Անցնող շաբաթավերջին Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն էր: Առ այդ, կիրակի, 13 յունուար 2019-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս` ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի եւ Լեւոն աբղյ. Եղիայեանի, այցելեց Հայաշէն, ուր արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան, որմէ ետք առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամներուն, դպրաց դասուն եւ հայաշէնահայութեան, թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր Սրբազան Հայրը այս առիթով մատուցեց Ս. պատարագ:
Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ, ընդառաջելով իր խնդրանքին, ծաղկեայ փիլոն կրելու իշխանութիւն շնորհեց եկեղեցւոյ հովիւ Վարդան քհնյ. Մարտիրոսեանին եւ հրաւիրեց ներկաները, որ յոտնկայս ունկնդրեն վեհափառ հայրապետին սրբատառ կոնդակը:
Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ, Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի ծննդեան դրուագին ակնարկելով Սրբազան Հայրը մէջբերեց Ղուկասու աւետարանի հետեւեալ համարը. «Արդեօք այս մանուկը ինչպիսի՞ մէկը պիտի ըլլայ: Եւ Տիրոջ զօրութիւնը անոր հետ էր»: Առաջնորդ Սրբազանը իր մտածումները կեդրոնացուց Աստուծոյ զօրութեան եւ մեր կեանքին մէջ ունեցած ներգործութեան վրայ: Անդրադառնալով Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին` Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, թէ եկեղեցին հաւատացեալներու խումբն է, որ մեր պարագային կ՛ապրի Աստուծոյ զօրութեամբ եւ հայոց պատմութեան կշռոյթով:
Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը գնահատեց եկեղեցւոյ հովիւը, թաղականութիւնը եւ բոլոր սպասաւորները, ինչպէս նաեւ Հայաշէնի շրջանի հայկական բոլոր կառոյցներու պատասխանատուները` յանձնարարելով, որ եկեղեցւոյ տօնը առիթ հանդիսանայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն նոր եռանդով ծառայելու:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Այնուհետեւ ՀՅԴ «Ռոստոմ» ակումբի «Սարգիս Աճէմեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Օրուան հանդիսավար Սեւան Կարապետեան-Ադամեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն հրաւիրեց Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Արտաշէս Գասարճեանը` ուղղելու իր խօսքը: Գասարճեան իր խօսքին մէջ կեդրոնացաւ մեր աւանդութիւնները այնպէս ինչպէս որ են պահելու անհրաժեշտութեան վրայ` շեշտելով, որ իր աւանդութիւնները մոռցող կամ անտեսող ազգը անպայմանօրէն պիտի ձուլուի եւ կորսուի: Ան նկատել տուաւ, որ հայաշէնցիները այս գիտակցութեամբ համախմբուած են եկեղեցւոյ շուրջ եւ կը մասնակցին տօնախմբութեան ու մատաղի պատրաստութեան: Գասարճեան գնահատեց եկեղեցւոյ հովիւին աշխատանքը եւ շնորհաւորեց զայն ծաղկեայ փիլոն կրելու պատիւին արժանանալուն առիթով: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն եւ նուիրատուներուն:
Այս առիթով, եկեղեցւոյ թաղականութիւնը ոսկի խաչով մը պարգեւատրեց թաղականութեան կազմէն Արշակուհի Տէր Խաչատուրեանը` Ազգային Թորգոմեան եւ Ազգային Գէորգ Չաթալպաշեան վարժարաններուն մէջ իբրեւ ատակ ուսուցչուհի անոր ունեցած 49 տարուան վաստակին եւ ջամբած հայեցի դաստիարակութեան ու ազգային գիտակցութեան համար, իսկ դպրաց դասի անդամները յուշանուէր մը յանձնեցին Տէր Վարդանին:
Հայր Լեւոն գնահատեց Վարդան քհնյ. Մարտիրոսեանի տարած աշխատանքը Լիբանանի, նաեւ Սուրիոյ Եագուպիէ գիւղին մէջ, ուր ապրած էր ժամանակին:
Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Հայաշէնի հայութիւնը համախումբ կը շարունակէ ազգին, եկեղեցիին եւ կառոյցներուն շուրջ մնալ ու գործել:
Սիրոյ սեղանին ընթացքին գեղարուեստական յայտագիրով ազգային-հայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցաւ երգիչ Նժդեհ Պոտրումեան, իսկ եկեղեցւոյ դպրաց դասը մեկնաբանեց փունջ մը շարականներ: