Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հաղորդագրութիւն

 

Ահաւասիկ, Ազգային միացեալ վարժարանը բոլորեց իր կրթական անդրանիկ տարեշրջանը:

2017-2018 տարեփակի փուլին, բնական մղումով կը խորհրդածենք, որ թէեւ Ազգային վեց վարժարաններու միաւորման ընթացքը ունեցաւ բարեյաջող արդիւնք, սակայն միաժամանակ, անհրաժեշտ է յիշել, որ տարեշրջանի ընթացքին պարտաւորուեցանք դիմագրաւել բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնք արդիւնք էին միջավայրի փոփոխութեան եւ առարկայական այլ գործօններու:

Անկասկած, տարեշրջանի ամբողջ տեւողութեան, վարժարանի կրթական հմուտ պատասխանատուներն ու ուսուցչական կազմը իրենց կարելին ի գործ դրին, որպէսզի բծախնդիր ու հետեւողական աշխատանքով, աշակերտներուն կրթական կարողականութիւնը բարելաւուի: Ծնողական հանդիպումները եւս դարձան հետեւողական ու յարատեւ, եւ աշակերտակեդրոն ուսումնառութիւնը նոր վարժարանի նորօրեայ երթին առանցքը կազմեց: Ու անկախ այն իրողութենէն, որ տարուան ամբողջ տեւողութեան աւելի՛ լաւին ու աւելի՛ կատարեալին ձգտումը առաջնորդեց վարժարանին կեանքը, պարտինք խոստովանիլ, որ առաջին տարուան համար մեր ունեցած ակնկալութիւններուն մէջ յաւակնոտ չէինք ու հրաշքներ չէինք ակնկալեր: Իրերու այս կացութեան մէջ, պարագան բազմիցս պարզեցինք ու յստակօրէն ծնողներուն թելադրեցինք, որ փորձառական այս փուլին ըլլան իրապաշտ ու պետական քննութիւններէն ակնկալեն համեստ արդիւնքներ:

Ծանօթ իրողութիւն է, որ հայ աշակերտին քայլերը դէպի հայ դպրոց ուղղելու դիտաւորութեամբ, վեց վարժարաններու միաւորման փուլին, Ազգային իշխանութիւններն եւ անոնց ենթակայ կրթական մարմինները աշակերտներուն համար որդեգրեցին շատ թոյլատու պայմաններ եւ գիտակցօրէն առիթ ընծայեցին, որ նորակառոյց վարժարանին մէջ խմբուելով, յաջողակը, միջակն ու տկարը, հաւասարապէս օգտուին նոր վարժարանին ընծայած բարիքներէն, դպրոցական նոր պայմաններու մէջ իրենք զիրենք ճանչնան իրենց ունեցած առաւելութիւններով, թերութիւններով ու վաղուան կեանքի պատկերը ի մտի ունենալով, իւրաքանչիւրը իր ապագան կերտէ աշխատանքով: Միաժամանակ, հայ դպրոցին դիմաց նոր հորիզոն ու ասպարէզ բանալու ցանկութեամբ, պէտք էր նաեւ` արդիականացնել մեր ունեցած կրթական փորձառութիւնը եւ լուծել դպրոցական կեանքին մէջ տասնամեակներէ ի վեր յամեցող բազմաթիւ հարցեր ու խնդիրներ:

Վստահաբար, պետական քննութիւններուն մէջ ձեռք բերուած առաջին տարուան արդիւնքը կարեւոր է, սակայն ոչ ամբողջական չափանիշ է նոր հաստատուած վարժարանի կրթական մակարդակի արժեւորման համար:

Այս առիթը մեզի կը յուշէ, որ մեր ժողովուրդի զաւակներուն առողջ դաստիարակութեան համար, հայ դպրոցը պարտի յաւելեալ ճիգով մերօրեայ կեանքին հետ քայլ պահել, իր աշխատանքին մէջ նոր ուղիներ որոնել ու սեփական պատեանէն դուրս գալով, ինքզինք բարեկարգել եւ ժամանակակից պայմաններ իւրացնել:

Հետեւաբար, անդրանիկ տարեփակի այս փուլին, նախ պէտք է փակուած նկատենք Ազգային միացեալ վարժարանի սկզբնական փորձառական փուլը, որպէսզի այսուհետեւ զայն կարենանք դիտել իր իսկական առաքելութեան ու եռանդին մէջ, ուր շօշափելիօրէն պէտք է երեւին փոփոխութիւնն ու նոր որակի գործունէութիւնը:

Ազգային միացեալ վարժարանը, իր ստանձնած կոչումով ու առաքելութեամբ, գաղութին մէջ նոր յոյս, նոր եռանդ ներշնչող ու ապագայատեսիլ ընթացք հունաւորող հաստատութիւն մըն է: Հետեւաբար, վստահ ենք, որ ի խնդիր սերունդներու առողջ կազմաւորման, մասնագիտական աշխատանքով ու աշակերտներուն հանդէպ ցուցաբերուած հոգածութեամբ, Ազգային միացեալ վարժարանը շուտով պիտի արդարացնէ գաղութին ունեցած ակնկալութիւնները եւ իր արձանագրած յաջողութիւնները հպարտութեամբ պիտի համակեն հայ միջավայրը:

Այս առիթով վարձքը կատա՛ր կ՛ըսենք այն բոլոր ուսուցիչներուն, որոնք նուիրումով եւ գիտակցութեամբ, յաջող աւարտի հասցուցին այս կրթական տարեշրջանը: Վստահաբար, իրենց ճիգին շնորհիւ կարելի եղաւ տարտամ ու շփոթ վիճակներէն դուրս պահել Ազգային միացեալ վարժարանի ուսումնական առաջին տարուան կեանքը, որ միաժամանակ դժուար էր, հետաքրքրական ու բախտորոշ: Պետական քննութիւններուն մէջ իններորդ դասարանէն հետեւեալ աշակերտներուն արձանագրած յաջողութիւնը լաւագոյնս կը հաստատէ ուսուցչական կազմին թափած մեծ ճիգը.

– Սարին Նալպանտեան, Նանոր Թիւթիւնճեան, Ալեքս Հելվաճեան, Ալեքս Լութֆի, Ալին Ճուլֆայեան, Տավիտ Թաշճեան, Սթիվըն Խաչօ, Քրիսթինա Քէօշկերեան (լաւ յիշատակութեամբ), Քեւըն Թահմիզեան, Յովիկ Յովհաննէսեան եւ Քրիստիան Արաբսէիսեան:

Այս առիթով, մեր շնորհաւորութիւնները կը փոխանցենք յաջողած աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն: Յաջողութիւն կը մաղթենք նաեւ քննութեան երկրորդ առիթ ունեցող աշակերտներուն:

Ուսումնական փայլուն արդիւնքներու ակնկալութեամբ, կանխաւ կը շնորհաւորենք նաեւ 12-րդ կարգի մեր շրջանաւարտները եւ իրենց կեանքի երթին մէջ յաջողութիւն կը մաղթենք:

 

ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ