Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հաղորդագրութիւն

Այսու կու գանք պաշտօնապէս ծանուցելու, որ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան Խառն ժողովը յառաջիկայ երկամեակին համար յառաջացուց Ազգային առաջնորդարանի Դատաստանական խորհուրդը (Նախադատ ատեան), որուն մաս կը կազմեն հետեւեալ հոգեւորական եւ աշխարհական անդամները.-

– Արժ. Տ. Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քերքէզեան
– Արժ. Տ. Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան
– Արժ. Տ. Սիմէոն քհնյ.Կարապետեան
– Զօր. Փանոս Մանճեան
– Տիկին Վերժին Սարաֆեան-Խորշիտեան
– Տիար Գրիգոր Կէօքճեան

Ուրբաթ, 29 յուլիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ` Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանին եւ ներկայութեամբ Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային վարչութեան ժողովի դիւաններուն, նոր նշանակուած Դատաստանական խորհուրդը գումարեց իր անդրանիկ նիստը եւ իր դիւանը յառաջացուց հետեւեալ դասաւորումով.

– Ատենապետ`                Զօր. Փանոս Մանճեան
– Ատենադպիր`               Արժ. Տ. Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քերքէզեան

Յայտնենք, որ Դատաստանական խորհուրդը, համաձայն պետականօրէն վաւերացուած Լիբանանի հայոց անձնական իրաւանց օրէնքներուն, կը վարէ Լիբանանի հայ առաքելական համայնքին վերաբերող դատաստանական հարցերը:

Առ ի տեղեկութիւն, այսու կը յիշեցնենք նաեւ, որ Լիբանանի պետական համակարգին հետեւողութեամբ, Ազգային առաջնորդարանի դատարանը եւս արձակուրդի մէջ է մինչեւ 15 սեպտեմբեր 2016:

Յառաջիկային կը ծանուցենք դատարանի աշխատանքային նոր ժամանակացոյցը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ