Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հաղորդագրութիւն

Ազգային առաջնորդարանի գերեզմանատուներու բարեզարդման աշխատանքներու շրջագիծին մէջ, աւարտեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան նորոգութիւններու աշխատանքներուն առաջին փուլը: Գերեզմանատան մուտքն ու գլխաւոր անցքերը, սալայատակները եւ ընդունարանը նորոգուեցան, հիմնական անցքին վրայ տեղադրուեցան նստարաններ եւ մեծ ծածկոյթ մը:

Այս աշխատանքները կատարուեցան Հրայր, Լորի եւ Հայկ Պօղոսեաններուն կողմէ` ի յիշատակ իրենց ողբացեալ մեծ հօր ու մեծ մօր` Հայկազ եւ Սրբուհի Պօղոսեաններուն:

Այս առիթով, շնորհակալութեան խօսք ունինք ազնիւ բարերարներուն, որոնք օրը-օրին ե՛ւ նիւթապէս, ե՛ւ բարոյապէս նեցուկ կանգնեցան այս ծրագիրի իրականացման եւ մօտէն հետեւեցան կատարուող աշխատանքներուն:

Յայտնենք, որ Ազգային առաջնորդարանը Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ նաեւ տեղադրեց լուսանկարչական արդիական սարքեր եւ համապատասխան լոյսեր` ամբողջացնելով բարեզարդման ծրագիրներու երկրորդ փուլը: Վստահաբար, տակաւին կան այլ ծրագիրներ, որոնք փուլային դրութեամբ ընթացք պիտի առնեն:

Կը հաստատենք, որ այս ճիգերը յառաջիկային եւս պիտի շարունակուին Ազգային առաջնորդարանին պատկանող Ֆըրն Շըպպեքի, Զահլէի, Ժալալայի, Այնճարի, Պրումմանայի, Սայտայի, Ժունիէի, Ղազիրի, Ժիպէյլի եւ Թրիփոլիի գերեզմանատուներուն մէջ: Բարեզարդման աշխատանքներուն զուգահեռ նաեւ տեղի պիտի ունենան օրինականացման աշխատանքները` ճշդուած համապատասխան կարգ-կանոնով:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

1 հոկտեմբեր 2018
Պէյրութ – Լիբանան