Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հաղորդագրութիւն

Կիրակի, 1 յուլիս 2018-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 5:00, Լիբանանի հայոց թեմի 15 եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ազատ քուէարկութիւն` ընտրելու համար Ազգային երեսփոխանական ժողովին համար 36 աշխարհական երեսփոխաններ: Ընտրութիւնները տեղի ունեցան հեզասահ ընթացքով, խանդավառ մթնոլորտի մէջ ու ապահովական ուժերու անմիջական հսկողութեան ներքեւ:

Ստորեւ կու տանք յառաջիկայ քառամեակին համար Ազգային երեսփոխան ընտրուած մեր հայրենակիցներուն անունները.

Ս. Նշան Մայր եկեղեցի Յակոբ Տէր Ղուկասեան
Ս. Յակոբ եկեղեցի Ծովիկ Գասարճեան-Կիւրիւնեան
Յակոբ Լատոյեան
Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի Յակոբ Թերզեան
Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցի Սերոբ Օհանեան
Սարհատ Արիստաքէսեան
Վրէժ Ճինպաշեան
Գառնիկ Մկրտիչեան
Ս. Վարդանանց եկեղեցի Րաֆֆի Սիսլեան
Ս. Սարգիս եկեղեցի Նորա Բարսեղեան
Արազ Գոճայեան
Ս. Աստուածածին եկեղեցի Գօգօ Եսայեան
Վաչէ Նաճարեան
Հիլտա Պայրամեան
Վահան Գասարճեան
Կարօ Սալխանեան
Յակոբ Ճղըլեան
Գարիլ Առաքելեան-Մոմճեան
Ֆանարի մատուռ Աւետիս Կիտանեան
Արծիւ Տէր Խաչատուրեան
Ռաուտայի մատուռ Աւետիս Տաքէսեան
Հրայր Գէորգեան
Ս. Յարութիւն եկեղեցի-Ժունիէ Սեպուհ Յովնանեան
Պետիկ Սապունճեան
Յակոբ Գ. Հաւաթեան
Յակոբ Բագրատունի
Մարալ Թիւթէլեան-Կիտանեան
Վիգէն Թարխանեան
Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեան
Սիւզի Մամուլեան-Սեմերճեան
Ս. Յարութիւն եկեղեցի-Ռըմէյլ Տիգրան Գալայճեան
Ս. Գէորգ եկեղեցի Կիրակոս Տօնիկեան
Ս. Պօղոս եկեղեցի-Այնճար Վիգի Գարագաշեան-Այնթէպեան
Փանոս Մանճեան
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի-Զահլէ Կարպիս Պչաքճեան
Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցի-Թրիփոլի Ֆիլիփ Բարակսեան

Յայտնենք, որ յառաջիկայ օրերուն, Լիբանանի հայոց թեմի հոգեւորականաց համագումարը պիտի ընտրէ թեմի եկեղեցական վեց երեսփոխանները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ