Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հաղորդագրութիւն. 150.000.000 Լ. Ո. Նուիրատուութեամբ Երջօ Սամուէլեան Դարձեալ Կը Զօրակցի Լիբանանահայութեան

Հանրածանօթ բարերար Երջօ Սամուէլեան, Ազգային առաջնորդարանին ճամբով դարձեալ լիբանանահայութեան օժանդակութեան գործին կը յատկացնէ 150.000.000 լ. ոսկիի (հարիւր յիսուն միլիոն լիբանանեան ոսկի) սրտաբուխ նուիրատուութիւն մը:

Բարերարին փափաքով, նշեալ գումարը պիտի բաշխուի հետեւեալ եղանակով.

– 50.000.000 լ. ո.` Ազգային առաջնորդարանի «Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ին

– 50.000.000 լ. ո.` «Զուարթնոց» կեդրոնին

– 50.000.000 լ. ո.` Ազգային ծերանոցին

Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանն ու Ազգային վարչութիւնը, սրտագին շնորհակալութիւն կը յայտնեն բարերարին եւ բարձրօրէն կը գնահատեն Ազգային առաջնորդարանին ու լիբանանահայութեան հանդէպ անոր ցուցաբերած յոյժ գնահատելի շարունակական զօրակցութիւնը: