Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Ոգեկոչական Աշակերտական Հաւաք` Անթիլիասի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգի եւ երկրորդականի 1000 աշակերտներու, երեքշաբթի, 25 ապրիլի կէսօրէ առաջ ժամը 10-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին նուիրուած աշակերտական հաւաք` ներկայութեամբ Լիբանանի թեմի Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, վարչութեան անդամ Լիզա Պաստաճեանի, դիւանապետ Պարոյր Տէր Ղուկասեանի, Ազգային Ուսումնական խորհուրդի անդամներու եւ մասնակից վարժարաններու տնօրէններու եւ պատասխանատու ուսուցիչներու:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներէն ներկայացուցիչներ իրենց վարժարաններուն անունով ծաղկեպսակներ զետեղեցին Ցեղասպանութեան նահատակաց յուշարձան-մատրան առջեւ:

Հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտ Մարիա Խաչատուրեան: Առաջին հերթին ան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու մեր 1,5 միլիոն նահատակներուն եւ մեր պայքարի ճամբուն վրայ զոհուած բոլոր հերոսներուն յիշատակը: Ան յայտնեց, որ այսօր մեզ միացնողը առիթն է` Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակը: Մեզ միացնողը համահայկական մեր Դատն է ու տեսլականը, ազատ մարդու, անկախ պետականութեան եւ միացեալ հայրենիքի գաղափարը,  հայու անպարտելի ոգին է, զոր դարերէ ի վեր կը փորձէ սպաննել մեր յաւիտենական թշնամին, աւելցնելով, որ ներկայ աշակերտներուն փաղանգը կը ներկայացնէ Ցեղասպանութեան ժառանգորդներուն 5-րդ սերունդը: Խաչատուրեան ըսաւ, որ եթէ մեր անձնական կեանքերը կը տարբերին, ապա մեր ազգային կեանքը կը հետապնդէ մէ՛կ նպատակ` Հայ դատի յաղթանակ, աւելցնելով, որ այնքան ատեն որ Հայ դատը կը մնայ անլոյծ ու ցեղասպանը` անպատիժ, թոյլատրելի չէ, որ երիտասարդութիւնը դիտողի կրաւորական դերին մէջ մնայ, եւ այնքան ատեն որ մեր հողերը կը մնան բռնագրաւուած ու մեր իրաւունքները` բռնաբարուած, արդարանալի չէ՛, որ տկարացումներ, անպատասխանատու կեցուածքներ եւ յուսախաբութիւններ ունենանք: Ան շեշտեց, որ պահանջատէր հայը չի լռեր, այլ կը գոռայ, եւ յորդորեց ներկայ աշակերտներ` գօտեպնդելու հաւաքական իրենց կամքը եւ ամրապնդելու համահայկական ու միասնական մեր պայքարը` վերանորոգելով մեր սրբազան ուխտը:

Այնուհետեւ գեղարուեստական յայտագիրով Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի աշակերտ Արմէն Մխճեան թաւջութակի վրայ նուագեց երաժշտական կտոր մը, որմէ ետք Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը ներկայացուց խմբային արտասանութիւն մը, ապա Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աշակերտ Նարեկ Ալիեմեզեան շեփորի վրայ նուագեց երաժշտական կտոր մը:

Օրուան պատգամը յղեց Դաւիթ Գազանճեան: Ան ըսաւ, որ 108 տարի անցած է Հայոց ցեղասպանութեան արարքէն եւ 108 տարի ետք հաւաքուած ենք իբրեւ հայկական վարժարաններու աշակերտներ, որոնք հայերէն կը խօսին եւ հայ լեզուով կ՛արտայայտուին, ինչ որ փաստ մըն է թուրքին պարտութեան եւ հայուն յաղթանակին: Ան խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` ըսաւ, որ մենք յաղթած ենք, որովհետեւ ունինք ձեզի նման հայ ուսանողներ, որոնք պիտի շարունակեն պայքարի երթը, մինչեւ որ հասնինք մեր գերագոյն նպատակին: Ան յայտնեց, որ ներկայիս Հայաստանը, Արցախը վիրաւոր են, սակայն պարտուած չեն, որովհետեւ մենք պիտի շարունակենք պայքարը թրքահաճոյ բոլոր արարքներու դէմ:

Գազանճեան նկատել տուաւ, որ այս հաւաքը տարբեր բնոյթ ունի, եւ հաւաքուած ենք` իբրեւ մէկ ընտանիք, իբրեւ հայ աշակերտներ, աւելցնելով, որ մենք պէտք է մեր յառաջիկայ աշխատանքները դասաւորենք, ծրագրենք եւ յառաջանանք: Ան շեշտեց, որ առաջին հերթին, իբրեւ ուսանողներ, պէտք է սորվինք հայ լեզու, հայ գրականութիւն, հայոց պատմութիւն, նաեւ` գիտական նիւթեր, որոնց պէտք է տիրապետենք հաւասարապէս: Երկրորդ, մեր սորվածը պէտք է տարածել համայն աշխարհին եւ ծանօթացնել հայ լեզուն, Հայ դատի աշխատանքները, ցոյց տալու համար, որ մենք կանգ, պիտի մնանք ու պիտի գոյատեւենք, եւ երրորդ` պէտք է պահպանել մեր հայկականութիւնը: Գազանճեան շեշտեց, որ մեր պայքարը պիտի շարունակուի վերոյիշեալ երեք կէտերով, եւ եթէ յաջողինք զանոնք իրագործել, վստահաբար պիտի հասնինք մեր գերագոյն նպատակին:

Ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը մեկնաբանեց փունջ մը երգեր:

Հաւաքին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան: Ան նկատել տուաւ, որ 108 տարիներ անցած են այն մեծ ոճիրէն, որ իր պատասխանը չէ ստացած, սակայն եթէ ամէն ապրիլ 24-ին միայն պիտի հաշուենք, թէ քանի՛ տարի անցած է Հայոց ցեղասպանութէնէն, սակայն պիտի չհամրենք այն օրերը, թէ ե՞րբ պիտի տեսնենք Հայաստանը` անկախ, ամբողջական, ազատ, հայը` իր իրաւունքներով, ե՛րբ մեր հողերը ազատ պիտի շնչեն. այս հաւաքը կ՛ըլլայ միայն սուգ եւ Մեզի իբրեւ հայ ժողովուրդի, արտօնելի չէ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը սուգի վերածենք:

Շէրնէզեան վրդ. դիտել տուաւ, որ ամէն անգամ, երբ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչում կը կատարենք, մեր սիրտը երկուքի բաժնուած կ՛ըլլայ. սրտին մէկ բաժինը յարգանքով, երկիւղով, յուզումով կը լեցուի մեր պապերուն հանդէպ, որոնք իրենց արիւնը թափեցին մեր հողին, մեր հայրենիքին, մեր հաւատքին համար, իսկ սրտին միւս բաժինը վրէժով կը լեցուի, որովհետեւ հայ ժողովուրդը զուրկ մնացած է իր իրաւունքներէն ու արդարութիւն կը պահանջէ եւ տակաւին անոր պատասխանը չէ ստացած, իսկ ցեղասպան թուրքը եւ ազերին ոչ միայն մնացած են անպարտ, այլեւ կը շարունակեն ցեղասպանութիւն գործել մեր ժողովուրդին եւ մեր հայրենիքին հանդէպ: Հայր սուրբը ըսաւ, որ այն նոյն սրտով է, որ այս օրերուն մենք կը նայինք դէպի Արցախ, ուր տակաւին մեր ժողովուրդը այսօր ցեղասպանութեան վտանգը կը դիմագրաւէ, սակայն անոր դիմաց պայքարի սիրտ ցոյց կու տայ: «Մեր նահատակներուն սուրբ մասունքները վկայ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը վկայ, Արցախը մերն է եւ մերն ալ պիտի մնայ: Արցախը սրբութիւն է: Արցախը չի ծախուիր: Եւ մենք` իրբեւ հայ աշակերտներ, սփիւռքահայեր, անոր պատասխանը պիտի տանք: Թող այս մեր աշակերտական հաւաքը պատգամ ըլլայ ամբողջ սփիւռքին, հայրենիքին, Հայաստանին, Արցախին, որ մենք մեր Դատին տէրն ենք: Պիտի պայքարինք, մինչեւ որ մեր իրաւունքներուն տիրանանք», շեշտեց հայր սուրբը` յորդորելով աշակերտները վերանորոգելու իրենց ուխտը, հաւատալով, որ մեր ձեռքն է մեր փրկութիւնը եւ զայն պիտի կերտենք մեր ձեռքով: Ապա «Պահպանիչ»-ով ան փակեց իր խօսքը:

Աշակերտական հաւաքը իր լրումին հասաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

Յայտնենք, որ հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ հետեւեալ վարժարանները. Ազգային Միացեալ վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձարգոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան, Հայ Աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան,  ՀԲԸՄ-ի վարժարան, Թէքէեան վարժարան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք: