Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Արք․ Փանոսեանի, հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, գործակցութեամբ “Lions” կազմակերպութեան, Ուրբաթ, 11 Փետրուար 2022-ի կէսօրուան ժամը 1։00-ին, Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահէն ներս, սիրոյ տօնին առթիւ, բաժանմունքի տարեցներուն յատուկ ճաշ-հաւաք մը տեղի ունեցաւ։
Հանդիպումին ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան փոխ-ատենապետ եւ վարչութեան մօտ ընկերային յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ընկերային յանձնախումբի ատենապետուհին եւ անդամները, եւ աւելի քան 50 տարեցներ, որոնք քորոնա ժահրի պատուաստը ստացած էին։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ընկերային յանձնախումբի ատենադպրուհի եւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի բարգաւաճման բաժանմունքի պատասխանատու՝ Կարինէ Պալեան-Նալպանտեան։
Ապա, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Արք․ Փանոսեան օրհնեց ճաշասեղանն ու հայրական խօսքերը ուղղեց ներկայ տարեցներուն։ Հաւաքը երգերով ճոխացուց ձայնի հաղորդավար Յովսէփ Թերզեան, որ կամաւորաբար օժանդակ դարձաւ բաժանմունքիս այս ձեռնարկին։
Կամաւոր աշխատանք տարին նաեւ Պուրճ Համուտի Եկեղեցիներու տիկնանց յանձնախումբերու կարգ մը տիկիններ։
Օրուան ճաշը հովանաւորեց Lions կազմակերպութիւնը, նախագահութեամբ՝ Անի Արթինեանի, որ անձամբ ներկայ գտնուեցաւ այս ձեռնարկին։
Հարկ է նշել, թէ Ազգ. Առաջնորդարանի եւ նշեալ կազմակերպութեան կապն էր Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը։
Վարձքը կատար բոլորին եւ բարեբեր օրեր մեր սիրելի տարեցներուն։