Ուրբաթ, 24 յուլիս 2020-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ գումարուած Լիբանանի հայոց թեմի երեսփոխանական ժողովի նիստին, թեմի կանոնագրութեան համաձայն, երկամեայ շրջանը աւարտելէ ետք, ազգային երեսփոխանները ժողովին դիւանը կազմեցին հետեւեալ ձեւով.
– Ատենապետներ` Պետիկ Սապունճեան եւ Կարօ Սալխանեան
– Քարտուղարներ` Վիգի Գարագաշեան-Այնթապլեան եւ Արազ Գոճայեան: