Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Այսու պաշտօնապէս կը տեղեկացնենք, որ վերադասաւորելով իր դիւանը, Երեքշաբթի, Մարտ 16, 2021-ին, Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութիւնը Փոխ-Ատենապետուհի ընտրեց Տիկ. Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը։
Ուստի, հաճեցէք նկատի ունենալ, որ Ազգ. Վարչութեանս ներկայ կազմը կը բաղկանայ.-
Ատենապետ՝ Տիար Ռաֆֆի Սիսլեան
Փոխ-Ատենապետ՝ Տիկ. Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան
Ատենադպիր՝ Տիար Ռաֆֆի Կէօվօղլանեան
Խորհրդականներ՝ Տիկ. Շաղիկ Կոկոնեան-Չամիչեան, Տիար Յակոբ Լուսարարեան, Տիար Արամ Գալինճեան, Տիար Ժագ Տէմիրճեան եւ Մեթր Նազօ Անտէքեան։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ