Կրթական նոր տարեմուտի մը սեմին սրտանց կը մաղթենք, որ մերօրեայ կեանքի դժուարին պայմաններուն մէջ մեր ազգային վարժարանները յաջողին` լուսաւոր ելք մը գտնելով իրենց աշխատանքին համար, հաւատարմօրէն շարունակել մեր ազգի մատղաշ սերունդի դաստիարակութեան սրբազան առաքելութիւնը:
Այսօր կարիք չկայ յիշեցնելու, թէ ծանր տագնապի մէջ կը գտնուի նաեւ հայ դպրոցը, որ` զրկուած ըլլալով սեփական նիւթական միջոցներէ ու կարելիութիւններէ, իր մարդակերտումի աշխատանքին համար ամբողջութեամբ կ՛ապաւինի ազնուասիրտ բարերարներու նիւթական եւ բարոյական զօրակցութեան: Արդարեւ, մեր կեանքին մէջ ստեղծուած են նոր վիճակներ: Քայքայուած տնտեսութեան մը պայմաններուն մէջ հայ ծնողն ալ կը դիմագրաւէ ապրուստ ապահովելու լուրջ դժուարութիւններ, հետեւաբար, անկարող է հոգալու իր զաւակին դպրոցական ծախսը:
Տուեալ պայմաններուն մէջ, հայ աշակերտը հայ դպրոցին մէջ պահելու առաջադրանքով, Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը 2020-2021 տարեշրջանին համար վճռեց անվճար ուսման կարելիութիւններ ստեղծել ազգային վարժարաններուն մէջ` վստահ ըլլալով, որ հայ աշակերտին աջակից բարեկամներ եւ հայ կրթութեան սրբազան գործին պաշտպան բարերարներ իրենց կարեւոր աջակցութեամբ կանգուն կը պահեն սերունդներու տեսիլքով կերտուած հայ դպրոցն ու հայեցի կրթութեան սրբազան աւանդը:
Ուստի, այսու կոչ կ՛ուղղենք բոլորիդ, որ 2002 թուականէն սկսեալ Ազգային առաջնորդարանին կողմէ հաստատուած «Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ին բերելիք ձեր մասնակցութեամբ օգնէք հայ աշակերտին եւ կանգուն պահէք հայ դպրոցը: Տարեկան 250 ամ. տոլարով դուք կրնաք մեր ազգային վարժարաններուն մէջ հովանաւորել հայ աշակերտի մը կրթութիւնը, իսկ միահամուռ զօրակցութեամբ աւելի մեծ վստահութեամբ միասնաբար կրնանք նայիլ մեր ժողովուրդի ապագային:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար 961-1-258-301 հեռաձայնի թիւով կրնաք կապուիլ մեզի հետ եւ կամ [email protected] ե-նամակի հասցէով գրել մեզի:
Լիայոյս ենք, որ պատրաստակամութեամբ կ՛ընդառաջէք մեր կոչին: