Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին Առիթով Միջյարանուանական Աղօթք Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով ուրբաթ, 24 ապրիլ 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 12:30-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ միջյարանուանական աղօթք` մասնակցութեամբ հայ առաքելական, աւետարանական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներուն:

Աղօթքի ճամբով, առցանց հետեւող հաւատացեալ ժողովուրդին իրենց պատգամները ուղղեցին երեք յարանուանութեանց ներկայացուցիչները:

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան իր աղօթքին մէջ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, մեր Տէրը, քու փառքդ հզօր է, քու գութդ` անհուն եւ քու սէրդ` անպատմելի: Այսօր այս տաճարին մէջ միասնական աղօթքով կը մօտենանք քու սուրբ ներկայութեանդ եւ կը պաշտենք քեզ ամենայն երկիւղածութեամբ ու վստահութեամբ, որովհետեւ դուն մեր մէջ ներկայ ես: Կու գանք քեզի, որովհետեւ դուն ես մեր կեանքի յոյսն ու լոյսը, մեր ապաւէնն ու փրկութիւնը: Ո՛վ Աստուած, յիշատակելի այս օրուան մէջ կը յանձնուինք քեզի, իբրեւ ազգ, եկեղեցի, ընտանիք եւ անհատ, որպէսզի շարունակես մխիթարել մեզ եւ սուրբ խօսքովդ զօրացնել մեզ: Ո՛վ արդար Աստուած, քու սուրբ ձեռքերուդ կը յանձնենք մեր արդար Դատը եւ կ’աղօթենք, որ մեր հայկականութեան պարգեւես նորոգեալ հոգի, հոգի նուիրման, հոգի սրբութեան եւ հոգի ծառայութեան: Քու խօսքովդ իմաստուն ըրէ՛ մեզ, որպէսզի ըմբռնենք իմաստը Ցեղասպանութեան մեծ աղէտին եւ առաջնորդուինք քաջութեամբ ու խոհեմութեամբ: Ո՛վ փրկարար Աստուած, լեցո՛ւր մեզ անմար յոյսով, որպէսզի երբ մեր ազգի աղէտներն ու այս աշխարհի պատուհասները կը յիշատակենք ու կը դիմագրաւենք, այդ բոլորը կատարենք անսակարկ հաւատքով, երկնային իմաստութեամբ եւ անմեղ վստահութեամբ: Սորվեցո՛ւր մեզի քու կամքդ ընտրել մեր բոլոր ծրագիրներուն մէջ, եթէ նոյնիսկ անհասկնալի ըլլան մեզի քու խորհուրդներդ եւ ճամբաներդ: Տէ՛ր Աստուած, քու անհուն սիրովդ եւ զոհողութեամբդ յիշէ՛ եւ առաջնորդէ՛ մեր ազգը, հայրենիքը, սփիւռքը: Հաստատէ՛ ու պահպանէ՛ մեզ մեր բարի ընթացքին մէջ, որպէսզի մեր մարտիրոսութիւնը հաւատքի վկայութեան վերածենք քու փառքիդ համար եւ մեր Փրկչին` Յիսուս Քրիստոսի անունով, ամէն»:

Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան իր աղօթքին մէջ ըսաւ. «Ո՛վ նահատակներ, երկնաւոր հօր սիրեցեալներ: Թոյլ տուէ՛ք մեզի ձեր լուսաւոր դէմքերը, մեզի փոխանցեցէք գաղտնիքը ձեր ամբողջական նուիրումին եւ ձեր սիրոյն Քրիստոսի, աւետարանին եւ եկեղեցւոյն հանդէպ: Ո՛վ քաջապաշտ հայ նահատակներ, դուք, որ աճեցաք Նարեկացիի մատեանով, լուսաւորեցէ՛ք մեր միտքերը, որպէսզի գիտնանք ապրիլ հայոց նահատակութիւնը մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ: Սո՛ւրբ վկաներ, կը յիշենք ձեզ եւ կը փառաւորենք զԱստուած, ամէն»:

Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան իր աղօթքին մէջ ըսաւ. «Օրհնեալ ես, ո՛վ տիեզերքի արարիչ մեր Աստուածը, պարգեւիչ ամէն բարիքներու եւ յաջողութիւններու: Ահաւասիկ երախտապարտ հոգիով գոհութեամբ կը փառաւորենք քեզ, որովհետեւ մեզ դարձեալ արժանի կը դարձնես քու անունովդ հաւաքուելու եւ խոստովանելու ահեղ զօրութիւնդ ու անբաւ մարդասիրութիւնդ: Կը խնդրենք քեզմէ, Տէ՛ր, որ սրբես մեղքով ծանրաբեռնուած մեր բնութիւնը, սուրբ սիրով ամրապնդես մեր եղբայրութիւնը, երկնային լոյսով պայծառացնես մեր միտքը եւ անխախտ պահես աստուածութեանդ հանդէպ մեր ունեցած հաւատքն ու յոյսը, որպէսզի աստուածահաճոյ արարքներով զօրացած առանց փորձանքի հասնինք քու երանական հանգիստիդ: Բարերա՛ր Տէր, այսօր հաւաքուած ենք միասնաբար ոգեկոչելու 1915 թուականին քրիստոնէական կրօնի եւ հայրենիքի համար իրենց կեանքը զոհած մեր սուրբ նահատակները: Կը խնդրենք քեզմէ, Տէ՛ր, օրհնէ՛ անոնց պաշտելի յիշատակը, որովհետեւ անոնք լուսաւորուած մեր Տիրոջ ու Փրկիչին`  Յիսուս Քրիստոսի հաւատքով, գերադասեցին ընդունիլ գիտակից մահն ու նահատակութիւնը: Մեր ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ կենդանի պահէ, Տէ՛ր, մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն օրինակը եւ օգնէ՛  մեզի, որպէսզի անոնց թողած կտակին համաձայն դէպի պարկեշտ նպատակ ուղղուած մնան մեր կեանքն ու արարքները: Այս սուրբ տաճարին մէջ միասնաբար կը խնդրենք նաեւ քեզմէ, Տէ՛ր, որ զօրացնես հայրենիքն ու աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները, որպէսզի բոլորս միասին յարատեւող ըլլանք արդարութեան համար մեր տարած աշխատանքներուն մէջ ու մեր սուրբ նահատակներուն բարեխօսութեամբ հասնինք մեր հաւաքական սպասումներու պսակումին: Յատկապէս մեր այսօրուան տագնապալի կեանքի պայմաններուն մէջ քեզմէ կը խնդրենք, Տէ՛ր, որ բարոյական կորով ու հոգեւոր քաջութիւն շնորհես բոլորիս, որպէսզի քեզմէ եկող խաղաղութեան ու ապահովութեան շնորհիւ աստուածութեանդ կամքին նկատմամբ մնանք գիտակից եւ մեզի վստահուած բոլոր պարտականութիւններուն ընդմէջէն յօժարակամ հոգիով ու կատարեալ նուիրումով քեզ միայն անդադար պաշտենք եւ օրհնաբանենք, Հայր, Որդի եւ Սուրբ հոգի, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից ամէն»:

Միջյարանուանական աղօթքը վերջ գտաւ Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ: