Անցնող շաբաթավերջին Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն էր: Առ այդ, ուրբաթ, 13 յունուար 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում: Շաբաթ, 14 յունուարի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսաւ մատաղի պատրաստութիւնը, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը:
Կիրակի, 15 յունուարի առաւօտեան, Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ թաղի մուտքին տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի: Ապա, գլխաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամներուն, դպրաց դասուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին, թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այս առիթով մատուցեց Ս. պատարագ:
«Անապատին մէջ աղաղակողին ձայնը կ՛ըսէ. պատրաստեցէ՛ք Տիրոջ ճամբան եւ հարթեցէ՛ք անոր շաւիղները». իր պատգամին իբրեւ բնաբան սուրբ գրային այս նախադասութիւնը առնելով Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան մէջբերեց Յովհաննէս Մկրտիչի խօսքը, որ անապատին մէջ առանձնացած` իրեն կը կանչէր բազմութիւնը, թելադրելով, որ Տիրոջ գալստեան ճամբան պատրաստեն եւ հարթեն այն շաւիղները, ուրկէ Աստուած իրենց կեանքին մէջ պիտի գայ հաստատուելու: Սրբազան Հայրը անդրադառնալով Ղուկասու աւետարանի 2-րդ գլխուն բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս Զաքարիա անունով քահանայ մը եւ իր կինը` Եղիսաբէթ, որոնք իրենց առօրեան կ՛ապրէին Տիրոջ պատուիրաններուն գործադրութեամբ եւ հաւատարմութեամբ, իրենց յառաջացած տարիքին ունեցան զաւակ մը, որուն անունը, ըստ հրեշտակի թելադրանքին, դրին Յովհաննէս, որ նոյնինքն Յովհաննէս Մկրտիչն էր: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ այդ մանուկը բարեպաշտական մթնոլորտի մէջ աճելով մեծցաւ եւ անապատ քաշուելով ապաշխարութեան որոշ ժամանակամիջոց մը անցընելէ ետք բոլոր ազգերը իրեն հրաւիրեց զանոնք ապաշխարութեան յորդորելով: «Յովհաննէս Մկրտիչ Աստուծոյ կողմէ աշխարհ ղրկուած առաքեալ էր, եւ Աստուած կամեցաւ, որ անոր միջոցով իր միածին Որդւոյն գալստեան ճամբան պատրաստուի», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը` նկատել տալով, որ մեր զաւակներն ալ Աստուծոյ կամքով աշխարհ ղրկուած առաքեալներ են, որպէսզի պատրաստեն մեր ժողովուրդի մեծ իտէալներուն եւ երազներուն տանող ճամբան, աւելցնելով, որ առանց մեր զաւակներուն մասնակցութեան` մեր կեանքը դատարկ է:
Եզրափակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը կոչ ուղղեց ներկաներուն եւ ըսաւ. «Դուք մեր զաւակներուն դիմաց օրինակ հանդիսացէ՛ք եւ պատրաստեցէ՛ք այդ ճամբան, որուն հետեւելով ձեր զաւակները ձեր կեանքին մէջ ներկայութիւն պիտի դառնան եւ ձեզի հետ միասին մասնակից դառնան ձեր կեանքի բոլոր արտայայտութիւններուն, տենչերուն եւ իտէալներուն, որոնք իբրեւ պարտականութիւն մեզ կանխող սերունդները փոխանցեցին մեզի»:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Այնուհետեւ «Ալ Նախիլ» ճաշարանին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան` նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի:
Օրուան հանդիսավար Մարալ Վարդապետեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, նկատել տուաւ, որ 2016-ը դժուար տարի մըն էր զանազան մարզերու մէջ` ընկերային, քաղաքական, նիւթական եւ այլն: Ան հրաւիրեց բոլորը 2017-ի սեմին նոր յոյսերով, նոր ապրումներով եւ դրական նոր մօտեցումով դիմաւորելու Նոր տարին:
Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Արտաշէս Գասարճեան խօսք առնելով նշեց, թէ հակառակ անոր որ 2016 թուականը տագնապալից տարի մըն է, սակայն անոր աւարտը եղաւ լուսաբեր եւ բեղուն: Ան յայտնեց, որ «2016-ի աւարտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հովուապետական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի թեմ` բաշխելով իր օրհնութիւնը, զօրացնելով մեր քրիստոնէական հաւատքը եւ ամրապնդելով մեր ազգային կեանքն ու արժէքները»` աւելցնելով, որ վեհափառ հայրապետը նաեւ այցելեց Հալէպ` անգամ մը եւս հաստատելով իր հայրական առաքելութիւնը` անձամբ ներկայ գտնուելով հալէպահայ ժողովուրդի կողքին: Գասարճեան նշեց նաեւ, որ 2016-ին իրականացաւ հին երազ մը, եւ լիբանանահայութիւնը ունեցաւ նոր կառուցուած արդիական Ազգային միացեալ վարժարանը, որպէսզի հայ աշակերտը հանգիստ պայմաններու մէջ ստանայ հայեցի դաստիարակութիւն, կրթութիւն եւ ուսում: Ակնարկելով Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ` ան նկատել տուաւ, որ 82 տարի առաջ կառուցուած սոյն եկեղեցին յաջողած է հաւատք, յոյս եւ սէր ճառագայթել հայ ժողովուրդի զաւակներուն` պահելով հայկական քրիստոնէական արժէքները եւ աւանդութիւնները, սակայն ներկայիս եկեղեցին կարիքը ունի վերանորոգութեան` շարունակելու համար իր առաքելութիւնը: Եզրափակելով իր խօսքը` Գասարճեան կոչ ուղղեց բարերարներուն եւ ժողովուրդին, իրենց համեստ ներդրումով աջակցելու եկեղեցւոյ նորոգութեան աշխատանքին:
Այնուհետեւ խօսք առաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ յայտնեց, թէ երբ եկեղեցիներու անուանակոչութեանց առիթով ներկայ կը գտնուի սիրոյ սեղաններուն, առաջին մտածումը որ կ՛ունենայ այն կամաւոր աշխատանքն է, որ մեր եկեղեցիները իրենց մարմիններով կը տանին տասնամեակներէ ի վեր: Անդրադառնալով Հայաշէնի շրջանին` Բագրատունի հաստատեց, որ Հայաշէնը ամուր էր եւ ամուր կը մնայ կամքովը այն հայաշէնցիներու, որոնք կը շարունակեն մնալ Հայաշէնի մէջ եւ իրենց փոքրիկ տուներէն մէկական Հայաստան շինած են: Շարունակելով իր խօսքը` երեսփոխան Բագրատունի կոչ ուղղեց բոլոր հայաշէնցիներուն, Լիբանանէն ներս թէ այլուր, չմոռնալու Հայաշէնը, Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցին, ակումբը` նկատել տալով, որ ամուր մնալու համար անհրաժեշտ է ճիգ, ջանք եւ աշխատանք ի գործ դնել:
Անդրադառնալով Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2017 տարին «Վերանորոգման եւ վերականգնումի տարի» հռչակուելուն` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ պատերազմէն ետք շատ բան կորսնցուցինք եւ եթէ միշտ մենք զմեզ ամուր պահելու ճիգը չթափէինք, վստահաբար ներկայիս շատոնց կորսուած պիտի ըլլար սփիւռքի թիւ 1 գաղութը` լիբանանահայութիւնը, որ իր հայկականութեամբ, կորովով, աշխուժութեամբ, նիւթական առատաձեռնութեամբ կը հասնի Արցախէն Հայաստան եւ մինչեւ գրաւեալ հողեր: «Վերականգնումի կոչը կը մնայ սոսկ խօսք, եթէ եկեղեցիներ, միութիւններ, կուսակցութիւններ այդ կոչը չվերածեն իրականութեան», հաստատեց երեսփոխան Բագրատունի: Եզրափակելով իր խօսքը` ան կոչ ուղղեց հայաշէնցիներուն, նաեւ Լիբանանի այլ շրջաններու մէջ ապրող հայութեան, աշխուժութեամբ եւ կորովով մնալու սփիւռքահայութեան կեդրոն Լիբանանի մէջ` աւելցնելով, որ Լիբանանը պիտի զօրանայ, խաղաղի եւ մարդիկ պիտի զղջան, որ զայն լքած են:
Սիրոյ սեղանին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն հաւաքին համար` աւելցնելով, որ երբ միասին ենք` ուրախ եւ ապահով ենք: Ան յայտնեց, որ սերունդներ իրենց հաւատքն ու քրտինքը միախառնելով, հոգեւոր եւ ազգային կեանք ծաւալած են, աւելցնելով, որ մենք անոնց ժառանգորդներն ենք եւ պէտք է անոնց օրինակին հետեւինք: «Մենք ամուր ենք մեր եկեղեցիներով, մեր վարժարաններով, մեր ակումբներով, մեր կառոյցներով, մեր մարմիններով, զորս իբրեւ հաւատքի եւ հաւատարմութեան արտայայտութիւն նախորդ սերունդները յառաջացուցին, որպէսզի սփիւռքեան պայմաններուն մէջ հայութեան շունչը երկարի», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը` կոչ ուղղելով կառչած մնալու այդ բոլորին, որպէսզի անոնցմով նոր կեանք, նոր եռանդ յառաջանայ մեր հաւաքական կեանքին մէջ:
Սիրոյ սեղանին ընթացքին գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Անայիս Կէտիկեան եւ Շաքէ Պաղտասարեան, որոնք ներկայացուցին երգերու փունջ մը: