Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հայ Գիրերու Գիւտի Եւ Սրբոց Թարգմանչաց Պանծացման Նուիրուած Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ

Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, գործակցութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 8 հոկտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ` երգեցողութեամբ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի: Պատարագը մատուցեց եւ օրուան պատգամը ուղղեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:

Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզին սկիզբը անդրադարձաւ 387 թուականին տեղի ունեցած դէպքերուն, որոնք ճգնաժամային պայմաններ ստեղծած էին Հայաստանի մէջ` զայն բաժնելով Բիւզանդական կայսրութեան եւ Պարսկաստանի միջեւ: Ան յայտնեց, որ այդ պայմաններուն մէջ աստուածային նախախնամութիւնը հայ ժողովուրդին կը պարգեւէ երեք մեծ դէմքեր, որոնք իբրեւ զիրար ամբողջացնող երրորդութիւն նուիրեալ ճիգով կը ձգտին ազատարարները ըլլալ մահ ու կենաց պայմաններ դիմագրաւող մեր ազգին:

Արդարեւ, Ս. Սահակ Պարթեւ կաթողիկոս, Մեսրոպ Մաշտոց եւ Վռամշապուհ թագաւոր զգալով, որ ստեղծուած աննախընթաց եւ ծանր պայմաններուն մէջ հայ ժողովուրդը միայն իր սեփական նկարագիրով կրնայ գոյատեւել, կը ստանձնեն իրականացնել պարտականութիւն մը, որ բարոյական, մշակութային եւ հոգեւոր լուսաւորութեան պիտի առաջնորդէր ամբողջ հայ ազգը:

«5-րդ դարուն, հայկական այբուբենի գիւտին շնորհիւ, լուսաւորութեան դարաշրջան մը կը բացուի հայոց պատմութեան մէջ, եւ Աստուածաշունչի թարգմանութեամբ սկիզբ առած հոգեւոր եւ մտաւորական զարթօնքը ո՛չ միայն անկախ կը դարձնէ հայ եկեղեցին եւ կը զօրացնէ քրիստոնէական հաւատքը հայութեան մօտ, այլեւ` Հայաստանի բոլոր մասերուն մէջ հաստատուած կրթական ուսումնարաններու եւ դպրոցներու շնորհիւ, լուսաւորութեան դարագլուխ մը կը բացուի ազգային դպրութեան ոլորտին մէջ», հաստատեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ Սահակ Պարթեւ, Մեսրոպ Մաշտոց եւ Վռամշապուհ թագաւոր կրցան ճշգրտօրէն ըմբռնել ժամանակի պայմանները եւ յաջողեցան գտնել միջոց մը, որպէսզի դէպի անդունդ տանող վայրէջքէն վեր բարձրանայ հայ ազգը եւ արժանաւոր կերպով կանգնի համաշխարհային մշակոյթներու բարձրակէտին հասած ազգերուն կողքին:

Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Գիրերու գիւտը մեր ազգի կեանքին մէջ տեղի ունեցած այն եզակի իրողութիւններէն է, որ հայոց պատմութեան մէջ հրաշքի համազօր եւ աստուածային օժանդակութեան հանգամանքներով ներկայացուած է` աւելցնելով, որ 5-րդ դարուն միայն Գիրերու գիւտը չկատարուեցաւ եւ մշակութային Ոսկեդար չկերտուեցաւ հայութեան կեանքին մէջ, այլեւ տագնապահար ու ձուլման վտանգին ենթակայ հայութիւնը վճռեց չմեռնիլ եւ այդ պատճառով բոլորը պայքարեցան, որպէսզի ազգովին քալեն դէպի իմացական լոյս եւ իրենց կեանքին համար ստեղծեն մնայուն որակ:

«Թարգմանչաց տօնի այս նուիրական առիթով, պէտք է դարձեալ ուխտաւորի հոգիով դառնանք մեր պատմութեան լոյսին եւ զգանք, որ մեզ ուրիշներէն զանազանողը, մեզի ինքնութիւն տուողը, մեզի տարբեր խորք, տարբեր կեցուածք ու հոգեկան արժէքներ պարգեւող ուժը մեր ազգային դարաւոր մշակոյթն է, որուն հետ պէտք է դարձեալ մտերմանանք: Եթէ կ՛ուզենք ապրիլ, պարտինք նոր գիտակցութեամբ պաշտպանել ազգային մշակութային, իմացական, կրօնական եւ բարոյական այն բոլոր արժէքները, որոնք կորիզը հանդիսացան մեր ազգային գոյութեան», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ եզրափակելով իր խօսքը յորդորեց ներկաները նոր գիտակցութեամբ շրջապատելու եւ պաշտպանելու մեր ազգի լուսաւորութեան հարազատ ցոլքը հանդիսացող հայ դպրոցը եւ այն կառոյցներն ու հաստատութիւնները, որոնք մեր մէջ մշակոյթ կը տարածեն եւ կը պաշտպանեն:

Պատարագի աւարտին Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, նաեւ «Գուսան» երգչախումբին, որոնց հետ համադրաբար յաջողած էին կազմակերպել սոյն աղօթքի հոգեպարար եւ գեղեցիկ առիթը:

Ապա երգչախումբը մեկնաբանեց «Որք զարդարեցին» շարականը, նուիրուած` Սրբոց Թարգմանչաց տօնին: