Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հռչակած «Սփիւռքի Տարուան» ծիրէն ներս, մնայուն կ՛աշխատի, յանուն մեր ժողովրդեան, առաւելագոյնս ձեռք երկարել լիբանանահայ տագնապահար գաղութին:
Շաբաթ, 5 Փետրուար 2022, Առաջնորդ Սրբազան Հօր նոյնատիպ երկրորդ նախաձեռնութիւն-առաջարկին ընդառաջեց՝ Արեւմտեան Թեմի Ազգային վարչութեան անդամ Կարպիս Պեզճեան, որ ստանձնեց Լիբանանի Ազգ. վարժարաններ յաճախող հարիւր (100) նոր աշակերտներու կրթաթոշակին հովանաւորութիւնը, 2022-2023 տարեշրջանի համար:
ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմը, Թորգոմ Եպս.-ի գլխաւորութեամբ եւ իր Կրօնական Ժողովով, Ազգային վարչութեամբ եւ ծուխերով խորապէս կը զգայ լիբանանահայութեան ներկայ ծանր իրավիճակը եւ զանազան միջոցներով կը փորձէ մեղմել Լիբանանի մերազն ժողովուրդի ցաւերը:
Վարձքը կատար՝ բոլոր զօրակից եւ հայանուէր բարերարներուն, հովանաւորներուն եւ յայտ ու անյայտ բոլոր անոնց, որոնք օգնութիւն կը ցուցաբերեն հայ ազգի ուշադրութեան կարօտ հատուածներուն: