30 նոյեմբեր 2018-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ»-ին մեկնարկը, որմէ գոյացաւ 118.500 ամերիկեան տոլար: Այս առիթով Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս մեր ժողովուրդի զաւակներուն յղեց ներքեւի կոչը:
Սիրելի՛ հայորդիներ,
Մեր նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութիւնը Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին հոգեւոր-ազգային առաքելութեան ամէնէն կարեւոր բնագաւառներէն մին է, որ կ՛իրագործուի Ազգային վարժարաններու ցանցով:
Ազգային իշխանութեան սկզբունքն է` ամէն ճիգ ի գործ դնել, որպէսզի նիւթական անձկութեան պատճառով հայ աշակերտներ չզրկուին հայկական վարժարանի եզակի մարդակերտումէն:
Կը հաւատանք, որ լիբանանահայ ապագայ սերունդին առողջ կազմաւորումը թէ՛ Լիբանանին եւ թէ՛ հայ սփիւռքին մարդուժի ապահովման կը ծառայէ:
Այս օրհնեալ առաքելութիւնը շօշափելի իրականութիւն կը դառնայ մեր բոլորին հայադրոշմ զոհողական օժանդակութեամբ:
Այս նպատակին համար, հաստատած ենք «ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ»-ը, որուն միջոցով տարեկան 250 ամերիկեան տոլար նուիրելով` հայորդի մը կարելիութիւնը կ՛ունենայ հայ աշակերտի մը տարեկան կրթաթոշակի ծախսին մասնակից դառնալու` կապ պահելով Ազգային առաջնորդարանին հետ (հեռ. 01-258301, 70-258301, ե-նամակ [email protected]): Կը հրաւիրենք ձեզ, որ նուազագոյնը մէկ աշակերտ հովանաւորէք:
Վստահ ըլլալով, որ պիտի քաջալերէք մեր այս ազգօգուտ նախաձեռնութիւնը, ձեզի քաջառողջութիւն կը մաղթենք եւ առաքեալին հետ կը կրկնենք.- «Ձեր այս օժանդակութեամբ ապացոյցը տուած պիտի ըլլաք ձեր քրիստոնէական հաւատքին եւ երախտագիտութեամբ պիտի աղօթեն ձեզի համար, այն բացառիկ շնորհքին համար, որ Աստուած ձեզի տուած է» (Բ.Կր 9.13-14):
Աղօթարար`
ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց