Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հաղորդագրութիւն. 2017-2018 Տարեշրջանին Ազգային Վարժարաններու Կրթաթոշակները Կը Մնան Անփոփոխ

Վերջին քանի մը ամիսներուն, Լիբանանի թեմի Ազգային վարչութիւնը մօտէն հետեւեցաւ պետական մարզին համար նկատի առնուած ուսուցիչներու ամսականներու յաւելումներուն գծով որդեգրուած նոր օրինագիծին եւ այս առիթով սեփական մարզի վարժարաններուն մէջ ստեղծուած տագնապին:

Այս առիթով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանի հրաւէրով, Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցան խորհրդակցական եւ իրազեկման երկու հաւաքներ, որոնց ներկայ գտնուեցան համայնքային եւ միութենական բոլոր հայ կրթական հաստատութեանց պատասխանատու մարմինները եւ վարժարաններու տնօրէնները: Անցնող ամիսներուն, առաջնորդ սրբազանն ու Լիբանանի թեմի Ազգային վարչութիւնը մօտէն հետեւեցան նաեւ հարցի բարւոք լուծման համար տեղական սեփական վարժարաններու համախմբումին եւ այլ պատասխանատու մարմիններու ի գործ դրած ճիգերուն: Այսօրուան դրութեամբ, հակառակ առկայ բանակցութիւններուն եւ ճիգերուն, տագնապը կը շարունակէ յամենալ եւ ստեղծել ճգնաժամային վիճակ:

Անցնող ամիս, Ազգային վարչութեան կողմէ հրապարակուած մասնաւոր հաղորդագրութեամբ մը, լիբանանահայութիւնը իրազեկ դարձաւ բոլոր ազգային վարժարաններու ուսուցիչներու յետնեալ ամսականներու եւ պարտքերու փակման ամբողջական տուեալներուն, որ իրականացած էր Ազգային առաջնորդարանին կողմէ կատարուած  հսկայական նիւթական ներդրումով: Միշտ յանձնառու  ըլլալով ուսուցիչներու նիւթաբարոյական բոլոր իրաւունքներուն նկատմամբ եւ հայ դպրոցին խիստ կենսական ու անփոխարինելի դերն ու նշանակութիւնը գերխնդիր նկատելով, Ազգային վարչութիւնը կու գայ յայտարարելու.

Ա.- 2017-18 տարեշրջանին, Ազգային միացեալ, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան, Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան եւ Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարաններու կրթաթոշակները կը մնան անփոփոխ եւ այս տարեշրջանին, վարժարաններու տնօրէնութեանց ու խնամակալութեանց կողմէ կրթաթոշակի ո՛չ մէկ յաւելում կը կատարուի:

Բ.- Ինչպէս միշտ, Ազգային առաջնորդարանը կ՛երաշխաւորէ ուսուցիչներու նիւթաբարոյական բոլոր իրաւունքները եւ հետագային, երբ յաւելումներու հարցը վերջնականանայ ու բիւրեղանայ, Ազգային առաջնորդարանը կը ճշդէ նաեւ ամբողջական հատուցման եղանակը:

Գ.- Բոլոր ծնողներէն անխտի՛ր կը պահանջուի, որ այս տարեշրջանին, ճշգրիտ ժամկէտերով եւ պատասխանատու մօտեցումով տէր կանգնին իրենց նիւթական պարտաւորութեանց եւ անընդունելի ուշացումներով ու անտարբերութեամբ չծանրացնեն այլապէս արդէն իսկ դժուարացած` դպրոցներուն տնտեսական ծանր կացութիւնը: Ազգային իշխանութիւնները կը թելադրեն բոլոր Ազգային վարժարաններու պատասխանատուներուն, որ աչալուրջ ու խստապահանջ մօտեցում ցուցաբերեն կրթաթոշակներու գանձումի հոլովոյթին նկատմամբ եւ այս ծիրին մէջ ծնողքը մասնակից դարձնեն դպրոցին դիմագրաւած հարցերուն, դժուարութեանց ու մարտահրաւէրներուն:

Դ.- Այս առիթով կոչ կ՛ուղղուի Լիբանանի թէ արտասահմանի մէջ գտնուող Ազգային բոլոր վարժարաններու շրջանաւարտներուն, բարերարներուն եւ բարեկամներուն, գործնապէս մասնակից դառնալու եւ երաշխաւորելու լիբանանահայ վարժարաններուն եւ այս պարագային` Ազգային վարժարաններու առաքելութեան շարունակականութիւնը:

Ե.- Հաստատօրէն գիտակցելով լիբանանահայ գաղութի դերակատարութեան կարեւորութեան ու հայկականութեան պահպանման հրամայականին, Ազգային վարչութիւնը կոչ կ՛ուղղէ բոլորին, որ հաւաքական ճիգով կասեցուի հայ նորահաս սերունդին դէպի օտար վարժարան վտանգաւոր հոսքը:

Զ.- Ազգային վարժարաններու պատասխանատուներուն կը թելադրուի արդի ու ժամանակակից դասաւանդման միջոցներու եւ մեթոտներու ներառումով ու հայ հոգեմտաւոր արժէքներու դարբնումին մէջ նոր եռանդ հաստատելով, շարունակաբար նորոգել ու արդիականացնել հայ վարժարանին միջոցներն ու կարելիութիւնները:

Է.- Անկասկած, Ազգային վարժարաններուն համար նիւթական եկամուտի նոր աղբիւրներ գտնելու հարցը Ազգային իշխանութեանց համար կը շարունակէ մնալ հիմնական օրակարգ: Վստահաբար, երբ մեր ժողովուրդը աւելի գուրգուրոտ, պատասխանատու ու գիտակից վերաբերմունք ցուցաբերէ հայ դպրոցին նկատմամբ ու իր լուման առատօրէն ընծայէ անոր յառաջընթացին համար, հայ դպրոցն ալ կը դառնայ աւելի բեղուն իր արդիւնքով ու յաղթական իր երթին մէջ:

                                                                                                                                                         ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

15 փետրուար 2018