Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հաղորդագրութիւն. Լիբանանի Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի

Լիբանանի թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը ուրբաթ, 10 փետրուար 2023-ի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ գումարեց 2023 տարուան իր առաջին ժողովը` քննելու համար ընթացաւարտ Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի աշխատանքները եւ ընտրելու համար յառաջիկայ երկամեակի Ազգային նոր վարչութիւնն ու Կրօնական ժողովը:

Ժողովը բացուեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի աղօթքով: Ապա, ժողովականները քննարկեցին անցնող 33 ամիսներուն արտակարգ պայմաններու մէջ գործած Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային վարչութեան տեղեկագիրներն ու Ազգային առաջնորդարանի խորհուրդներուն եւ յանձնախումբերուն գործունէութեան զեկուցումները, հաստատելով, որ`

Ա.- Մայիս 2020-էն փետրուար 2023 երկարող ժամանակաշրջանը եղած է տագնապալի շրջան մը լիբանանահայութեան եւ թեմական գործունէութեան համար: Երկրի քաղաքական բարդ կացութիւնը, քորոնայի համաճարակը, Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը եւ տնտեսական սուր տագնապը, ստեղծած են ճգնաժամային ծանրակշիռ պայմաններ, որոնց մէջ Ազգային մարմինները գործած են գիտակից պատասխանատուութեամբ եւ նուիրեալ յանձնառութեամբ` ապահովելով լիբանանահայութեան հաւաքական կեանքին կենսունակ եւ առողջ գործունէութիւնը:

Բ.- Լիբանանը հարուածող իրերայաջորդ տագնապները լուրջ դժուարութիւններու մատնած են Ազգային առաջնորդարանը, անոր հովանիին տակ գործող Ազգային վարժարանները եւ բոլոր կառոյցները, որոնք իրենց գոյատեւումը ապահովելու համար ի գործ դրած են հսկայական ճիգ եւ աշխատանք: Այդ ճիգերուն արդիւնաւորման մեծապէս նպաստած են ազգային մեր բարերարները, որոնց նիւթական աջակցութեան կարեւորագոյն բաժինը յատկացուած է մեր ժողովուրդի օրէ օր բազմացող ընկերային կարիքներուն: Ազգային Առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը կատարած է նկատառելի աշխատանք: Յառաջիկային աշխատանքի ծիրը պէտք է աւելի ընդլայնել` հասնելու համար առաւելագոյն թիւով կարօտեալներու:

Գ.- Լիբանանահայութիւնը եւ Լիբանանի հայոց թեմը անցնող տագնապալի երեք տարիները չէին կրնար պատուով դիմագրաւել, եթէ երբեք իրենց կողքին չունենային մնայուն աջակիցներ: Ազգային երեսփոխանական ժողովը անհուն շնորհակալութեամբ եւ երախտարժան գոհունակութեամբ կը յիշէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ արժանընտիր գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, որ ինչպէս լիբանանահայ կեանքի դժնդակ բոլոր փուլերուն, անցնող երեք տարիներուն եւս, հայրապետական բացառիկ հոգածութեան արժանացուց Լիբանանի հայոց թեմը` իր օրհնաբեր այցելութիւններով, պատգամներով եւ գործնական աջակցութեան զանազան արտայայտութիւններով: Վեհափառ հայրապետին խրախուսական կոչերուն ընդառաջելով` կաթողիկոսութեան կարգ մը թեմեր օգնութեան շնորհապարտ ձեռք երկարեցին Ազգային մեր վարժարաններուն:

Դ.- Անցնող երեք տարիները իրենց ժխտական անդրադարձը ունեցան ազգային մեր կառոյցներու ո՛չ միայն նիւթական, այլեւ` մարդկային կարողութիւններուն վրայ: Երիտասարդ եւ յանձնառու հոգեւորականներու թէ աշխարհականներու պատրաստութեան աշխատանքը ակամայ դանդաղեցաւ հասկնալի պատճառներով: Հետեւաբար, Ազգային երեսփոխանական ժողովը պարտք դրաւ յառաջիկայ երկամեակի Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովին վրայ` այս ուղղութեամբ դիմելու անմիջական քայլերու, որպէսզի մեր կառոյցները անյապաղ օժտուին ծառայողներու համապատասխան մարդուժով:

Ե.- Երեսփոխանական ժողովը մտահոգութեամբ արձանագրեց, որ այս օրերուն տագնապալի պայմաններ կը դիմագրաւէ լիբանանահայութեան ճակատագրակից սուրիահայութիւնը, որ երկարամեայ պատերազմէ եւ տնտեսական տագնապէ ետք, այժմ դէմ յանդիման կը կանգնի 6 փետրուարի աղէտալի երկրաշարժի հետեւանքները դարմանելու պարտաւորութեան: Երեսփոխանական ժողովը իր վշտակցութիւնը յայտնեց երկրաշարժին զոհ գացած բոլոր հայորդիներուն համար եւ շեշտեց սուրիահայութեան խոր ցաւը բաժնեկցելու եւ կարելի միջոցներով աղէտեալներուն աջակցելու իր յանձնառութիւնը:

Զ.- Երեսփոխանական ժողովը անդրադարձաւ նաեւ ազգային մեր կեանքը յուզող Արցախի հրատապ հարցին եւ կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդին` ստուար շարքերով մասնակցելու ի խնդիր Արցախի պաշտպանութեան կազմակերպուելիք Սումկայիթի եղեռնագործութեան 35-ամեակի ժողովրդային ոգեկոչական հաւաքին, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 26 փետրուարին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

Իր աշխատանքներու աւարտին, Ազգային երեսփոխանական ժողովը ընտրեց Կրօնական ժողովի, Ազգային վարչութեան եւ Հաշուեքննիչ յանձնախումբի նոր մարմիններ` հետեւեալ կազմերով.

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Արժ. Տ. Նարեկ Ա. քհնյ. Հէճինեան
Արժ. Տ. Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան
Արժ. Տ. Շնորհք քհնյ. Արթինեան
Արժ. Տ. Առաքել քհնյ. Տըմտըմեան
Արժ. Տ. Սուրէն քհնյ. Ասլանեան

ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Յակոբ Լուսարարեան
Վարդինէ Օհանեան
Գրիգոր Արսլանեան
Րաֆֆի Կէօվօղլանեան
Վահրամ Պարսումեան
Ժաք Տէմիրճեան
Յարութ Սուսանի
Լիզա Պասթաճեան
Յարութ Լագիսեան

ՀԱՇՈՒԵՔՆՆԻՉ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Ալեք Մուրատեան
Սիւզի Սէմէրճեան
Կարօ Սալխանեան

Աւարտին, Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան իր փակման խօսքին մէջ ըսաւ. «Անկասկած, շրջանային անորոշ վիճակներու եւ տագնապներու հետեւանքով, Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը կը գտնուին դժուար պայմաններու մէջ, սակայն փառք կու տանք Աստուծոյ, որ անցնող տարիներու ծանր կացութիւններուն մէջ, Ազգային առաջնորդարանը, մեր եկեղեցիները, վարժարանները, մշակութային, բարեսիրական ու համայնական կառոյցները մնացին կանգուն եւ մասամբ յաջողեցան մեր ժողովուրդի զաւակներուն ընծայել անհրաժեշտ աջակցութիւն:

«Հետեւաբար, երախտապարտ ենք բոլոր անոնց, որոնք մեր դիմագրաւած դժուարութիւններուն մէջ իրենց թանկագին օժանդակութիւնը ընծայեցին մեզի:

«Այսօր մասնաւորաբար գնահատանքս ու երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ  շրջանաւարտ Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան ու յարակից խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու կազմերուն, որոնք անցնող տագնապալի միջոցին, նուիրումով տարին Ազգային առաջնորդարանի շրջագիծին մէջ իրենց վստահուած պատասխանատուութիւնները: Աստուած վարձահատոյց ըլլայ բոլորին:

«Այս առիթով, գոհունակութեամբ կը հաստատեմ, որ տակաւին մեր ժողովուրդի զաւակները կը մնան Հայ եկեղեցւոյ կողքին եւ անոր առաքելութեան յարատեւութեան համար պատրաստակամութեամբ կը տրամադրեն իրենց ժամանակը, միջոցներն ու կարողութիւնները:

«Վստահաբար կազդուրուելու ու նոր վերելք ապրելու անհրաժեշտութիւնը ունինք: Հետեւաբար, յուսադրիչ ապագայի մը հեռանկարով, կը շնորհաւորեմ նորընտիր Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութեան կազմը եւ կը մաղթեմ, որ յօգուտ մեր Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, կը յաջողին նոր աշխատանքով յուսադրիչ մթնոլորտ ստեղծել մեր միջավայրին մէջ:

«Մաղթենք, որ  մեր միջավայրին մէջ շուտով յառաջդիմութեան եւ վերելքի պայմաններ ստեղծուին, որպէսզի մենք դարձեալ վերապրինք այն աշխուժութիւնը, որ մեր կեանքին հարազատ պատկերն էր:

«Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք նաեւ Ազգային երեսփոխանական ժողովի դիւանին ու ժողովին մասնակցող մեր հոգեւորական ու աշխարհական երեսփոխաններուն»:

Ժողովը փակուեցաւ Սրբազան Հօր պահպանիչով: