Հայաստանի Հանրապետութեան 105-ամեակին առիթով, կիրակի, 28 մայիսին, յընթացս ս. պատարագի, Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նուիրուած մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն:
Առ այդ, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ արարողութեան նախագահեց եւ եռագոյն դռօշի օրհնութիւնը կատարեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:
Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը անդրադառնալով Հոգեգալստեան տօնին` դիտել տուաւ, որ այդ տօնին առիթով քրիստոնէական եկեղեցին բարձրաղաղակ կը հռչակէ, որ մենք նաեւ կը հաւատանք, թէ Սուրբ Հոգին ճշմարիտ Աստուած է, աւելցնելով, որ առօրեայ պայքարներուն մէջ հաւանաբար առիթ չենք ունենար խորհելու երրորդութեան մասին եւ առ հասարակ մեր աղօթքները միայն կ՛ուղղենք Աստուծոյ կամ Քրիստոսի` մոռնալով, որ կայ նաեւ երրորդ դէմք մը աստուածութեան, որ Ս. Հոգին է, մղիչ այն զօրութիւնը, որ աշխարհէն ներս կը պահէ եւ կը շարժէ Քրիստոսի հաստատած եկեղեցին:
Սրբազան Հայրը պատմական ակնարկ մը նետեց Քրիստոսի հաւատաւոր հետեւորդներուն դիմաց Ս. Հոգիի երեւման դէպքին մասին` հաստատելով, որ Քրիստոսի աշակերտները Ս. Հոգիի զօրութեամբ կերպարանափոխուեցան եւ Աւետարանի քարոզչութեան աշխատանքը աշխարհին տանելով` հաստատեցին ամէնուրեք Քրիստոսի եկեղեցին` իբրեւ Քրիստոսի կենդանի մարմինը` որպէսզի Իրմով սկիզբ առած փրկագործական աշխատանքը աշխարհէն ներս շարունակուի:
«Ս. Հոգին է, որ դարեր շարունակ պահեց եւ պահպանեց Քրիստոսի եկեղեցին: Ս. Հոգիով կերպարանափոխուած ու զօրացած բոլոր սուրբերն ու մարտիրոսները իրենց կեանքը ընծայաբերեցին, որպէսզի աստուածային ճշմարտութիւնները երկրաւոր պայմաններուն մէջ արմատաւորուին եւ կեանքի վերածուին: Ս. Հոգին էր, որ հեթանոս աշխարհի պայմաններուն մէջ յեղաշրջեց մարդոց ըմբռնողութիւնը, որպէսզի աստուածային յոյսով առաջնորդուի մարդը աշխարհէն ներս, բայց դարեր ետք տակաւին Ս. Հոգին կը մնայ մեծագոյն անծանօթը բոլորին համար», հաստատեց Սրբազան Հայրը` բացատրելով, որ մեր եկեղեցւոյ քարոզներու ճամբով լսած ենք Ս. Հոգիի մասին, բայց չենք հասկցած, մեր վերաբերումը չենք փոխած եւ կը շարունակենք հետեւիլ աշխարհի ընթացքին` մոռնալով, որ Ս. Հոգիի զօրութեամբ միայն կրնանք կերպարանափոխուիլ ու դառնալ նոր մարդ արարած: Եկեղեցին Յարութեան տօնէն 50 օրեր ետք կը նշէ Ս. Հոգիի հոգեգալստեան հրաշալի դէպքը եւ զայն կը յիշատակէ ոչ որպէս պատմական առիթ, այլ որպէսզի մենք ալ սթափինք եւ անդրադառնանք, որ զԱստուած մեզի հետ ունինք եւ պէտք է ձգտինք Զինք զետեղել մեր սրտերուն ու մեր հոգիներուն մէջ, որպէսզի Ինք բարեկարգէ մեզ եւ տանի դէպի աստուածային Իր փառքին ու շնորհքներուն:
«Այսօր մեր եկեղեցին նաեւ մեզ կը հրաւիրէ վեր նայելու բոլոր այն դէմքերուն, որոնք 1918 թուականին եւ այնուհետեւ Հայաստանի անկախութեան ու ազատութեան բագինին վրայ իրենց կեանքը զոհաբերեցին: Այսօր մեր եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ յիշելու, որ տագնապներով եւ տեսակաւոր դժուարութիւններով լեցուն այս պատմութեան էջերուն մէջ կայ լուսաւոր էջ մը` մայիս 28-ով ապահովուած ազատութեան եւ անկախութեան հրաշալի ու եզակի իրողութիւնը», շարունակեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ մեր առօրեայի ընթացքին հաւանաբար շատ չենք մտածեր մեր ազգի ազատութեան եւ անկախութեան մասին, այլ սակայն` տարին օր մը, եւ մայիս 28-ի նուիրական առիթով պարտաւոր ենք Հայաստանի մէջ կամ սփիւռքի տարածքին քով-քովի գալով` մեր հայեացքը վեր բարձրացնել եւ խունկ ու աղօթք ընծայել անոնց յիշատակին, որոնք հերոսական մարտնչումով, արեան հեղումով մեր ազգին պարգեւեցին ազատութիւն ու անկախութիւն` 600 տարիներու ստրկական պայմաններէն ետք:
«Այսօր խօսքով օծեցինք մեր ազգի ազատութեան եւ անկախութեան եռագոյն դրօշակը` աղօթելով, որ Աստուած ամրացնէ Հայաստանի ազատութիւնն ու անկախութիւնը, նաեւ` աղօթելով, որ մեր ազգի զաւակները անեղծ պահեն պատմութեան աւանդը, որպէսզի բազում տագնապներով ձեռք բերուած ազատութիւնն ու անկախութիւնը յարատեւեն եւ մեր ժողովուրդի կեանքը ուղղեն դէպի վերելք», շեշտեց Առաջնորդը` նկատել տալով, որ այս տարի դժուար պայմաններու մէջ, նաեւ լուրջ մտահոգութիւններու եւ դժուարութիւններու մէջ կը նշենք Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը: Ան ըսաւ, որ բազմաչարչար Արցախը քաղաքական անարգ դէպքերու պատճառով զոհուելու դատապարտուած կը թուի ըլլալ եւ կը շարունակէ իր պատեանին մէջ կծկուած վիճակով պայքարիլ ու յարատեւել եւ, վստահաբար, նաեւ կրնայ վեր բարձրանալ ու յարատեւել, եթէ պարզապէս ի սփիւռս աշխարհի հայութիւնը հեռուէն դիտելու փոխարէն` նաեւ բռունցք դառնայ, իր ազգային շահերուն պաշտպանութեան համար ընծայէ եւ ընծայաբերէ, որպէսզի այդպիսով մեր ժողովուրդին կեանքը ուղղուի դէպի վերելք:
Եզրափակելով իր քարոզը` Սրբազան Հայրը աղօթեց, որ Աստուած յարատեւութիւն եւ պայծառութիւն պարգեւէ մեր հայրենիքին, նաեւ աղօթեց, որ հին հերոսներուն հետ նոր հերոսներ ծնին մեր ժողովուրդին գիրկէն, որպէսզի ազատութեան եւ անկախութեան երազը փայփայելով` զայն մեծցնենք եւ մեր ժողովուրդը տանինք իր իտէալներուն ու դարաւոր երազներուն: