Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հաղորդագրութիւն

Նկատի ունենալով, որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Սրբազնագոյն կաթողիկոս 2019-ը «Հայ մամուլի տարի» հռչակած է, անսալով վեհափառ հայրապետի կոչին, Լիբանանի հայոց Ազգային առաջնորդարանը ծրագրած է կարգ մը նախաձեռնութիւններ, որոնց մասին օրը-օրին պիտի հաղորդէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

Առաջին փուլին, կը հրաւիրենք լիբանանահայ տպագիր եւ ելեկտրոնային մամուլի հին եւ նոր բոլոր սպասաւորները եւ լիբանանահայութիւնը ուրբաթ, 12 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ` մասնակցելու Մեծ պահքի հսկումի ժամերգութեան, որուն աւարտին Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ հոգեհանգիստ պիտի կատարուի «վասն համայն ննջեցեալ մշակացն լիբանանահայ մամլոյ» եւ այս առիթով պիտի լսենք Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը:

Առաւել, 2019-ի ընթացքին, յատուկ ձեռնարկով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը «Գիր օրհնութեան» պիտի շնորհէ լիբանանահայ մամուլի բոլոր սպասաւորներուն: Առ այդ, որպէսզի ոեւէ անձ մոռացութեան չմատնուի, կը խնդրենք հայ մամուլի հին եւ նոր խմբագիրներէն եւ աշխատակիցներէն, որ մինչեւ 31 մայիս Առաջնորդ Սրբազան հօր ուղղուած նամակով փոխանցեն հայ մամուլի լիբանանաբնակ սպասաւորներուն անուն մականունը, ամբողջական հասցէն (հեռախօս եւ ե-նամակ ներառեալ) եւ աշխատակցած մամուլին անունը, որպէսզի մեզի հասած ցանկին համաձայն օրին «Գիր օրհնութեան»-ը յանձնուի: