Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հաղորդագրութիւն

 

Այսու գոհունակութեամբ կը հաղորդենք, որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Գերպ. Տէր Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան կը նշանակուի Պեքաայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ:

Վստահ ենք, որ հայր սուրբը հաւատարմութեամբ ու նուիրումով պիտի կատարէ իրեն վստահուած կարեւոր այս աշխատանքը եւ Ազգային առաջնորդարանիս հետ համախորհուրդ, Զահլէի, Այնճարի, Շթորայի եւ Ռայաքի շրջաններու եկեղեցական կեանքին աշխուժացման համար ընծայէ իր կարողութիւններուն լաւագոյնը:

Բարձրօրէն գնահատելով Լիբանանի հայոց թեմին մէջ իբրեւ քարոզիչ հայր սուրբին տարած աշխատանքը, սրտանց կը մաղթենք, որ Պեքաայի շրջանին մէջ եւս իր գործունէութեամբ արժանանայ բոլորին սիրոյն ու գնահատանքին: