Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին. Գարնան Առաջին Օրուան Նուիրուած Ընկերային Հաւաք` Ազգային Վարժարաններու Կրտսեր Աշակերտներու Համար

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 21 մարտ 2025-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային վարժարաններու մանկապարտէզի եւ առաջինէն երրորդ դասարաններու աշակերտներու միացեալ ընկերային հաւաքը` գարնան առաջին օրուան առիթով:

Այս առիթով Ուսումնական խորհուրդին անունով խօսք առաւ Նարէ Գալեմքէրեան: Ան նշեց, որ գարնան առաջին օրը յոյսի նշան է, եւ մեր աշակերտները արժանի են, որ գունաւոր ծաղիկներու նման ունենան գունազարդ օրեր: Ան աւելցուց, որ այս հաւաքը առիթ է, որպէսզի ազգային վարժարաններու աշակերտները քով-քովի գան եւ միասին անցընեն ուրախ եւ հաճելի պահեր:

Ապա բեմ բարձրացաւ «Լուսիկն ու իր ընկերները» խումբը, որ աւելի քան մէկ ժամ գարնանային երգերով ու դերակատարներով ստեղծեց խանդավառ մթնոլորտ: Աշակերտները երգեցողութեամբ, պարերով եւ խաղերով բերին իրենց մասնակցութիւնը: Աւարտին հաւաքին ներկայ աշակերտները ստացան ծաղիկներով զարդարուած հիւրասիրութիւն եւ իրենց վարժարանները վերադարձան գարնանային բարձր տրամադրութիւններով, ուրախ ու խանդավառ:

Յայտնենք, որ գարնան առաջին օրուան նուիրուած հաւաքին մասնակցեցան` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը, Ազգային Միացեալ վարժարանը եւ Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանը: