Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, ուրբաթ, 30 նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ի մեկնարկը:
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Հուրի Փափազեան-Էմմիեան: Ան յայտնեց, որ սոյն ծրագիրը շարունակութիւնն է արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող «Սան որդեգրելու ծրագիր»-ին` նպատակ ունենալով զօրակցիլ հայ աշակերտին եւ հայ դպրոցին: Ան հաստատեց, որ սոյն աշխատանքին կարեւորութիւնը հասկնալու համար պէտք է յիշել, որ հայ դպրոցը սովորական դպրոց մը չէ, այլ` վաղուան հայ մարդը պատրաստող դարբնոցը, որուն շրջանաւարտները պիտի շարունակեն մեր գործը` դառնալով ապագայի ղեկավարները, մեր հասարակական եւ ազգային կեանքի մշակներն ու գործիչները, կամ առնուազն պիտի կարենան հայեցի դաստիարակութեամբ կրթել իրենց զաւակները:
Իր խօսքի աւարտին Հուրի Փափազեան-Էմմիեան նկատել տուաւ, որ Ազգային առաջնորդարանը այս ծրագիրին համար վերահաստատած է համապատասխան բաժանմունք մը, որուն պարտականութիւնն է համակարգել աշխատանքները եւ ըլլալ միջնորդը նուիրատուին եւ աշակերտին միջեւ` աւելցնելով, որ յառաջիկայ օրերուն համապատասխան գործակցութիւն պիտի ստեղծուի առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբին հետ, որպէսզի կարիքաւոր աշակերտներու ճիշդ ընտրութիւն կատարուի:
Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Գեղուհի Պողարեան իր սրտի խօսքին մէջ անդրադարձաւ 1924 թուականին Հալէպի մէջ հիմնուած Այնթապցիներու կրթասիրաց վարժարանին, թէ ինչպէս 38 ազգասէր այնթապցիներ 98 օսմանեան ոսկիի փոխատուութեամբ հիմնած են վարժարանը: Ան նկատել տուաւ, որ քառասուն տարի ետք Սուրիոյ եւ Լիբանանի տարածքին կառուցուեցան 11 վարժարաններ:
Դոկտ. Պողարեան ըսաւ, որ 1924 թուականը ժամանակի հասկացողութեամբ շատ հեռու չէ 1915-էն, հետեւաբար կարելի է որոշ վստահութեամբ ըսել, թէ այն անձերը, որոնք դրամահաւաքին մասնակից եղած են, ցեղասպանութեան արհաւիրքներէ ճողոպրածներ եղած են, սակայն կարելիութեան սահմաններուն մէջ տուած են իրենց առաւելագոյնը: «Թէ ինչո՞ւ տուած են: Վստահաբար ո՛չ փառքի տիրանալու սին մարմաջով, ո՛չ ալ շահաբեր գործառութիւն մը կատարած ըլլալու համոզումով, այլ` խոր հաւատքով, որ հայեցի ուսման ճամբով կարելի պիտի ըլլար լաւագոյնս տէր ըլլալ հայ ազգի բեկորներուն եւ պատրաստել ուսումնապէս բաւարար պաշարի տիրացած ապագայի առողջ հայ սերունդները», հաստատեց դոկտ. Պողարեան:
Շարունակելով իր խօսքը` ան նկատել տուաւ, որ անցեալին պատահած իրադարձութիւններու յիշատակութիւնը կը միտի լուսարձակի տակ առնել այն իրողութիւնը, թէ վերեւ յիշուած դրուագներէն տասնամեակներ ետք, այդ վարժարաններու աշակերտները, այժմու ծնողացած սերունդներն ու իրենց զաւակները, նոյնքան ազգասիրութեամբ, բայց աւելի պարարտ քսակներով, կառչած կը մնան հայեցի դաստիարակութեան առանցքային կարեւորութեան, այս անգամ դիմադրելու համար ձուլումի եւ ապազգայնացումի վտանգներուն` մերօրեայ եաթաղաններուն:
«Այսօր, այստեղ ձեր ներկայութեամբ, անգամ մը եւս կու գաք հաւաքաբար նորոգելու ձեր հայրերուն եւ պապերուն հաւատքը` հանդէպ հայ դպրոցին, գլխագիր դպրոցին, որ դժբախտաբար շատ բան կորսնցուցած է իր անցեալի փառքէն` արդէն իսկ այլասերած յոռետեսներու ակնոցով դիտուած», շեշտեց դոկտ. Պողարեան եւ եզրափակելով իր խօսքը հաստատեց, որ անցեալէն քաղուելիք դասերը պերճախօս են: Այսօր ալ կարելի է հաւաքական ջանքերով, հայու վայել ուսումնասիրութեամբ, նախնիներու հեռատեսութեամբ եւ հաւատքով դարձեալ հաւաքուիլ հայ դպրոցին շուրջ` բարոյապէս եւ մանաւանդ նիւթապէս սատարելու հայ դպրոցին, մեր դպրոցին, որ գրաւականն է այլասերումի, ձուլումի եւ համաշխարհայնացումի դէմ պայքարի յաջողութեան:
Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան իր ելոյթին մէջ սոյն նախաձեռնութիւնը նկատեց մարդասիրական, նաեւ հիմնական հարցեր լուծող քայլ մը, որուն համեստ մասնակցութիւն բերելով պիտի նուազի ծնողքին նիւթական բեռը, եւ աշակերտը առիթը պիտի ունենայ շարունակելու դպրոցը եւ կատարեալ ուսում ստանալու: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն ծրագիրին մեր համեստ մասնակցութեամբ մենք աջակցած կ՛ըլլանք նաեւ դպրոցին, որ կարենայ իր պարտաւորութիւնները կատարել, հետեւաբար մենք օգտակար դարձած կ՛ըլլանք, որ այդ կրթական հաստատութիւնը գոյատեւէ: «Եթէ մենք տրամադիր ենք, որ մեր կառոյցները շարունակեն գործել, մեր ուսուցիչները ամսական գանձեն, մեր աշակերտները դպրոց երթան, մենք մեր չնչին մասնակցութեամբ շատ բան կրնանք իրականացնել յօգուտ ուսուցիչին, աշակերտին, ազգին ու հաւաքականութեան» հաստատեց Աւետիս Կիտանեան` աւելցնելով, որ սոյն նախաձեռնութիւնը իր պարզութեան, դիւրութեան եւ համեստութեան մէջ շատ կարեւոր է:
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ հայ աշակերտը դրամահաւաք չէ, դպրոցի շէնք չէ, կրթական ծրագիր չէ, այլ երգող, ասմունքող, նուագող մեր զաւակներն են: «Ես շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իմ հոգեւոր եղբօրս` Գեղամ սրբազանին, որ օրին ունեցաւ այս տեսիլքը, ծրագրեց եւ յաջողցուց», շեշտեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ այսօր հովանաւորել հայ աշակերտը կը նշանակէ այսօր հովանաւորել վաղուան հայ մշակը, որուն փաղանգին մէջ կը մտնէ ամէն հայորդի, որ հայեցի գիտակցութեամբ ինքզինք կը նուիրաբերէ մեր բոլոր կառոյցներուն, սրբութիւններուն եւ արժէքներուն: «Այն ներդրումը, որ այսօր մենք կը կատարենք` հայ դպրոցին մէջ հայ աշակերտ հովանաւորելով, երկարաժամկէտ ներդրում մըն է, որուն արդիւնքը պիտի քաղենք, երբ օր մը մեր զաւակներն ու թոռները գրաւեն այս աթոռները եւ իրենց զաւակներն ու թոռները անցնին այս բեմին վրայ: Այն ատեն պիտի զգանք, թէ ի՛նչ երախտարժան աշխատանք կատարած ենք», ըսաւ Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ մեր ծով կարիքներուն դիմաց կաթիլ մը պիտի դնենք հայակերտումի նուիրական առաքելութեան գանձանակին մէջ: «Բայց չմոռնանք, որ ազգերու պատմութեան մէջ կաթիլներ կան, որոնք սրբութիւններ են: Երբ մենք հայ եկեղեցւոյ սուրբ աւազանին մէջ մկրտուելէ ետք կը դրոշմուինք, կաթիլ մը միւռոնն է, որ մեզ հայ քրիստոնեայ կը դարձնէ, բայց այդ կաթիլին մէջ խտացած են քսան եւ աւելի դարերու մեր հաւատքը, մեր մաքառումը, մեր մշակոյթը, մեր սրբութիւնները, սուրբերը եւ հերոսները», շեշտեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ նոյնն է պարագան այս ծրագիրին:
Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազանը բացատրեց, թէ «Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ի խորհրդանշանը իր կեդրոնը ունի սուրբ խաչը, որ հայ քրիստոնէական հաւատքն ու ինքնութիւնն է, հայ գիրքը, որ մեր մշակոյթն է իր լայն հասկացողութեան մէջ, լիբանանեան մայրին, որ մեր լիբանանահայ ըլլալուն արմատն է, եւ այս բոլորը` «այբ, բեն, գիմ»-ի կշռոյթով:
Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին իրենց ասպետական ընդառաջումին եւ իրենց անվերապահ զօրակցութեան ցուցաբերման համար սոյն նուիրական ծրագիրին նկատմամբ` աւելցնելով, որ իրենց օրինակին պիտի հետեւին Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին գտնուող բազմաթիւ հայորդիներ, որոնք նախապէս աջակցած եւ զօրակցած էին Ազգային վարժարաններուն: «Անոնք կը սպասէին այս առաջին զանգին, եւ դուք, մենք բոլորս իբրեւ լիբանանահայութիւն հնչեցուցինք այդ զանգը, որ շարունակական ղօղանջող մեր առաքելութիւնը պիտի առաջնորդէ դէպի հայ դպրոց», հաստատեց Սրբազան Հայրը եւ եզրափակելով իր խօսքը շեշտեց, որ կարեւորը չափը չէ, այլ` մասնակցութիւնը, որ հայորդիներուն իւրայատկութիւնը կը բնորոշէ: Մենք պէտք է մասնակցինք այն բոլոր նախաձեռնութիւններուն, որոնք մեզ հայ կը պահեն եւ մեզ հաւաքաբար հայ ըլլալու հպարտութեան մէջ կը պահեն: «Շարունակենք մեր զօրակցութիւնը հայ դպրոցին, հայ եկեղեցիին, հայ ակումբին, հայ ընտանիքին, հայ մշակոյթին, մեր հայրենիքին եւ մեր բոլոր կառոյցներուն, որոնք հայութեամբ կը պահպանուին, կը բարգաւաճին եւ կը շարունակուին», ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազանը:
Գեղարուեստական յայտագիրով, Ազգային Միացեալ վարժարանէն Արազ Էլէյճեան ասմունքեց Պեպօ Սիմոնեանի «Արմատ» բանաստեղծութիւնը, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի երգչախումբը մեկնաբանեց «Ով մեծասքանչ դու լեզու», «Խօսք իմ որդուն», «Ջան Հայաստան» երգերը, Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճէն Կայէլ Գրիգորեան քանոնի վրայ նուագեց երաժշտական կտորներ, նաեւ տեսերիզի վրայ ցուցադրուեցաւ օրուան խորհուրդը ներկայացնող թատրոն մը` կատարողութեամբ Ազգային վարժարաններու աշակերտութեան:
Յայտնենք, որ «Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ին մեկնարկը սկսաւ 118.500 ամերիկեան տոլարի հանգանակութեամբ:
Սոյն ծրագիրով իւրաքանչիւր հայորդի կարելիութիւն կ՛ունենայ հովանաւորելու աշակերտ մը` 250 տոլարի նուիրատուութիւն կատարելով նախաձեռնութեան: