէսզի մեր ազգային կեանքը իր բոլոր երեսներով ընդմիշտ շարունակուի եւ պայծառացնէ մեր կեանքը:
Ոգեկոչական հանդիպումը փակուեցաւ Սրբազան Հօր աղօթքով: