Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հաղորդագրութիւն. Թալին Մարտիրոսեան Նշանակուեցաւ Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տնօրէն

Ի հետեւումն մեր 7 յունիս 2016-ին հրապարակած հաղորդագրութեան, ուրախ ենք յայտնելու որ Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը, չորեքշաբթի, 6 յուլիս 2016-ին գումարած իր հերթական ժողովին, քննարկելէ ետք Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան կառոյցը, տնօրէն նշանակեց տիկին Թալին Մարտիրոսեանը: Ան իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 2016-2017 վերամուտին եւ հսկէ դպրոցներու միաւորման եւ Միացեալ վարժարանի 2017-2018 անդրանիկ տարեշրջանի վերամուտի պատրաստութեան աշխատանքներուն: Յառաջիկային, տնօրէնութիւնը պիտի համալրուի նաեւ վարչական եւ հայերէնագիտական նիւթերու պատասխանատուներով: Ազգային վարչութեան կողմէ յառաջանալիք մասնագէտ անձնաւորութիւններէ բաղկացած կրթական խորհուրդ մը պիտի սատարէ տնօրէնութեան աշխատանքներուն:

Մօտիկ ապագային պիտի յայտարարուին Կրթական խորհուրդի, ինչպէս նաեւ Միացեալ վարժարանի հոգաբարձուներու խորհուրդի եւ հանգանակիչ մարմինի կազմերու անուանացանկերը:

Թալին Մարտիրոսեան ներկայիս կը հետեւի  Հայկազեան համալսարանի կրթական վարչագիտութեան մագիստրոսական ծրագիրին եւ շուտով պիտի ներկայացնէ իր աւարտաճառը: 2006-2007 տարեշրջանին հետեւած է Հայկազեան համալսարանի մանկավարժական-դասաւանդութեան յատուկ ծրագիրին եւ վկայուած 2007-ին: 1991-1994 տարիներուն յաճախած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը եւ ստացած ուսողութեան պսակաւոր գիտութեանց վկայական:  Ան աւարտած է Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճը:

1994-1997 տարիներուն,  Թալին Մարտիրոսեան պաշտօնավարած է Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի եւ Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանին մէջ: 1998-էն մինչեւ օրս, ան կը պաշտօնավարէ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ` իբրեւ բարձրագոյն կարգերու ուսողութեան ուսուցիչ:

2013-ին, ան նշանակուած է նաեւ ազգային ութ վարժարաններու ուսողութեան դասանիւթի ընդհանուր համակարգող:

Թալին Մարտիրոսեան կանուխ տարիքէն մաս կազմած է մեր հանրային կեանքին եւ եղած գործօն անդամ պատանեկան, երիտասարդական եւ ուսանողական միութեանց` ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ