Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ, 29 մարտ 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան դրութեամբ կազմակերպուող «Մհեր Ջուլհաճեան» աշակերտական շարադրական մրցանքը:
Մրցանքին մասնակիցները ողջունեց Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեան: Ան ըսաւ, որ «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքին այս տարի իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն լիբանանահայ 12 վարժարաններէ 73 աշակերտ-աշակերտուհիներ` երկրորդականի, միջնակարգի եւ նախակրթարանի բաժիններէ: Մրցանքը 2003-ին հաստատուած է նահատակ Մհեր Ջուլհաճեան ընտանիքին կողմէ` ի յիշատակ արցախեան առաջին պատերազմին զոհուած լիբանանահայ ազատամարտիկին, որ ազգային վարժարանի շրջանաւարտ էր, յանձնառու երիտասարդ էր եւ ամրօրէն կապուած էր իր հայրենիքին, որուն համար ան նուիրաբերեց իր գերագոյնը` կեանքը, 26 տարեկան հասակին:
«Մհերը կռուեցաւ ազերիին դէմ,- ըսաւ Աւագեան,- դուք կը կռուիք ձուլումի եւ այլասերման դէմ: Մհերը կռուեցաւ Արցախի համար, Արցախը հայութեան պահելու համար, դուք կը կռուիք ձեր ինքնութիւնը պահելու եւ հայկականութիւնը պահպանելու համար: Մհերին համար կռուի դաշտը Արցախն էր, ձերը` սպիտակ թուղթն է, զոր կը լեցնէք հայկականութեամբ` հայեցի ապրումներով, մտածումներով, գիրերով եւ ապրումներով: Դուք Մհերին կռիւը կը շարունակէք գրասեղաններու ետին, մինչեւ որ օրին մէկը դուք եւս մեծնաք եւ ճշդէք կռուի ձեր եղանակն ու միջոցները, որոնցմով պիտի նպաստէք հայութեան դատին եւ հայրենիքին»:
Ուսումնական խորհուրդի ատենապետը խրախուսեց մրցանքին մասնակից աշակերտները եւ ըսաւ, որ լաւ գրելու համար պէտք է լաւ կարդալ, շատ կարդալ, գիտելիք, մտածում ամբարել, ոճ եւ բառապաշար ունենալ: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց մրցանքի մասնակից վարժարաններու տնօրէնութիւններուն, հայերէնի ուսուցիչներուն եւ աշակերտներու ծնողներուն, որոնք կը հաւատան հայ դպրոցին եւ անոր առաքելութեան: Աւարտին Վիգէն Աւագեան յաջողութիւն մաղթեց մրցանքի մասնակից աշակերտներուն եւ նշեց, որ մրցանակակիրները պիտի ստանան Ջուլհաճեան ընտանիքին կողմէ տրամադրուած նիւթական պարգեւներ, իսկ բոլոր մասնակիցները` Ուսումնական խորհուրդին կողմէ հրատարակուած «Մհերը` ներշնչման աղբիւր» գիրքէն օրինակներ:
Յայտնենք, որ Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական այս տարուան մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ հետեւեալ վարժարաններու նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժիններէն աշակերտ-աշակերտուհիներ. Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարան, Վահան Թէքէեան վարժարան, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան, ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան, Ազգային Միացեալ վարժարան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք:
Մրցանքին տեւողութիւնը մէկ ժամ էր նախակրթարանի, իսկ երկու ժամ` մնացեալ կարգերուն համար: Իւրաքանչիւր բաժինի համար` նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական, սահմանուած էր երեք նիւթ, որոնցմէ աշակերտը պիտի ընտրէր մէկը:
Մրցանքին արդիւնքները յառաջիկային պիտի յայտարարուին մամուլով: