Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հաղորդագրութիւն

Ազգային Միացեալ վարժարանին բարոյական եւ նիւթական զօրակցութիւններուն ծիրին մէջ, երեքշաբթի, 3 յունուար 2017-ին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը «Ուալիտ Պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան տնօրէն եւ փոխնախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէի ներկայացուցիչ Ապտել Սալամ Մարինիի եւ Ազգային վարչութեան, Ուսումնական խորհուրդի եւ Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի գործակցութիւններու կարելիութիւնները, եւ այս շրջագիծին մէջ «Ուալիտ Պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութիւնը ստանձնեց Ազգային միացեալ վարժարանի համակարգչային ընդհանուր համակարգի, 59 համակարգիչներու, երկրորդական բաժինի «Սմարթ պորտ»-երու եւ ե-գրադարանային արդի համակարգի հաստատման նիւթական ծախսերը: Արդի արհեստագիտութեան օգտագործման նպաստող այս ձեռքբերումը մեծապէս կը նպաստէ, որ Ազգային միացեալ վարժարանի կրթական համակարգին մէջ իրականանան արդի մանկավարժական-կրթական ծրագիրները:

Յայտնենք, որ նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէ չորեքշաբթի, 27 յուլիս 2016-ին, ընկերակցութեամբ` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, այցելած էր վարժարան եւ մօտէն ծանօթացած շինարարական աշխատանքներուն, իսկ չորեքշաբթի, 23 նոյեմբեր 2016-ին ներկայ գտնուած էր Ազգային Միացեալ վարժարանի բացման պաշտօնական հանդիսութեան: Սոլհ-Համատէ բարձրօրէն գնահատած էր Ազգային Միացեալ վարժարանի շինարարական աշխատանքը եւ խոստացած` ապահովել «Ուալիտ Պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան զօրակցութիւնը:

Այս առիթով, Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանն ու Ազգային վարչութիւնը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեն «Ուալիտ Պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան եւ ի մասնաւորի կառոյցի փոխնախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէին, եւ կը յուսան, որ յառաջիկային եւս շարունակուի երկկողմանի գործակցութիւնը` իրականացնելու նորահաս սերունդի որակաւոր կրթութեան ապահովման նորանոր ծրագիրներ:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ