Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հայ Աշակերտ Հովանաւորելու Ծրագիրի Նուիրատուներու Գնահատանքի Հաւաք

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, երեքշաբթի, 7 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ի չորս եւ չորսէ աւելի աշակերտ հովանաւորած նուիրատուներու յուշանուէրներու բաշխման հաւաք:

«Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ի պատասխանատու Սարին Շէմէմեան իր բացման խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ սոյն ծրագիրի մեկնակէտն է զօրակցիլ նիւթական դժուարութիւն ունեցող աշակերտներուն: «Գնահատանքի նախաձեռնութիւնները բարերարներուն դերը արժեւորելէ անդին միջոց են ստեղծելու քաջալերական մթնոլորտ այլ անհատներու մօտ, որպէսզի ուրիշներ եւս միեւնոյն թափով օգտակար դառնան նշեալ ծրագիրին», հաստատեց Ս. Շէմէմեան` աւելցնելով, որ յունիս ամսուան աւարտին բոլոր բարերարները պիտի ստանան իրենց հովանաւորութիւնը վայելող աշակերտներուն շնորհակալական գծագրութիւնները եւ նամակները:

Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքին մէջ յայտնեց, որ հայ դպրոցը մեր հաւաքական մտահոգութեան, տագնապին, յաջողութեան եւ տեսլականին առարկան է` աւելցնելով, որ բոլորս ալ ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն առնչուած ենք հայ դպրոցին հետ: «Հայ դպրոցը հայ ընտանիքին, հայ եկեղեցւոյ եւ մեր հայկական բոլոր կառոյցներուն կողքին ունի իր անփոխարինելի տեղը եւ դերը, եւ դուք ու ձեր նման բազմաթիւ հայորդիներ Լիբանանի մէջ թէ անկէ դուրս այս բոլորին խոր գիտակցութիւնն ու պատասխանատուութիւնը զգացիք եւ պատրաստակամօրէն լիաբուռն կերպով ընդառաջեցիք մեր կոչին ու զօրակցեցաք հայ դպրոցին», հաստատեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս` աւելցնելով, որ ասկէ մեկնելով, իբրեւ Ազգային իշխանութիւն մեր բոլոր մարմիններով անգամ մը եւս մեր յանձնառութիւնը վերանորոգեցինք միասնաբար հայ դպրոցը մեր պատկերացուցած եւ մեր ակնկալած բարձրութեան վրայ տեսնելու հրամայականը եւ այսօր անգամ մը եւս եկած ենք վերանորոգելու մեր հաւաքական նախանձախնդրութիւնը եւ գործակցութիւնը հայ դպրոցին նկատմամբ:

Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց բոլորին` շեշտելով, որ ինչ որ կը կատարենք` մեր բոլորին մասնակցութեամբ կը կատարուի, եւ այդ է գրաւականը մեր յաջողութեան: Ան նկատել տուաւ, որ երբ կը մասնակցինք հայապահպանման սրբազան առաքելութեան, խորապէս կը զգանք, թէ երբ բան մը կու տանք մեր անձէն, մեր կարելիութիւններէն, մեր էութենէն` այդ տրուածը կը դրուի մեր հաւաքական գանձանակին մէջ, այս պարագային հայ կրթութեան, հայ մարդու պատրաստութեան, հայ դպրոցի գանձանակին մէջ, եւ այդ ձեւով մեր տուածը կը բազմապատկուի եւ կը ծառայէ իր նպատակին:

Եզրափակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը կրկին անգամ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլորին հայ դպրոցը իր պայծառութեան մէջ, հայ աշակերտը իր յաջողութեան մէջ եւ մեր բոլորին հաւաքական ճիգերը մեր հաւաքական գիտակցութեան մէջ տեսնելու իրենց պատրաստակամութեան համար:

Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց ծրագիրի մասնակիցներուն: Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: