Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հաղորդագրութիւն. Լիբանանահայ Օժանդակութեան Պէզիքեան Ծրագիրի Գործադիր Վարչութիւնը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

Ի գիտութիւն մեր ժողովուրդին այսու կու գանք տեղեկագրելու, որ Լիբանանի հայոց թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի նախագահութեամբ, Լիբանանահայ օժանդակութեան Պէզիքեան ծրագիրի գործադիր վարչութիւնը իր աշխատանքը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու նպատակով յառաջացուց իր դիւանը` հետեւեալ կարգով.

Ատենապետ՝      Յակոբ Լատոյեան
Ատենադպիր՝    Գոհար Գանտահարեան
Գանձապահ՝      Րաֆֆի Սիսլեան
Խորհրդական՝   Սիլվա Սողոմոնեան
Զուիցերիայէն՝  Անի Պէզիքեան եւ Ալեքքօ Պէզիքեան

Յայտնենք, որ Ազգային առաջնորդարանին մէջ վարչութիւնը արդէն իսկ ունեցած է շարք մը կարեւոր հանդիպումներ, հաստատած` կարիքաւորներու պայմանները ճշդող եղանակ, սահմանած` օժանդակութեան կտրօններու պատրաստութեան ու փոխանցման ձեւ եւ ճշդած` ընտանիքներու այցելութեան համար որոշ մանրամասնութիւններ:

Յառաջիկայ օրերուն սկիզբ պիտի առնէ նաեւ կամաւորներու հաւաքագրումի գործը ու վերջնական ձեւ պիտի ստանան հինգ ամիսներու վրայ երկարող նպաստ տրամադրելու աշխատանքները: