Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 21 փետրուարի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մհեր Ջուլհաճեան» աշակերտական շարադրական մրցումի 2023-2024 տարեշրջանին մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեանի եւ վարչութեան անդամներու, Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան նախագահ Պերճ Աբգարեանի, Ուսումնական խորհուրդի եւ արցախեան ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի ընտանիքի անդամներուն, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու, ուսուցիչներու, մրցանակակիր աշակերտներու եւ ծնողներու:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, հանդիսութեան Ուսումնական խորհուրդի խօսքը արտասանեց Նորա Բարսեղեան: Ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Մհերի կենսագրական գիծերը` շեշտելով, որ ան սիրած էր հայութիւնը, լեզուն, մշակոյթը, մահուան չափ պաշտած էր հայրենիքն ու Արցախը եւ երդուած էր ամէն գնով ծառայել ազգին ու հայրենիքին, ուստի, ան նշեց, որ եթէ Մհեր Ջուլհաճեանի նման նկարագիրի ու համոզումներու տէր անձ մը մասնակցած չըլլար արցախեան առաջին պատերազմին, անպայման պիտի մասնակցէր 44-օրեային: Բարսեղեան հաստատեց, որ Մհերին եւ անոր ժամանակակիցներուն մղած պայքարը յաղթանակով աւարտեցաւ, ազատագրուեցաւ Արցախը, իսկ 44-օրեայ պատերազմին յանձնուողական աւարտը, Արցախի կորուստը ծանր հարուած եղան համայն հայութեան: «Այս առիթով, Մհերին նկատմամբ մեր յարգանքին զուգահեռ, պատեհ է նաեւ խոնարհիլ Արցախի բոլոր ազատամարտիկներուն յիշատակին դիմաց եւ խոստանալ` իւրաքանչիւրս մեր ձեւով շարունակել պայքարը, կառչիլ հայութեան, հայկական արժէքներուն եւ իրաւունքներուն»:
Ն. Բարսեղեան յիշեց ու յիշեցուց, որ նոյնը օրը` 21 փետրուարը, Մայրենի լեզուի միջազգային օր է, եւ ի՛նչ գեղեցիկ զուգադիպութիւն, որ մենք եւս համախմբուած ենք մայրենի լեզուով իրենց ապրումներն ու մտածումները թուղթին յանձնած հայ աշակերտները գնահատելու, քաջալերելու, որ ոչ միայն խօսին, կարդան ու գրեն հայերէնով, այլ սիրեն մեր ոսկեղենիկը, պահպանեն զայն ու իրենց կարգին փոխանցեն յառաջիկայ սերունդներուն: Ան շնորհաւորեց բոլոր մրցանակակիր աշակերտները եւ յայտնեց, որ անոնք պիտի ստանան նիւթական պարգեւներ` տրամադրուած Ջուլհաճեան ընտանիքին կողմէ: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց մրցանքի դատական կազմի անդամներուն եւ մրցանքին մասնակցած վարժարաններու տնօրէններուն, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն:
Եզրափակելով իր խօսքը, Նորա Բարսեղեան կոչ ուղղեց աշակերտներուն` սիրելու ամէն ինչ, որ հայկական է, պանծացնելու մայրենի լեզուն ու հայկական մշակոյթը, հայկական դպրոցի կողքին, անդամակցելու հայկական միութիւններու, մշակութային կառոյցներու, բարեսիրական հաստատութիւններու, իրենց կարելիութեան չափ ծառայելու ազգին, որպէսզի անիկա ապրի, զարգանայ եւ գոյատեւէ:
Օրուան պատգամախօսն էր Ազգային վարչութեան ատենադպիր Րաֆֆի Կէօվօղլանեան, որ անդրադառնալով Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած հայերէնով շարադրական մրցանքին` լուսարձակի տակ առաւ զոյգ կէտեր. Ա) Մհեր Ջուլհաճեանի նման ազգային հերոսի մը յիշատակը անթառամ պահելով` դաստիարակիչ յստակ ու ազդու պատգամ մը կը փոխանցուի մերօրեայ հայ պատանիին եւ երիտասարդին, Բ) 21 տարի շարունակ ու տակաւին շատ տարիներ դէպի յառաջ վճռակամութեամբ ու հաստատամտութեամբ` պիտի շարունակուի առաքինի նպատակ մը հետապնդող այս մրցանքը, որ պատանիներուն մէջ զարկ կու տայ հայերէնի զարգացման, տիրապետումին ու սիրոյ: Կէօվօղլանեան շեշտեց, որ յիշեալ զոյգ առանձնաշնորհումները կը վայելեն միմիայն հայկական վարժարան յաճախող աշակերտները, ցաւ յայտնելով, որ այսօր մեր միջավայրին մէջ դժբախտաբար կան նաեւ մեծ թիւով հայորդիներ, որոնք զրկուած են հայկական վարժարանի ապահով, մաքուր ու օգտաշատ մթնոլորտէն եւ կը յաճախեն արտաքնապէս փայլուն թուացող վարժարաններ, ուր կան առաջնահերթութիւններու խախտում, արժեհամակարգի շփոթ, չափանիշերուն վերիվայրում ու այս բոլորին կողքին` խաբուսիկ ու շլացնող արհեստական երեւոյթներ, որոնք մեզ կը փորձեն շեղել` ճշմարիտէն, կարեւորէն, ազգայինէն եւ օգտակարէն: «Այս հոսանքներուն եւ մարտահրաւէրներուն դէմ ամուր դիմադրողականութիւն ունենալու համար հարկ է, որ մարդ ունենայ զօրաւոր ու խոր արմատներ` ամրօրէն կառչած մնալու սկզբունքային, մնայունին եւ յաւերժականին», շեշտեց բանախօսը` աւելցնելով, որ հայ մատղաշ անհատին համար այս ամուր արմատները կը կերտուին հայկական վարժարանին մէջ, անոր ապահով ու հարազատ երդիքին տակ, ուր կայ պարարտ հող` հայկականութեամբ բաբախող սերունդներ կոփելու:
Պատգամախօսը դիտել տուաւ, որ Մհեր Ջուլհաճեան բոլորին ծանօթ է իբրեւ ազգային հերոս, որ հայրենիքին ու Արցախին համար իր ամէնէն թանկը նուիրաբերեց, բայց իրեն համար Մհեր մտերիմ ընկեր է, որուն հետ ապրած քանի մը դրուագներ ներկայացուց իր խօսքին մէջ` արտացոլացնելով Մհերին ազգասիրութիւնն ու մահուան նկատմամբ անվախութիւնը:
Կէօվօղլանեան հաստատեց, որ Մհեր Ջուլհաճեան եւ անոր նման պատմութիւն կերտած կտրիճ հերոսներ այսօրուան հայ պատանիին եւ երիտասարդին կը փոխանցեն հետեւեալ պատգամը. ամուր կառչած մնալ մեր սկզբունքներուն, ազգային արժէքներուն եւ հաւատամքին, չտարուիլ մերօրեայ փայլուն երեւոյթներով, որովհետեւ անոնց անարժէք ու անիմաստ ըլլալը ի յայտ պիտի գայ, եւ պէտք է փնտռել ու գտնել ներքին ու մնայուն փայլունը, ոչ արտաքինը, յանդգնօրէն դիմագրաւել մեր դիմաց ծառացած բոլոր խոչընդոտները ու հաստատ քայլերով բարձրանալ` մինչեւ հասնինք մեր առաքինի եւ գերագոյն նպատակներուն, շեշտելով, որ այս կէտերը իրականացնելու լաւագոյն եւ ամենաբերրի միջավայրը հայ դպրոցին պարարտ ու հարազատ հողն է: Եզրափակելով իր խօսքը` ան շնորհաւորեց մրցանակակիրները, բոլոր մասնակցողները, անոնց ծնողները, տնօրէններն ու ուսուցիչները` իրենց ժրաջան, հոգատար ու արդիւնաբեր աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ` նախաձեռնողներն ու կազմակերպողները, փափաք յայտնելով եւ մաղթելով, որ այս տեսակի մրցումներ յաճախ կայանան` թափ տալու մեր աշակերտութեան տաղանդին, կարողականութեան եւ ունակութիւններուն` զանոնք մղելով աւելի բարձր արժանիքներու:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան` Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտուհի Սօսէ Խաչատուրեան, որ կարդաց Պօղոս Սնապեանի «Ես այդ շունն եմ» գիրքէն հատուած մը, իսկ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի աշակերտ Փոլ Աւետիսեան ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Բարձրացում» բանաստեղծութիւնը: Ցուցադրուեցաւ նաեւ տեսերիզ մը, ուր ներկայացուած էին 25 մայիս 2024-ին տեղի ունեցած շարադրական մրցանքէն բաժիններ եւ մրցանքին մասնակցող աշակերտներու վկայութիւններ:
Ձեռնարկին եզրափակիչ պատգամը յղեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, որ դիտել տուաւ, թէ այս առիթը փնտռուած առիթի վերածուեցաւ մեր կեանքէն ներս, որովհետեւ վստահաբար բոլորս ալ կ՛անդրադառնանք, որ մեր ուշադրութիւնը դէպի հայրենիք եւ հայրենականը առաջնորդող պահ է, որ մեզի կը թելադրէ անդրադառնալ, որ սփիւռքի մէջ հասակ առնելով եւ սփիւռքի դաստիարակութեամբ մեծնալով հանդերձ, մեր ժողովուրդի զաւակները հայրենիքը սիրելու հասկացողութիւնը յաջողած են տանիլ այն բարձունքին, որուն հասաւ Մհեր Ջուլհաճեանը, որ երիտասարդ, խանդով լեցուն տղայ էր, իր ծնողաց եւ հարազատներուն գուրգուրանքով մեծցած եւ սորված էր այն բոլոր արժէքները, որոնք կը պատկանին մեր հաւաքականութեան, եւ այդպիսով իր ուշքը ուղղած էր դէպի Հայաստան աշխարհ` ծառայելու համար իր ժողովուրդի արդար դատին, կողք կողքի պայքարելու համար հայրենի իր եղբայրներուն հետ միասին Հայաստանի հողի ազատագրութեան խնդրին, ուր արժանացաւ նահատակութեան պսակին: Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ սոյն շարադրական մրցանքը կը միտի Մհերի օրինակը` իբրեւ կենդանի իրականութիւն, փոխանցել մեր դեռատի սերունդին, որպէսզի իրենք ալ անդրադառնան, թէ մեր լեզուն, մեր բարքերը, մեր սովորութիւնները, մեր պատմութիւնը, երբեմն նոյնիսկ մեր չտեսած հայրենի հողը սիրելով` կարելի է հասնիլ փառաց պսակին: Առաջնորդը աղօթեց, որ Աստուած Մհերը արժանացնէ իր յաւերժական շնորհքներուն, նաեւ իր օրինակով նոր եւ ընտիր զաւակներ առաջնորդէ դէպի այն սրբազան արժէքները, որոնցմէ կախեալ է մեր հայրենիքի պաշտպանութեան գործը եւ մեր ինքնութեան պահպանութեան խնդիրը սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ: Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց սոյն մրցանքին մասնակցող բոլոր աշակերտները, Ջուլհաճեան ընտանիքը, որ Ազգային առաջնորդարանի ճամբով իր զաւկին յիշատակը կ՛արդիւնաւորէ այս գեղեցիկ արարքով, Ուսումնական խորհուրդը, որ իր ստանձնած պատասխանատուութիւնը եռանդով եւ գիտակցութեամբ կը շարունակ` քաջ գիտնալով, որ սերունդները կարիքը ունին այս քաղցր օրինակին, ներկաները, որոնք հաւաքուած են յարգելու նահատակ հերոս մը, նաեւ` յարգելու մեր մայրենին, մեր ազգային արժէքները, մեր պատմութիւնը, մեր սովորութիւնները, մեր հայրենիքը եւ վաղուան մեր կեանքին համար ներշնչում գտնելու, որպէսզի նոր եռանդով շարունակենք մեզի վստահուած գործը:
Այնուհետեւ կատարուեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` ձեռամբ Սրբազան Հօր, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեանի եւ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեանի: Շարադրական մրցանքի առաջին, երկրորդ, երրորդ եւ եւ պատուոյ յիշատակութեան հանդիսացողները ստացան նիւթական պարգեւներ եւ յատուկ հաստատագիրներ:
Ձեռնարկի աւարտին ներկաները ստացան 2024-ին լոյս տեսած «Մհերը` ներշնչման աղբիւր» գիրքէն օրինակներ: